«Շնչառութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 187.
Յաճախ կը հանդիպի ծխող մարդոց մէջ։ Որոշ խոռոջներու էպիթելային [[հիւսուածք]]ը կը կազմափոխուի եւ կ'աճի դէպի հարեւան հիւսուածքներ։ Հիւանդին մօտ յաճախ է ի յայտնկու գայ չոր հազ ու հիւծուածութիւն։ Հիւանդութեան ախտանշաններէն է ավշային [[գեղձ]]երու մեծնալը։ Հիւանդութեան ախտորոշումը
կատարուի [[ռենտկեն]] նկարահանման միջոցով։
 
== Բոյսերու շնչառութիւն ==
Բոյսերուն մեծ մասը լոյսին տակ կ'արտադրէ [[թթվածին]], սակայն միաժամանակ բջիջներուն մէջ տեղի կ'ունենայ նաեւ հակառակ գործընթացը՝ թթուածինը կ'օգտագործուի շնչառութեան ընթացքին։ Սենեակին մէջ, ուր կան շատ բոյսեր, գիշերը կարելի է հետեւիլ, թէ ինչպէս կը նուազի թթուածինի խտացումը, եւ կը բարձրանայ [[ածխաթթու կազ]]ի խտացումը։
 
Իրականութեան մէջ, բոյսերու կենդանի [[բջիջ]]ներուն մէջ շնչառութիւնը տեղի կ'ունենայ շուրջօրեայ։ Պարզապէս, լույսի տակ լուսաբաղարկման (photosynthesis) պատճառով արտադրուած թթուածինի քանակը կը գերազանցէ կլանուած թթուածինի քանակին։ Այնպէս ինչպէս կենդանական բջիջներուն մէջ, այնպէս ալ բուսական բջիջներուն մէջ բջիջային շնչառութիւնը տեղի կ'ունենայ յատուկ բջիջային մանր անդամներու՝ [[միթոքոնտրիումներ]]ուն մէջ։
 
Բուսական եւ կենդանական բջիջներու մէջ մասնիկային մակարդակով ընթացող բջիջային շնչառութեան իրականացման ընդհանուր սկզբունքները նման են։ Սակայն կախում ունի այն հանգամանքին հետ, որ բոյսերը կը վարեն յարաբերականօրէն անշարժ կեանք, անոնց [[նիւթափոխանակութիւն]]ը անընդհատ պէտք է նկատուի արտաքին փոխուող պայմաններուն, անոր համար ալ բոյսերու բջիջային շնչառութիւնը ունի որոշ առանձնայատկութիւններ ([[օքսիտացում|օքսիտացման]] լրացուցիչ եղանակներ, այլ [[ֆերմենտներ]])։
 
Շրջակայ միջավայրի հետ [[կազափոխանակութիւն]]ը տեղի կ'ունենայ [[հերձանցք]]ներու եւ կեղեւի ճեղքերուն միջոցով ([[ծառեր]]ուն պարագային)։
 
== Ծանօթագրութիւններ ==