«Կապոյտ հազ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «Կապոյտ հազ-խեղդահազը ({{lang-en|Whooping cough-pertusis}}) սուր վարակիչ (infectious) հիւանդութիւն մըն է եւ կը յատկանշու...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

14:10, 1 Օգոստոս 2020-ի տարբերակ

Կապոյտ հազ-խեղդահազը (անգլերէն՝ Whooping cough-pertusis) սուր վարակիչ (infectious) հիւանդութիւն մըն է եւ կը յատկանշուի շնչառական ուղիներու` խռչափողի, շնչափողի եւ ցնցուղներու (bronchi)  լորձնաթաղանթներուն բորբոքումով եւ ջրուռեցքով, ինչպէս նաեւ` ուժգին, սաստիկ, ջղաձգային, անհակակշռելի եւ նոպայական հազով:

Պատճառ ու փոխանցման ձեւեր

Կապոյտ հազի առաջին դէպքը արձանագրուած է 16-րդ դարուն, իսկ անոր յարուցիչը յայտնաբերուած է 1906-ին:

Կապոյտ հազի յարուցիչը Պորտեթելլա փերթուսիս (Bordetella pertussis) մանրէն է: Ան կը փոխանցուի օդակաթիլային ընթացքով` հազի եւ փռնգտալու միջոցով: Վարակուող անձը հազալով, փռնգտալով եւ արտաշնչելով յարուցիչ ցպիկները կը տարածէ իր շրջապատին եւ կը վարակէ իր շուրջը գտնուղ առողջ անհատները: Այս ցպիկները, մտնելէ ետք առողջ անձի մը շնչառական համակարգը, կ՛արտադրեն յատուկ թունաւոր նիւթ մը (toxin): Այս թունաւոր նիւթը կը վնասէ շնչառական խողովակներու խլնաթաղանթային բջիջներուն եւ կ'առաջացնեն խլնաթաղանթի ջրուռեցք եւ խողովակներու նեղացում: Այս ընթացքին մանրէները կը բազմանան շնչառական խողովակներուն մէջ եւ արտաշնչումով կը տարածուին օդին մէջ:

Հիւանդութեան փուլեր

Կապոյտ հազը ունի երեք փուլեր:

Առաջին փուլ