«Վահան Մալէզեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{Տեղեկաքարտ Անձ}} '''Վահան Մալէզեան''' ({{ԱԾ}}), թարգմանիչ եւ բանաստեղծ։ == Կեանք եւ գործունէութիւն == Ծ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

09:44, 5 Օգոստոս 2020-ի տարբերակ

Վահան Մալէզեան (21 Սեպտեմբեր 1871(1871-09-21)[1][2], Սուլինա, Տուլչա, Ռումանիա[1][2] - 4 Մայիս 1967(1967-05-04), Նիս, Ալբ Մարիթիմ[1][2]), թարգմանիչ եւ բանաստեղծ։

Վահան Մալէզեան
Ծնած է 21 Սեպտեմբեր 1871(1871-09-21)[1][2]
Ծննդավայր Սուլինա, Տուլչա, Ռումանիա[1][2]
Մահացած է 4 Մայիս 1967(1967-05-04) (95 տարեկանին)
Մահուան վայր Նիս, Ալբ Մարիթիմ[1][2]
Քաղաքացիութիւն  Ռումանիա
 Ֆրանսա
Ազգութիւն Հայ[1]
Մասնագիտութիւն գրագէտ, թարգմանիչ, հասարակական գործիչ
Աշխատավայր Արեւելեան մամուլ
Ծաղիկ
Անահիտ
Կուսակցութիւն Սոցեալ Դեմոկրատ Հնչակեան Կուսակցութիւն
Ստորագրութիւն

Կեանք եւ գործունէութիւն

Ծնած է 1871-ին, Ռումանիոյ Սուլինա քաղաքը, ուր իր Հայրը՝բժիշկ Ֆրանկիւլ Մալէզեան, կը գտնուէր առժամապէս, Դանուբի Միջազգային Յանձնախումբին մօտ Թուրքիոյ առողջապահական պատուիրակի պաշտօնով: Վահան թոռն էր յայտնի Հայկաբան Յովսէփ Մալէզեան պատուելիին, եւ զաւակը՝ ի։

Իր ծնունդէն վեց ամիս ետք, իր ծնողքին հետ փոխադրուած է Օրթաքէօյ, ուր հաստատուած է Մալէզեան ընտանիքը:

Օրթաքէօյ, Վոսփորի գեղատեսիլ ափին, Կ. Պոլսոյ ազնուական թաղն էր, մտաւորական տեսակէտով այդ թուականին, եւ պոլսահայ վերածնունդի եւ ազգասիրական գործունէութեան վառարանը: Այնտեղ կը բնակած են Մկրտիչ Պէշիկթաշլեան, Օր. Սրբուհի Վահանեան (յետոյ՝ Սրբուհի Տիւսաբ), Թովմաս Քէրզեան, Մկրտիչ Աճէմեան, Յակոբ Պարոնեան, Ա. Արփիարեան, Յովհաննէս Սէթեան, Յ. Գուրգէն եւն., բոլորն ալ գրական կամ կրթական մարզի վրայ փայլող աստղեր:

Կ․ Պոլսոյ մէջ Կրթութիւն ստացած է Յակոբ Գուրգէնին դպրոցին մէջ, ապա յաճախած է իրաւաբանական դպրոց, ուրկէ աւարտած է 1895-ին:

1896-ին տեղափոխուած է Մերսին, ուր մէկ տարի բանտարկուած է՝ յեղափոխական գործունէութեան մեղադրանքով:

Ան իր կեանքը անցուցած է աշխարհի բազում մասերու մէջ՝ Գահիրէ (1898-1923), Պրիւքսէլ (1923-27), Փարիզ եւ Մարսէյ (1927–45) եւ Նիւ Եորք (1945-47): Սակայն ի վերջոյ, բնակութիւն հաստատած է Նիս 1948-ին:

Գահիրէի ան եղած է Հայ Սահմանադրական Ռամկավար կուսակցութեան հիմնադիրներէն մէկը, որ հետագային միաւորուած է կազմակերպութիւններու հետ՝ Ռամկավար Ազատական Կուսակցութիւնը կազմելու համար:

Ան վարչական պաշտօններ ստանփնած է Հայկական բարեգործական ընդհանուր միութեան մէջ, որ Գահիրէի մէջ հիմնադրուած է 1906-ին։

Ծանօթագրութիւններ