«Լուիզա Ասլանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 3.
Ծնած է [[Թաւրիզ]], [[հիւսիսային Իրան]]: Ուսումը ստացած է տեղական միջնակարգ վարժարաններուն մէջ, ապա [[Թիֆլիս]]ի ռուսական երկրորդական վարժարանին մէջ: Ծննդավայր վերադարձին կ՛ամուսնանայ: [[1923]] թուականին, երիտասարդ ամոլը կը փոխադրուի [[Փարիզ]]:
 
Լուիզա Ասլանեան կը մասնակցի փարիզահայ գրական կեանքին, ջանալով միանգամայն լրացնել իր ուսումը: [[Մամուլ]]ը, ֆրանսահայ եւ ամերիկահայ՝ամերիկահայ ([[Պոսթըն]]ի «Հայրենիք»ը), կը հրատարակէ իր պատմուածքներն ու վիպակները: [[1936]] թուականին լոյս կ՛ընծայէ ծաւալուն վէպ մը՝ երկու հատորով:
 
Անդամակցած՝ համայնավար կուսակցութեան եւ [[բ. Աշխարամարտ]]ի ընթացքին, որպէս՝ դիմադրական շարժման գործիչ, գերման ոստիկանութեան կողմէ ամուսինին հետ կը ձերբակալուի: Կ՛արգելափակուի [[գերմանիոյ]] կեդրոնացման ճամբարներէն մէկուն մէջ, ուր աւելի ուշ կը սպաննուին: