«Ուիքիփետիա:Ամսուան Յօդուածը/08-2020» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
[[Պատկեր:Claude Monet, Impression, soleil levant.jpg|մինի|Քլոտ Մոնէ, «Տպաւորութիւն․ Արեւածագը»|alt=|250x250փքս]]
'''[[Տպաւորապաշտութիւն]]''' (ֆր.՝ Impressionisme < impression - տպաւորութիւն), գեղարուեստի շարժում՝ ԺթԺԹ. դարու վերջաւորութեան եւ Ի. դարու սկիզբին։ Ծագած է ֆրանսական գեղանկարչութեան մէջ, [[1860 թուական|1860]]-ական թուականներու վերջաւորութեան եւ [[1870 թուական|1870]]-ական թուականներու սկիզբին, որու ռահվիրաները եղած են՝ [[Եդուարդ Մանէ|Էտուար Մանէ]] (''Édouard Manet''), Էտկար Տեկա (''Edgar Degas''), Քլոտ Մոնէ (''Claude Monet''), Քամիլ Փիսսարօ (''Camille Pissarro''), Ալֆրետ Սիսլէ (''Alfred Sisley'') եւ [[Ռենուար|Օկիւսթ Ռենուար]] (''Auguste Renoir'')։
 
Տպաւորապաշտութիւն ''Impressionisme'' սահմանումը սկսած է գործածուիլ [[1874 թուական|1874]]-ին, [[Փարիզ|Փարիզի]] գեղանկարչութեան ցուցահանդէսէն ետք, ուր կը ցուցադրուի Քլոտ Մոնէի «Տպաւորութիւն՝ Ծագող Արեւը» («Impression Soleil levant», [[1872 թուական|1872]], [[Փարիզ]]) նկարը։ Պատահականօրէն ընտրուած սահմանումը կ'ընդգծէ շարժման, ոճին էական կողմը՝ յարաշարժ իրականութեան տպաւորութիւններու եւ ապրումներու հետ կապուած պահերուն անմիջական արտացոլումը։ Կը յատկանշէ ԺԹ. դարու Ֆրանսական մշակոյթը․․․ [[Տպաւորապաշտութիւն|'''Աւելին'''<big>'''⇒'''</big>]]