«Կալենց Թանգարան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «'''Կալենց թանգարան''', բացուած է 27 Ապրիլ 2010-ին՝ Յարութիւն Կալենցի...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

07:51, 4 Օգոստոս 2020-ի տարբերակ

Կալենց թանգարան, բացուած է 27 Ապրիլ 2010-ին՝ Յարութիւն Կալենցի 100 եւ Արմինէ Կալենցի 90-ամեակի կապակցութեամբ։

Պատմութիւն

«Կալենց» թանգարանը կառուցուած է Արմինէ եւ Յարութիւն Կալենցներու տուն-արուեստանոցի հիման վրայ, թանգարանի կառուցման նախագիծը կեանքի կոչուած է Արմինէ եւ Յարութիւն Կալենցներու որդիի՝ Սարօ Կալենցի ջանքերով։ Դեռ 1968-ին Խորհրդային Հայաստանի կառավարութիւնը որոշում ընդունած էր Յարութիւն Կալենցի թանգարանի կառուցման վերաբերեալ, որ խորհրդային տարիներուն այդպէս ալ իրականութիւն չդարձաւ։

Յարութիւն Կալենցի մահէն ետք ընտանիքը ձեռնամուխ եղաւ թանգարանի ստեղծման։ Շինարարական աշխատանքները սկսած են 2002-ին եւ աւարտած 2010-ին։

Ցուցադրութիւն

Թանգարանը ունի երկու յարկ. մէկուն մէջ ներկայացուած է Յարութիւն Կալենցի, միւսին՝ Արմինէ Կալենցի արուեստը։ Թանգարանին մէջ կը պահուին Յարութիւն եւ Արմինէ Կալենցներու 1000-ից աւելի աշխատանքներ, գրաֆիկական գործեր, ինչպէս նաեւ արխիւային նիւթեր, որոնցմէ ցուցասրահներուն մէջ ներկայացուած են շուրջ 300-ը։

Միջոցառումներ

«Կալենց» թանգարանի ծրագրերուն մէջ ընդգրկուած են ժամանակակից արուեստի ցուցադրութիւններ, ուսուցողական եւ գիտական ուսումնասիրութիւններու ծրագրեր, արուեստի արդի խնդիրներուն վերաբերող քննարկումներ, կինոդիտումներ, հրատարակչական նիւթերու պատրաստում եւ տարածում։

Հասցէ

Թանգարանը կը գտնուի Երեւանի Արաբկիր համայնքի՝ Յարութիւն Կալենցի 18 հասցէին վրայ։

Պատկերասրահ

Ծանօթագրութիւններ


Արտաքին յղումներ