«Հայաստան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
l corrected the false information
Պիտակ: Առձեռն խմբագրում Խմբագրում կայքի առձեռն տարբերակէն
l corrected the false information
Պիտակ: Replaced blanking Առձեռն խմբագրում Խմբագրում կայքի առձեռն տարբերակէն
Տող 5.
.
 
.
== Պատմութիւն ==
 
=== Նախնադար ===
Հայ ժողովուրդը կազմաւորուած ու իր պատմական ուղին անցած է [[Հայկական Լեռնաշխարհ|Հայկական լեռնաշխարհին]] մէջ։ Այդ հնագոյն մարդու նախնական բնակեցման այն տարածքներէն է, որ հարուստ է նախնադարու բոլոր փուլերուն վերաբերող յուշարձաններով։
 
Քարէ դարը ընդունուած է բաժնել 3 փուլերու՝ հին քարէ դար (պալէոլիթ, մինչեւ Ն.Ք. 12-րդ հազարամեակ), միջին քարէ դար (մէզոլիթ, Ն.Ք. 12-րդ հազարամեակ – Ն.Ք. 7-րդ հազարամեակի կէսեր) եւ նոր քարէ դար (նեոլիթ Ն.Ք. 7-րդ հազարամեակի կէսգր – Ն.Ք. 5-րդ հազարամեակի կէսեր), որոնցմէ իւրաքանչիւրը իրենց հերթին կը բաժնուին առանձին փուլերու։
 
Նախնադարեան հասարակութեան հին քարէ դարու առաջին ենթափուլը՝ ստորին պալէոլիթը, Հայաստանի տարածքին սկսած է մօտ 2 միլիոն տարի առաջ եւ աւարտած է մօտ 100 000 տարի առաջ։ Հայկական լեռնաշխարհին մէջ յայտնի են այս ժամանակաշրջանի քանի մը բացօթեայ հնավայրեր, կայաններ եւ քարայրային տիպի յուշարձաններ։ Անոնցմէ յայտնի է Գուգարքի մէջ յայտնաբերուած հին քարէ դարեան կայանը, որու տարիքը մօտ 1, 8 միլիոն տարի է։ Այն Հարաւարեւմտեան [[Ասիա|Ասիոյ]]՝ մարդու մինչեւ այժմ յայտնի հնագոյն կայանն է։ Հնագոյն ժամանակներու մասին հարուստ տեղեկութիւններ կը պարունակեն նաեւ Ազոխի քարայրը [[Արցախի Հանրապետութիւն|Արցախի]] մէջ, Արտին լեռան շրջակայքը եւ քանի մը յուշարձաններ [[Արեւմտեան Հայաստան|Արեւմտեան Հայաստանի]] մէջ։ Միջին պալէոլիթի ժամանակաշրջանը Հայկական լեռնաշխարհին մէջ աւարտած է մօտ 40 հազար տարի առաջ։ Վերին պալէոլիթը կ՚ընդգրկէ մօտ 40000-14000-ականները ինկած ժամանակաշրջանը։ Հայաստանի տարածքին յայտնի են վերին հինքարիդարեան շուրջ 60 յուշարձան։ Անոնց հիմնական մասը կը գտնուի լեռնաշխարհի հիւսիսարեւելեան, հարաւային եւ հարաւարեւմտեան մասերուն մէջ՝ [[Եփրատ գետ|Եփրատի]] աւազանին, Կորդուաց աշխարհին, [[Տիգրիս (գետ)|Տիգրիսի]] աւազանին մէջ եւ այլուր։
 
Միջին քարէ դարու յուշարձաններու թիւը լեռնաշխարհի սահմաններուն մէջ դեռեւս չանցնիր 35-էն, որոնք ինչպէս բացօթեայ կայաններ ու հնավայրեր են, այդպէս ալ քարայր կացարաններ ու ժայռածածկեր։ Այժմեան Հայաստանի տարածքին այս փուլի յուշարձաններ կան [[Ապարանի Դաշտ|Ապարանի]] գոգաւորութեան մէջ։
 
Նոր քարէ դարու ընթացքին՝ Ն.Ք. 8 հազարամեակի վերջերը, արդէն գոյութիւն ունէին կայացած երկրագործական հասարակութիւններ։ 1990-ականներու առաջին կիսուն Սասնոյ ջուր գետի արեւմտեան ափին պեղուած հնավայրի տուեալները եկան փաստելու, որ այստեղ կայուն բնակատեղիներ հիմնող առաջին համայնքները հանդէս կու գան արդէն Ն.Ք. 10-րդ հազարամեակէն։ Ուսումնասիրութիւններու արդիւնքով ակնյայտ դարձաւ, որ [[Հայկական Տաւրոս|Հայկական Տաւրոսէն]] հիւսիս ինկած շրջաններու նոր քարէ դարու մշակոյթը տեղական արմատներ ունի։ Եդեսիոյ մօտ գտնուող Պորտաբլուր հնավայրի արեւելեան հատուածի վաղ շերտերուն մէջ բացուած է 1000 քառ. մեթր տարածք զբաղեցնող հրապարակ մը, որու հարեւանութեամբ պեղուած են այսպէս կոչուած «սալէ կոթողներու տունը» եւ «գանգերի տունը»: Այս հասարակութեան կեանքին մէջ մեծ տեղ զբաղեցուցած են հաւատալիքներն ու ծէսերը, որոնք գերազանցապէս կապուած էին նախնիներու պաշտամունքի եւ ցլի պաշտամունքի հետ։ Պորտաբլուրին մէջ բացուած են [[Երկիր]] մոլորակի վրայ մինչ օրս յայտնի ամենահին տաճարները։ Այստեղ յայտնաբերուած են մօտ 700 քարէ արձանիկներ։
 
Ն.Ք. 5-րդ հազարամեակի կէսերուն եւ 4-րդ հազարամեակի ընթացքին Հայկական լեռնաշխարհի ցեղերը թեւակոխած են պղինձի-քարէ դար (էնեոլիթ), որուն կը յաջորդէ պրոնզէ դարը (Ն.Ք. 3-2-րդ հազարամեակներ)։ Լեռնաշխարհը կը ներկայանայ զարգացման նոյն մակարդակի վրայ գտնուող եւ համասեռ մշակոյթով հասարակութեամբ, որ շուրջ հազար տարի կը պահպանէ մշակութային միասնութիւնը։ Տարածում կը գտնէ Կուր-Արաքսեան մշակոյթը. յայտնի է Շենգաւիթեան մշակութային համալիրը [[Երեւան|Երեւանի]] հարաւարեւմտեան մասին մէջ։ Ն.Ք. 3-րդ հազարամեակի վերջը երկու հարիւրամեակներու մէջ կ՚արմատաւորուին, այսպէս կոչուած, Թռեխք-Վանաձորեան մշակութային համալիրները։ Անոնք ներկայացուած են բացառապէս դամբարաններով, իսկ մեծաքանակ բնակատեղիներ չեն փաստագրուած։ Լեռնաշխարհի հարաւարեւմտեան շրջաններուն մէջ Ն.Ք. 2-րդ հազարամեակի սկիզբէն հանդէս կու գայ տեղական Ծոփք-Մալաթիայի միջին պրոնզիդարեան մշակոյթը:
 
Ն.Ք. 16-րդ դարու վերջէն Ն.Ք. 13-րդ դարու առաջին կէսը ինկած ժամանակահատուածին մէջ յստակ կ՚ընդգծուի վերոյիշեալ մշակոյթներու խաչասերման եւ «ժողովրդագրական պայթիւնի» հետ զուգորդուող Լճաշէն-Մեծամօրեան մշակոյթի ծաւալման համապատկերը։ Այդ ժամանակաշրջանի գտածոներէն կարելի է առանձնացնել ծիսական անօթները, սպիտակ եւ կարմիր գոյներով յարդարուած խեցեղէնը, [[Պրոնզագոյն|պրոնզէ]] դաշոյնները, նետասլաքները, մեծաքանակ ուլունքները եւ այլ նիւթեր։
 
Հայաստանի մէջ [[Երկաթէ Դար|երկաթէ դարը]] կը սկսի Ն.Ք. 2-րդ հազարամեակին։ [[Երկաթ Եւ Պողպատ|Երկաթէ]] պաշարներով հարուստ Հայկական լեռնաշխարհը՝ [[Սիւնիքի մարզ|Սիւնիք]], [[Մուշ]], [[Խնուս]] եւ այլն, Առաջաւոր Ասիոյ մէջ դարձաւ հումքի գլխաւոր մատակարար եւ գերիշխող դիրք գրաւեց։
 
=== Հին շրջան ===
 
==== Վանի թագաւորութիւն ====
''Հիմնական յօդուած'' [[Վանի Թագաւորութիւն|''Վանի Թագաւորութիւն'']]
 
Պատմական Հայաստանի տարածքին առաջացած հնագոյն պետութիւնը [[Վանի Թագաւորութիւն|Վանի թագաւորութիւնն]] էր (Ուրարտու)՝ [[Վան]] մայրաքաղաքով (Ն.Ք. 9-6-րդ դարեր)։ Այն հզօրութեան գագաթնակէտին հասած է Մենուա (Ն.Ք. 810-786), [[Արգիշտի Ա․|Արգիշտի Ա.]] (Ն.Ք. 786–764) եւ [[Սարդուրի Բ.]] (Ն.Ք. 764–735) արքաներու օրօք՝ զբաղեցնելով [[Հայկական Լեռնաշխարհ|Հայկական լեռնաշխարհի]] տարածքը, [[Իրան|Արեւմտեան Իրանը]], Հարաւային [[Միջագետք|Միջագետքը]] եւ [[Միջերկրական Ծով|Միջերկրական]] ծովի ափամերձ տարածքները։ Արարատեան դաշտի տարածքին հիմնադրուած են Թէյշեբաինի, Արգիշտիխինիլի եւ Էրեբունի քաղաք-ամրոցները. վերջինիս անուան հետ ընդունուած է կապել Հայաստանի ներկայիս մայրաքաղաքի՝ [[Երեւան|Երեւանի]] անունը։
 
Վանի թագաւորութենէն մեզ հասած են բազմաթիւ քարէ արձանագրութիւններ, բերդերու ու տաճարներու մնացորդներ, որոնք կը վկայեն պետութեան հարուստ մշակոյթի ու զարգացած պետական համակարգի մասին։ Ն.Ք. 8-րդ դարու կէսերէն սկսած Վանի թագաւորութիւնը կը թուլանայ եւ անկում կ՚ապրի [[Ասորեստան|Ասորեստանի]] եւ Հիւսիսային [[Կովկաս|Կովկասի]] ցեղերու՝ սկիւթներու ու կիմմերներու դէմ պատերազմներու արդիւնքովմ։ Ուրարտուի վերջին թագաւոր Ռուսա Դ-ն իշխած է Ն.Ք. 609–590 (կամ 585) թուականներուն, որմէ ետք Վանի թագաւորութիւնը դադրած է գոյութիւն ունենալ։ Հայերը կամ անոնց անմիջական նախնիները բնակած են Վանի թագաւորութեան տարածքին, եւ անոր յաջորդած [[Երուանդունիներ|Երուանդունեաց թագաւորութիւնը]] եղած է զուտ հայկական։
 
Համաշխարհային պատմագիտութեան մէջ չկայ միարժէք կարծիք Վանի թագաւորութեան եւ հայ ժողովուրդի կապի մասին։ Գիտնականներու զգալի մասը կ՚առանձնացնէ ուրարտական լեզուն եւ մշակոյթը հայկականէն՝ համարելով, որ հայկական ցեղերը գերիշխանութեան հասած են Հայկական լեռնաշխարհի տարածքին միայն Վանի թագաւորութեան կործանումէն ետք։ Ըստ մէկ այլ վարկածի, որ կ՚ընդունուի քանի մը հայ պատմաբաններու կողմէ, Վանի կամ Արարատեան թագաւորութիւնը ի սկզբանէ եղած է զուտ հայկական կազմաւորում, եւ Ն.Ք. 6-րդ դարու սկիզբը տեղի ունեցած է ընդամէնը իշխող դինաստիայի փոփոխութիւն։
 
==== Երուանդունիներու թագաւորութիւն ====
 
''Հիմնական յօդուած'' ''[[Երուանդունիներ]]''
 
Ն.Ք. 570-ականներուն [[Մերձաւոր Արեւելք|Մերձաւոր Արեւելքի]] քաղաքական ասպարէզին մէջ կը յայտնուի [[Երուանդունիներ|Երուանդունիներու թագաւորութիւնը]]։ Հայաստանի պետական -սահմանները համընկած են ճիշդ Արարատեան տէրութեան եւ հայ ժողովուրդի էթնիկական սահմաններուն։ Ասոր մասին կը վկայեն յոյն պատմիչ Հերոդոտոսի, ասորի ճանապարհորդ Մար Ապաս Կատինայի եւ այլոց աշխատութիւնները։ Երուանդ Ա. Հայկազեանի որդին՝ Տիգրան Ա-ը (Ն.Ք. մօտ 560–535), պարսից Աքեմէնեան արքայ Կիւրոս Բ. Մեծի հետ Ն.Ք. 550-ին մասնակցած է Մարաստանի, իսկ 538-537-ին Բաբելոնիայի թագաւորութիւններու կործանման։ Հայկազեան-Երուանդունիները շարունակաբար գահակալած են մինչեւ Ն.Ք. 3-րդ դարու վերջը։
 
[[Մեծն Աղեքսանտր|Ալեքսանտր Մակեդոնացիի]] արշաւանքներէն եւ Ն.Ք. 331-ինին Աքեմէնեան տիրակալութեան անկումէն ետք, Հայաստանի մէջ գահակալող Երուանդ Գ-ը իրեն հռչակած է անկախ թագաւոր (Ն.Ք. 331 - մօտ 300) եւ պայքարած յունա-մակեդոնական նուաճողներու դէմ։ Անոր աջակցութեամբ Ն.Ք. 331-ին [[Փոքր Հայք|Փոքր Հայքի]] թագաւոր հռչակուած է զօրավար եւ անոր թերեւս մերձաւոր ազգական Միթրաուստեսը (Միհրուայիշտ)։ Երուանդ Գ. արքան, հակահարուած հասցնելով Ալեքսանտր Մակեդոնացիի զօրավարներ Մեմնոնի եւ Սելեւկոս Նիկատորի ոտնձգութիւններուն, յաջողութեամբ պաշտպանած է [[Մեծ Հայք|Մեծ Հայքի]] թագաւորութեան անկախութիւն։ Անոր աջակցութեամբ իրենց անկախութիւնը պահպանած են նաեւ փոքրասիական քանի մը պետութիւններ՝ Փոքր Հայքի, Պոնտոսի եւ Կապադովկիայի թագաւորութիւնները։
 
Ն.Ք. 3-րդ դարու ընթացքին Մեծ Հայքէն կ՚անջատուին [[Ծոփք|Ծոփքի]] եւ Կոմմագենէի թագաւորութիւնները, ուր նոյնպէս կ՚իշխէին Երուանդունիները։ Անոնք կը հատեն սեփական դրամները, կը կառուցեն քաղաքներ ու բերդեր։ Հայաստանը կը կորսնցնէ միասնականութիւնը, որ վտանգ կըէ հանդիսանայ իր անկախութեան համար։ Ծայրագաւառներէն շատերը կ՚անցնին հարեւան պետութիւններու ազդեցութեան եւ գերիշխանութեան տակ։
 
Երուանդ Դ. Վերջինը (Ն.Ք. 220-201) [[Ախուրեան (գետ)|Ախուրեանի]] եւ [[Երասխ (գետ)|Երասխի]] գետախառնման մօտ հիմնադրած է [[Երուանդաշատ]] նոր մայրաքաղաքը, որմէ քիչ հիւսիս՝ [[Երուանդակերտ|Երուանդակերտը]] եւ [[Երուանդաւան|Երուանդաւանը]], իսկ Ախուրեանի աջ ափին՝ [[Բագարան]] աւանը։ Ն.Ք. 200-ին սելեւկեան զօրքերու աջակցութեամբ հայ զօրաւար Արտաշէսը տապալած է Երուանդ Դ.-ին եւ կարգուած Մեծ Հայքի կուսակալ։
 
==== Արտաշեսեաններու թագաւորութիւն ====
''Հիմնական յօդուած՝ [[Արտաշէսեաններու Թագաւորութիւն]]''
 
[[Մեծն Աղեքսանտր|Ալեքսանտր Մեծի]] մահէն ետք անոր կայսրութիւնը բաժնուած է քանի մը մասերու եւ անոր զօրաւարներէն մէկը՝ Սելեւկոս Նիկատորը, Ն.Ք. 3-րդ դարուն ստեղծած է պետութիւն մը, որ իրեն ենթարկած է նաեւ [[Մեծ Հայք|Մեծ Հայքը]]։ Ն.Ք. 190-ին սելեւկեան արքայ Անտիոքոս Գ. Մեծի բանակը հռոմէացիներու կողմէ ջախջախուած է [[Մագնեսիայի ճակատամարտ|Մագնեսիայի ճակատամարտին]]։ Առիթէն օգտուելով [[Արտաշէս Ա.|Արտաշէսը]] Մեծ Հայքի մէջ, իսկ Զարեհը [[Ծոփք|Ծոփքի]] մէջ իրենց յայտարարած են անկախ թագաւորներ։
 
Արտաշէս Ա-ն (Ն.Ք. 189-160) իրականացուցած է բազմաթիւ բարեփոխումներ, որոնք նպաստած են պետութեան տնտեսութեան զարգացման։ Ռազմական բարեփոխումներու շնորհիւ ան ընդարձակեց երկրի սահմանները եւ միաւորեց երկրէն անջատած ծայրագաւառները։ [[Արարատեան Դաշտ|Արարատեան դաշտի]] [[Խոր Վիրապ|Խոր վիրապ]] կոչուող վայրին մէջ հիմնուեցաւ [[Արտաշատ]] քաղաքը, որ ժամանակակիցներու կողմէ երբեմն կ՚անուանուէր «Հայկական Կարթագէն», քանի որ քաղաքի կառուցման վայրը ընտրած էր Հանիբալը։
 
Հայաստանը Արտաշէսեաններու օրօք հզօրութեան գագաթնակէտին հասաւ Արտաշէս Ա-ի թոռան՝ [[Մեծն Տիգրան|Տիգրան Մեծի]] օրօք (Ն.Ք. 95-55)։ Ան գրաւեց Ծոփքը, ուր կ՚իշխէր Զարեհի հետնորդ Արտանէսը եւ ազատագրեց պարթեւականներու տիրապետութեան տակ գտնուող հայկական հողերը, իսկ Ն.Ք. 83-ին՝ Սելեւկեաններու պետութիւնը եւ մայրաքաղաք [[Անտիոք|Անտիոքը]], որ ունէր աւելի քան կէս միլիոն բնակչութիւն։ Տիգրան Մեծի տէրութիւնը աւանդաբար ընդունուած է անուանել «Ծովից ծով Հայաստան»: Ի նշան հզօրութեան եւ աշխարհակալ պետութեան՝ Ն.Ք. 80-ին [[Հայկական Տաւրոս|Հայկական Տաւրոսի]] մատոյցներուն մէջ հիմնուեցաւ նոր մայրաքաղաք՝ [[Տիգրանակերտ|Տիգրանակերտը]], որ շրջափակուած էր բարձր բերդապարիսպներով։ Տիգրանակերտն ու Արտաշատը իրարու հետ կապուած էին «Արքունի ճանապարհ»-ով։ Ն.Ք. 69-ին մայրաքաղաքը գրաւեց հռոմէացի Լուկուլլոսի կողմէ՝ հայ-հռոմէական պատերազմի ընթացքին (Ն.Ք. 69-66)։ Ն.Ք. 66-ին Հայաստանը ծանր հաշտութեան պայմանագիր կնքեց, որու արդիւնքով Տիգրան Մեծը հրաժարեցաւ իր նուաճած հողերէն, եւ պարտաւորուեցաւ տարեկան 600 տաղանդ ռազմատուգանք վճարել եւ հարկ եղած պարագային Հռոմէական կայսրութեան օգնել զօրքով։
 
Տիգրան Մեծի որդի՝ [[Արտաւազդ Բ.]]-ի օրօք (Ն.Ք. 55-34) Հայաստանը դարձաւ հռոմէա-պարթեւական պատերազմի թատերաբեմ։ Մարկոս Կրասսօսի եւ Մարկոս Անտոնիոսի արշաւանքներու արդիւնքով Հայաստանը զգալիօրէն կորսնցուց իր ինքնուրոյնութիւնը. հայոց արքան ընտանիքի հետ գերուեցաւ, իսկ անոր յաջորդած քանի մը թագաւորները չկարողացան վերականգնել նախկին հզօրութիւնը։ Ք.Ե. 1-ին Արտաշէսեան հարստութիւնը վերացուեցաւ<ref name="aghayan_hay_jox_patmutyun_1">Ծ. Պ. Աղայեան. «Հայ ժողովրդի պատմութեան նկարազարդ ակնարկներ» էջ 15-21:</ref>:
 
==== Արշակունիներու թագաւորութիւն ====
''Հիմնական յօդուած՝ [[Արշակունիներու Թագաւորութիւն]]''
 
[[Արտաշէսեան Թագաւորութիւն|Արտաշէսեան թագաւորութեան]] անկումէն ետք կէս դար [[Արտաշատ|Արտաշատի]] մէջ գահ կը բարձրանային [[Հռոմ|Հռոմի]] եւ Պարթեւստանիդրածոները։ Իրավիճակը կայունացաւ, երբ 52-ին գահ բարձրացաւ պարթեւներու արքայ Վաղարշ Արշակունիի եղբայրը՝ [[Տրդատ Ա.|Տրդատը]]: 54-ին, չհաշտուելով անոր հետ, Հռոմի կայսր Ներոնը պատերազմ սկսաւ հայ-պարթեւական դաշինքի դէմ։ 59-ին հռոմէական զօրքերը Կորբուլոնի գլխաւորութեամբ արշաւեցին Հայաստանի վրայ եւ գրաւեցին ու աւերեցին [[Տիգրանակերտ|Տիգրանակերտն]] ու Արտաշատը: 62-ին Հռանդէայի մէջ հայ-պարթեւական զօրքերը հակահարուած տուին հռոմէացիներուն, եւ 63-ին Հռոմի կայսր Ներոնը կը ճանչնայ Տրդատի գահակալութիւնը։ 66-ին Տրդատը Հռոմէն կը վերադառնայ Հայաստան՝ իբրեւ հայոց թագաւոր եւ հիմք կը դնէ Արշակունիներու հարստութեաը (66–428)։
 
2-3-րդ դարերուն՝ մինչեւ 226-ի յեղաշրջումը [[Իրան|Իրանի]], Հայաստանը կը շարունակէր ըլլալ համեմատաբար խաղաղ վիճակի մէջ՝ հովանաւոր Հռոմի եւ դաշնակից Պարթեւստանի հարեւանութեամբ։ Հայաստանի մէջ Արտաշատէն ոչ հեռու կը հիմնադրուի նոր մայրաքաղաք [[Վաղարշապատ|Վաղարշապատը]]։ Իրանի մէջ իշխանութեան գալէն ետք [[Սասանեան Պարսկաստան|Սասանեանները]] կը ցանկանան գահընկէց ընել նաեւ հայ Արշակունիներուն եւ [[Պարսկաստան|Պարսկաստանին]] միացնել Մեծ Հայքի թագաւորութիւնը։ 4-րդ դարու սկիզբը՝ [[301 թուական|301]]-ին, հայոց արքայ Տրդատ Գ. Մեծը (287–330) քրիստոնէութիւնն կ՚ընդունի որպէս հայոց պետութեան պաշտօնական կրօն՝ [[Գրիգոր Լուսաւորիչ|Գրիգոր Լուսաւորչին]] կաթողիկոսական գլխաւորութեամբ։ Երկրորդ դարակազմիկ իրադարձութիւնը աւատատիրական կարգերու հաստատումն էր։ Տրդատի որդիի՝ [[Խոսրով Գ.|Խոսրով Գ. Կոտակի]] օրօք (331–338) կը կառուցուի եւս մէկ մայրաքաղաք՝ [[Դուին|Դուինը]]:
 
[[Արշակ Բ.]] Արշակունիի օրօք (350–368) կը սրուին յարաբերութիւնները պարսից արքայ Շապուհ Բ. Երկարակեացի (309–379) հետ։ Երկ»ին մէջ կը սկսի ներքին լարուածութիւն, ապա այն կը ներքաշուի պատերազմի մէջ։ Արդիւնքով հայոց թագաւորը կը փակուի Անյուշ բերդում, իսկ իր որդին՝ [[Պապ Թագաւոր|Պապը]], գահ կը բարձրանայ հռոմէացիներու օգնութեամբ։ Որոշ ժամանակ ետք՝ [[387 թուական|387]]-ին Հայաստանը առաջին անգամ կը բաժնուի երկու մասի։ Հռոմէական (Արեւմտեան) Հայաստանի մէջ թագաւոր կը կարգուի Պապի որդի [[Արշակ Գ.]]-ը (378–389), իսկ մնացած երկիրուն մէջ՝ [[Խոսրով Դ.]]-ն (384–389)։ Վերջինիս որդի [[Վռամշապուհ|Վռամշապուհի]] (389–415) օրօք՝ [[405 թուական|405]]-ին, [[Մեսրոպ Մաշտոց|Մեսրոպ Մաշտոցը]] կը ստեղծէ [[Հայերէն|հայերէնի]] [[Այբուբեն|այբուբենը]]: [[428 թուական|428]]-ին ներքին երկպառակութիւններու արդիւնքով հայոց պետականութիւնը կը կործանուի։
 
=== Միջնադար ===
 
==== Վաղ միջնադար ====
''Հիմնական յօդուածներ՝ [[Մարզպանական Հայաստան]] եւ [[Բիւզանդական Հայաստան]]''
[[Պատկեր:Mesrop_Mashtots_by_Francesco_Majotto.jpg|link=https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%8A%D5%A1%D5%BF%D5%AF%D5%A5%D6%80:Mesrop_Mashtots_by_Francesco_Majotto.jpg|մինի|309x309փքս|[[Մեսրոպ Մաշտոց]]. [[Հայ Գիրերու Գիւտ|Հայ գիրերու գիւտը]], ըստ իտալացի նկարիչ Ֆրանչեսկօ Մաջոտտոյի]]
[[Վռամշապուհ]] արքայի օրօք (389–415) [[Մեսրոպ Մաշտոց|Մեսրոպ Մաշտոցը]] ստեղծած է [[Հայերէն|հայերէնի]] [[Այբուբեն|այբուբենը]]։ [[Հայ Գիրերու Գիւտ|Հայ գիրերու գիւտը]] [[Արշակունիներ|Արշակունիներու]] դարաշրջանի երրորդ խոշոր իրադարձութիւնն էր։ Վռամշապուհի որդիի՝ [[Արտաշէս Գ.]]-ի (423–428) գահընկեց ընելէն ետք՝ [[428 թուական|428]]-ին, Հայաստանի արեւելեան մասը հռչակուեցաւ որպէս պարսից տէրութեան առանձնայատուկ վարչատարածքային միաւոր՝ մարզպանութիւն։ [[Արեւմտեան Հայաստան|Արեւմտեան Հայաստանի]] որոշ գաւառներ՝ [[Մեծ Հայք|Մեծ Հայքի]] [[Ծոփք]], [[Աղձնիք]] ու [[Բարձր Հայք]] նահանգներն ու [[Փոքր Հայք|Փոքր Հայքը]], շարունակեցին մնալ [[Հռոմէական Կայսրութիւն|Հռոմէական]] (395-էն՝ Բիւզանդական) կայսրութեան տարածքին մէջ։
 
Մարզպանական Հայաստանը արտօնեալ կարգավիճակով ինքնավար պետութիւն էր, ուր կը պահպանուէին հայ նախարարներու եւ բարձրադաս հոգեւորականներու աւանդական իրաւունքներն ու արտօնութիւները, պաշտօնակալութիւնները, հայկական զօրաբանակը, հարկային համակարգը եւ այլն։ Հայ նախարարներու քաղաքական միասնութիւնը կ՚արտայայտուէր ընդհանուր զօրաբանակով, որ կը գլխաւորէր հայոց սպարապետը, կառավարման միասնական համակարգով, ըստ անհրաժեշտութեան Հայոց կաթողիկոսի նախագահութեամբ գումարուող համազգային ժողովով։ Հայաստանի մէջ մարզպան նշանակուած են նաեւ ազգութեամբ հայ մեծատոհմիկ նախարարներ, որոնցմէ առաջինն էր [[Վասակ Սիւնի|Վասակ Սիւնին]] (443–451)։ 440-ականներուն պարսից արքունիքը որդեգրեց մարզպանական Հայաստանի պետական ինքնավարութիւնը վերացնելու եւ այն պարսկական սովորական նահանգի վերածելու քաղաքականութիւն։
 
Անոր յաջորդեց 447-ին տեղի ունեցած աշխարհագիրը (մարդահամար եւ եկամուտներու հաշուառում), մեհեաններու ու ատրուշաններու կառուցումը։ Պարսից շահ Հազկերտ Բ.-ը 449-ին յատուկ հրովարտակով հայոց նախարարներէն պահանջեց ուրանալ [[Քրիստոնէութիւն|քրիստոնէութիւնը]] եւ ընդունիլ [[Զրադաշտականութիւն|զրադաշտականութիւնը]], որմով հայերը կը զատուէին հարեւան բիւզանդացիներէն եւ աստիճանաբար կը ձուլուէին պարսիկներուն։ Հայերը կը մերժեն այս պահանջը եւ կ՚ընդուզին պարսիկներու դէմ սպարապետ [[Վարդան Մամիկոնեան|Վարդան Մամիկոնեանի]] գլխաւորութեամբ։ 450-ին կը սկսի [[Վարդանանց Պատերազմ|Վարդանանց պատերազմը]], որ կ՚աւարտի [[Աւարայրի Ճակատամարտ|Աւարայրի ճակատամարտով]] ([[26 Մայիս]] [[451 թուական|451]] )։ Հայերը յետագային եւս ստիպուած եղած են պայքարիլ ինքնուրոյնութիւնը պահպանելու համար ([[Վահանանց Պատերազմ|Վահանանց պատերազմ]], 481-484, [[Կարմիր Վարդանի ապստամբութիւն]], 571-572), որու արդիւնքով տեղի ունեցած է [[Հայաստանի Երկրորդ Բաժանումը|Հայաստանի երկրորդ բաժանումը]] ([[591 թուական|591]]) եւ երկրի հիմնական մասը անցած է [[Բիւզանդական Կայսրութիւն|Բիւզանդական կայսրութեան]]: Հայաստանի բիւզանդական հատուածին մէջ եւս կայսրերը կը վարէին ձուլման քաղաքականութիւն։ Հուստինիանոս Ա. կայսրը (527–565), որ կը ձգտէր վերականգնել նախկին Հռոմէական կայսրութեան հզօրութիւնը, իրեն կ՚ենթարկէր [[Հիւսիսային Ափրիկէ|Հիւսիսային Ափրիկէն]], [[Սպանիա|Սպանիան]] ու [[Իտալիա|Իտալիոյ]] որոշ գավառներ։ Ան կը վերացնէ հօրմէ աւագ որդի ժառանգութեան իրաւունքը, որու արդիւնքով հայ նախարարական տուներու հզօրութիւնը կը վերանայ, եւ անոնք կը վերածուին շարքային բերդատէրերու։ Հայ նախարարներուն կը ստիպէին մեկնիլ կայսրութեան սահմաններ՝ պայքարելու թշնամիներու դէմ։ Յիշարժան է [[Սմբատ Բագրատունի|Սմբատ Բագրատունիի]] ըմբոստացումը Մորիկ կայսեր դէմ։ Արդիւնքով կայսրը անոր նետել տուաւ [[Պոլիս|Կոստանդնուպոլիսի]] [[Կրկէս|կրկէսի]] գազաններու առջեւ՝ յոշոտման։ Հայ նախարարը կրցաւ յաղթել [[Ցուլ|ցուլին]], [[Առիւծ|առիւծին]] ու [[Արջ|արջին]], ապա ազատ արձակուեցաւ։
 
==== Արմինիա կուսակալութիւն ====
Հիմնական յօդուած՝ [[Արմինիա Կուսակալութիւն]]
 
7-րդ դարու 30-ականներուն [[Արաբական թերակղզի|Արաբական թերակղզիին]] մէջ տեղի ունեցած քաղաքական ու կրօնական տեղաշարժերու արդիւնքով ձեւաւորուեցաւ [[Արաբական Խալիֆայութիւն|Արաբական խալիֆայութիւնը]]։ 640–650-ականներուն Արաբները երեք անգամ արշաւած են Հայաստան, որմէ ետք հայ նախարարները [[Թէոդորոս Ռշտունի|Թէոդորոս Ռշտունիի]] գլխաւորութեամբ որոշեցին հաշտութեան եւ դաշնային պայմանագիր կնքել արաբներու հետ։ 652-ին հայերը [[Ասորիք|Ասորիքի]] արաբ կառավարիչ Մուաուիայի հետ [[Դամասկոս|Դամասկոսի]] մէջ կը կնքեն հայ-արաբական պայմանագիրը, որու արդիւնքով Հայաստանը կէս դար ժամանակահատուածով արտօնեալ դիրք ու ինքնիշխանութիւն կը ստանայ։ 698-700-ականներուն արաբներու հերթական արշաւանքի արդիւնքով Հայաստանը գրաւուեցաւ, եւ [[Վրաստան|Վրաստանի]] ու [[Աղուանք|Աղուանքի]] հետ մտցաւ մէկ վարչաքաղաքական միաւորի՝ Արմինիա կուսակալութեան մէջ։ Երկիրը սկսաւ կառավարիլ արաբ ոստիկանը, որ կը նստէր [[Դուին]] քաղաքին մէջ։ Անոր զուգահեռ բարձր դիրք ունէին կրօնական առաջնորդ հայոց կաթողիկոսը եւ քաղաքական առաջնորդ հայոց իշխանը։ Արաբ հարկահաւաքի պաշտօնի կողքին կար հայկական համարժէքը՝ իշխանաց իշխանը։ Հայոց այրուձիի հրամանատարութիւնը կը շարունակէր գտնուիլ սպարապետի ձեռքը։ Միաժամանակ, [[Վասպուրական|Վասպուրականի]], [[Սիւնիքի մարզ|Սիւնիքի]] եւ [[Վրաստան|Վրաստանի]] մէջ 9-րդ դարէն կը նշանակուի գահերէց իշխանի պաշտօնը։ Ան վերադասի իրաւունք կը ստանար միւս բերդատէր նախարարներու հանդէպ։
[[Պատկեր:David_of_Sasun_2.JPG|link=https://hy.wikipedia.org/wiki/%D5%8A%D5%A1%D5%BF%D5%AF%D5%A5%D6%80:David_of_Sasun_2.JPG|ձախից|մինի|Սասունցի Դաւիթի արձանը Երեւանի մէջ]]
Արաբական տիրապետութիւնը երկպառակութիւն կը մտցնէ հայ աւագանիի շարքերուն մէջ. [[Արշակունիներ|Արշակունի]] թագաւորներու թագադիր ասպետները՝ Սպերի տէր Բագրատունիները կը կարողանան իրենց շուրջ համախմբել բազմաթիւ նախարարական տուներ, որոնք կը սատարեն արաբական քաղաքականութիւնը, եւ սեփական ուժերով պետութիւնը վերականգնելու գաղափարը։ Անոր հակառակ Տայքի տէրերը՝ հայոց [[Սպարապետ|սպարապետի]] պաշտօն զբաղեցնող Մամիկոնեանները, ունէին բիւզանդական կողմնորոշում եւ կը փորձէին կայսրութեան զօրքերով դուրս վտարել արաբներուն Հայաստանէն եւ վերականգնել բիւզանդական գէրիշխանութիւնը։ 8-րդ դարուն հայերը քանի մը անգամ [[Ապստամբութիւն|ապստամբեցան]] Արաբական խալիֆայութեան դէմ, սակայն էական արդիւնքի չկրցան հասնիլ՝ այս անջատուածութեան պատճառով։ Մէկդարեայ պայքարը աւարտեցաւ [[Բագրատունիներու Թագաւորութիւն|Բագրատունիներու]] յաղթանակով, որոնք գլխաւորեցին հայոց պետականութեան վերականգնման պայքարը։
 
8-րդ դարու վերջէն Բագրատունիները կը գլխաւորէին երկրի բոլոր կարեւոր պաշտօնները, եւ գահերէց իշխաններ կը նշանակէին իրենց հաւատարիմ զինակիցներուն՝ [[Արծրունիներ|Արծրունիներուն]], [[Սիւնիներ|Սիւնիներուն]] ու [[Վրաց Բագրատունիներ|Վրաց Բագրատունիներուն]]։ [[Աշոտ Մսակեր]] Բագրատունին դարձաւ հայոց իշխան եւ իր տիրոյթներուն միացուց Մամիկոնեաններու հայրենիք [[Տարօն|Տարօնը]] եւ [[Տայք|Տայքը]], [[Կամսարական]] իշխաններու կալուածք [[Շիրակ (գաւառ)|Շիրակը]] եւ [[Արագածոտն|Արագածոտնը]]: 9-րդ դարու կիսուն՝ 850–855-ականներուն, հայերը կրկին ապստամբութեան դրօշ բարձրացուցին արաբական տիրապետութեան դէմ։ 850-ին հայերը Հայաստանէն կը հեռացնեն ոստիկան Ապուսեթին, իսկ 851-ին արաբական բանակի գլուխ կ՚անցնի անոր որդի Եուսուֆը։ Հայոց մարզպան եւ իշխանաց իշխան [[Բագրատ Բ. Բագրատունի|Բագրատ Բագրատունիի]] որդիները՝ Աշոտն ու Դաւիթը, կրնան արժանի հակահարուած տալ թշնամիի զօրքերոււն, իսկ Եուսուֆը կը սպանուի։ Այս դէպքերը արտացոլուած են [[Սասունցի Դաւիթ]] էպոսի հիմքը։
 
853–855-ականներուն պայքարը կը ղեկավարէր Բագրատի եղբօր՝ [[Սմբատ Խոստովանող|Սմբատ Խոստովանողի]] որդի [[Աշոտ Ա. Բագրատունի|Աշոտը]]: Ան կը պայքարի թուրք զօրավար բանակի դէմ եւ 855-ին յաղթանակով կ՚աւարտի ապստամբութիւնը<ref name="aghayan_hay_jox_patmutyun_3">Ծ. Պ. Աղայեան. «Հայ ժողովրդի պատմութեան նկարազարդ ակնարկներ» էջ 31-37:</ref>: Աշոտը 855-ին կը դառնայ հայոց իշխան, ապա նաեւ՝ սպարապետ ու իշխանաց իշխան։ Շատերու վկայութեամբ՝ Աշոտին կը պակսէր միայն թագաւորական թագը։ Անոր կը նպաստէ նաեւ 876-ին հայազգի [[Բարսեղ Ա. Մակեդոնացի]] կայսեր գահակալումը եւ [[Հայկական (Մակեդոնական) Հարստութիւն|Հայկական (Մակեդոնական) հարստութեան]] հիմնադրումը Բիւզանդիոյ մէջ։ 885-ին կաթողիկոս [[Գէորգ Գառնեցի|Գէորգ Գառնեցին]] Բագարան քաղաքին մէջ Աշոտին կ՚օծէ հաեօց թագաւոր։ Թագ եւ թագաւորական զգեստներ կ՚ուղարկեն [[Պաղտատ|Պաղտատի]] խալիֆն ու Բիւզանդիոյ կայսրը. հայոց պետականութիւնը կը վերականգնուի Բագրատունիներու դրօշի ներքոյ։[[Պատկեր:Satellite image of Armenia in May 2003.jpg|մինի|աջից|300px|Արեւելեան Հայաստանի պատկերը՝ նկարահանուած ՆԱՍԱ-յի (ԱՄՆ) արբանեակէն։]]
 
== Հայաստանի մեծ քաղաքներ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Հայաստան» էջէն