«Շնչառութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 172.
 
Հիւանդ մարդուն քիթի եւ բերանի խոռոչէն հազալու, փռնկտալու, խօսելու եւ նոյնիսկ արտաշնչման ժամանակ դուրս կը թափին բազմաթիւ ջրային կաթիլներ, որոնք կը պարունակեն հիւանդաբեր [[մանրէ]]ներ։ Այդ մանրէները կրնան թափանցել առողջ մարդու մարմին օդակաթիլային ճանապարհով եւ առաջացնել շնչառական անդամներու բազմաթիւ հիւանդութիւններ, ինչպէս հարբուխը, թոքախտը, փողացաւը, տիֆթերիան եւ այլն։
 
=== Հարբուխ ===
Ժահրային սուր վարակիչ հիւանդութիւն է։ Վարակը հիւանդէն առողջին կը փոխանցուի օդակաթիլային միջոցով։ Հիւանդին հազալու, փռնկտալու եւ խօսելու ժամանակ արտաշնչուած օդի եւ ցայտած թիւքի ոպ լորձունքի կաթիլներուն մէջ գտնուող հարուցիչները կ'անցնին առողջ մարդու շնչուղիները ու կը վարակեն զայն։ Վարակը կը փոխանցուի նաեւ հիւանդին իրերը օգտագործելով։ Հարբուխի հարուցիչները կը տեղակայուին մարդու վերին շնչուղիներուն լորձաթաղանթին մէջ, որոնք կը բորբոքին. կ'արտադրուի մեծ քանակով լորձունք, որ դժուարացնէ շնչառութիւնը։ Հիւանդին ջերմութիւնը կը բարձրանայ. կը զգայ սարսուռ, թուլութիւն, գլխացաւ, հազ, առատ արտադրութեամբ փռնկտոց եւ փսխում։
 
Հարբուխը կը նկատուի «կայծակային արագութեամբ» տարածուող հիւանդութիւն, շատ յաճախ կ'առաջացնէ համաճարակ։ Զայն կանխելու համար անհրաժեշտ է հիւանդը մեկուսացնել եւ պահպանել առողջական կանոնները։
 
=== Կարմրուկ ===
Ժահրային սուր վարակիչ հիւանդութիւն է, որ կը տարածուի օդակաթիլային ճամբով, վերի շնչուղիներու լորձաթաղանթով, որուն բնորոշ են հարբուխի նման երեւոյթներու առաջացում, ջերմաստիճանի բարձրացում, եւ [[մաշկ]]ին վրայ մանր կարմիր ցան։ Հիւանդին անհրաժեշտ է մեկուսացնել համապատասխան բուժում տալու համար։ Շատ կարեւոր է հիւանդին խնամքը,[[վիթամին]]ներով հարուստ սնունդը, մաքուր [[օդ]]ը։ Հիւանդացած մարմինին մէջ կը մշակուի հարուստ [[դիմադրողականութիւն]]։ Կարմրուկին դէմ արհեստական անընկալութիւն կը ստեղծուի հակակարմրուկային պատուաստանիւթով։
 
=== Թոքախտ ===
Հարուցիչները հիւանդէն առողջ մարդուն մարմինին մէջ կը թափանցեն օդակաթիլային ճամբով եւ կը տեղակայուին [[թոք]]երուն մէջ, հոն կը ստեղծուի բորբոթային օճախ։ Աստիճանաբար ախտահարուին մեծ թիւով թոքաբշտիկներ, եւ [[հիւսուածք]]ը կրնայ մահանալ։ Հիւանդին ջերմաստիճանը քիչ մը կը բարձրանայ, կ'առաջանայ մշտական հազ, աշխատունակութեան նուազում։ Հիւանդին անպայման անհրաժեշտ է հիւանդանոցային, առողջարանային դեղամիջոցներով բուժում, բարձր ջերմուժ վիթամիններով հարուստ սնունդ, չոր, արեւոտ կացարան, մաքուր օդ, հանգիստ։ Հիւանդութիւնը կանխելու համար նորածինի կեանքի առաջին շաբաթը նախապաշտպանական պատուաստումներ կը կատարեն։
 
=== Թոքի քաղցկեղ ===
Յաճախ կը հանդիպի ծխող մարդոց մէջ։ Որոշ խոռոջներու էպիթելային [[հիւսուածք]]ը կը կազմափոխուի եւ կ'աճի դէպի հարեւան հիւսուածքներ։ Հիւանդին մօտ յաճախ է ի յայտնկու գայ չոր հազ ու հիւծուածութիւն։ Հիւանդութեան ախտանշաններէն է ավշային [[գեղձ]]երու մեծնալը։ Հիւանդութեան ախտորոշումը
կատարուի [[ռենտհեն]] նկարահանման միջոցով։
 
 
 
== Ծանօթագրութիւններ ==