«Ուիքիփետիա:Հանրագիտականութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «Ուիքիփտիայի մէջ յօդուած մը կարելի է ստեղծել ամբողջացնելով հետեւեալ կէտերը․ # Համարակալած ցանկի...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

10:06, 6 Օգոստոս 2020-ի տարբերակ

Ուիքիփտիայի մէջ յօդուած մը կարելի է ստեղծել ամբողջացնելով հետեւեալ կէտերը․

  1. Համարակալած ցանկի տարր

Տեղեկատուութիւնը պէտք է հիմնուած ըլլայ վստահելի աղբիւրներու վրայ։

  1. Եթէ վստահելի աղբիւրներ չկան, ուրեմն կարելի չէ յօդուած մը ստեղծել։
  2. Արժեւորել յօդուածը (արժէ՞ այս նիւթին մասին յօդուած մը գրել)․ որեւէ բնագաւառի մասին տեղեկութիւնները նախ արժեւորել, ապա հիմնաւորել վստահելի տարբե՛ր աղբիւրներէ։

Հանրագիտականութեան հիմնական չափանիշները

Յօդուածի մը բովանդակութիւնը չ’արժեւորեր զայն

Յօդուածի մը բովանդակութիւնը չ’արժեւորեր զայն

Աղբիւրներուն բացակայութիւնը սակայն, չի նշանակեր որ յօդուած մը ուշագրաւ չէ

Հանրագիտականութիւնը ժամանակաւոր չէ

Յօդուած մը ստեղծելու ատեն նկատի ունենալ հետեւեալ կէտերը

Յօդուածագիրները պէտք է իրենց կարելին ընեն, որ յօդուածը հասկնալի ըլլայ ընթերցողին կողմէ։ Յօդուածի մը յաջողութեան գրաւականը կախեալ է անոր ըմբռնելի ըլլալէն։

Նախապայման է, որ յօդուածը ստեղծելու ատեն յատուկ ուշադրութիւն դարձուի յօդուածին արժէքին վերաբերող տեղեկատուութեան․ առաջին պարբերութենէն իսկ յօդուածը պէտք է գոհացնէ ընթերցողին հետաքրքրութիւնները եւ պահանջները։

Բոլոր օգտագործուած տեղեկատուութիւնները անպայմանօրէն պէտք է ըլլան փաստարկուած եւ վստահելի, չխախտելու համար յօդուածին արժէքն ու կարեւորութիւնը։

Արդեօք պէ՞տք է տեղադրել ամբողջ տեղեկատուութիւնը մէկ էջի վրայ Երբեմն նիւթին վերաբերեալ տեղեկատուութիւնը այնքան ընդարձակ կ’ըլլայ, որ կը ստիպուինք գլխաւոր յօդուածին մէջ հակիրճ տեղեկութիւն մը տալ, ապա նոր յօդուած մը ստեղծել՝ զայն յղելով գլխաւոր յօդուածին։ Օրինակ՝ եթէ Սպանիոյ մասին յօդուած մը պիտի ստեղծենք պայման չէ, որ Սպանիոյ ամբողջ պատմութիւնը հոն գրենք․ կարելի է այլ յօդուածով մը մանրամասն անդրադառնալ Սպանիոյ պատմութեան մասին՝ գլխաւոր յօդուածէն յղում կատարելով իրեն։

Արդեօք պէ՞տք է ունենալ քանի մը նմանատիպ էջեր Երբեմն կը հանդիպինք առանձին էջերու, որոնք բովանդակային առումով շատ քիչ կը տարբերին իրարմէ։ Այս պարագային կարելի է այդ էջերը ժողվել մէկ ընդհանուր յօդուածի տակ։

Ի՞նչ ընել կարճ էջերու պարագային Կարգ մը յօդուածներ կրնան կարճ ըլլալ, որոնք պարբերաբար կարելի է ընդարձակել նոյնինքն կամ ուրիշ յօդուածագիրներու կողմէ, նկատի ունենալով յօդուածին նոր տեղեկութիւններով հարստանալու կարելիութիւնները։ Օրինակ՝ ապրող արուեստագէտի մը կամ մարզիկի մը մասին ստեղծուած յօդուածը յաճախ ենթակայ է ընդարձակման, նկատի ունենալով անոնց գործունէութեան ընթացքին պատահելիք նորութիւնները։

Ինչո՞ւ այս պահանջները

Ընդհանուր բացառութիւններ

Ինքնագովազդ

Իրադարձութիւններ

Հանրագիտականութիւն եւ ցանկեր

Յօդուածներ, որոնք իմաստալից ըլլալու պահանջին չեն յարմարիր