«Լուիզա Ասլանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ կետադրական
Տող 5.
Ծնած՝ [[Թաւրիզ]], հիւսիսային [[Իրան]]։ Ուսումը ստացած է տեղական միջնակարգ վարժարաններուն մէջ, ապա [[Թիֆլիս]]ի ռուսական երկրորդական վարժարանին մէջ։ Ծննդավայր վերադարձին կ՛ամուսնանայ։ [[1923]] թուականին, երիտասարդ ամոլը կը փոխադրուի [[Փարիզ]]։
 
Լուիզա Ասլանեան կը մասնակցի փարիզահայ գրական կեանքին, ջանալով միանգամայն լրացնել իր ուսումը։ [[Մամուլ]]ը, [[Ֆրանսա|ֆրանսա]]հայ եւ ամերիկահայ ([[Պոսթըն]]ի «[[Հայրենիք (օրաթերթ)|Հայրենիք]]»ը), կը հրատարակէ իր պատմուածքներն ու վիպակները: [[1936]] թուականին լոյս կ՛ընծայէ ծաւալուն վէպ մը՝ երկու հատորով:
 
Անդամակցած՝ համայնավար կուսակցութեան եւ [[Բ. Աշխարամարտ]]ի ընթացքին, որպէս՝ դիմադրական շարժման գործիչ, գերման ոստիկանութեան կողմէ ամուսինին հետ կը ձերբակալուի: Կ՛արգելափակուի [[Գերմանիա|Գերմանիոյ]] կեդրոնացման ճամբարներէն մէկուն մէջ, ուր աւելի ուշ կը սպանուին: