«Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/08-2020» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
* [[6 Օգոստոս]] 2020, [[ՄԱԿ|ՄԱԿ-ի]] ընդհանուր քարտուղար Անթոնիօ Կութիերես ցաւակցութիւն յայտնած է զոհերու հարազատներուն, [[Լիբանան|Լիբանանի]] ժողովուրդին ու կառավարութեան։ «ՄԱԿ-ը կը շարունակէ յանձնառու մնալ այս դժուար ժամանակին մէջ Լիբանանին աջակցութեան, եւ աշխուժօրէն կ'օգնէ այս արկածին դիմակայման», շեշտած է ան:
* [[5 Օգոստոս]] 2020, երէկ երեկոյեան հսկայական պայթում մը ցնցելով [[Պէյրութ|Պէյրութի]] նաւահանգիստը, պատճառ դարձած է ամբողջ մայրաքաղաքին մէջ` իր արուարձաններով, վնասներու եւ աւերներու: Նաւահանգիստն ու անոր շրջակայքը ամբողջութեամբ քանդուած է` արձանագրելով մարդկային եւ նիւթական ծանր վնասներ:
* [[4 Օգոստոս]] 2020, [[Հայաստան|Հայաստանի Հանրապետութեան]] մասնագէտները անվստահութիւն եւ դժգոհութիւն յայտնած են հանրակրթութեան նոր չափորոշիչներուն նկատմամբ։
* [[3 Օգոստոս]] 2020, [[Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ|Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններու]] վարչապետ եւ [[Տուպայի Էմիրութիւն|Տուպայի]] կառավարիչ Մուհամետ պըն Ռաշիտ Ալ Մաքթումը Շաբաթ օր՝ [[1 Օգոստոս]] 2020-ին, յայտարարեց արաբական աշխարհի մէջ առաջին հիւլէական կայանի` «Պարաքա»¬ի գործարկման մասին: