«Գոշավանք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 6.
1237–1241 թուականներուն, գաւիթին հարաւային պատին գրեթէ կից, ամիրսպասալար [[Աւագ Զաքարեան]]ի կառավարիչ [[Գրիգոր Տղայ]] իշխանը կառուցած է Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ միանաւ թաղածածկ եկեղեցին, որու յարդարանքին արտակարգ ճոխութեան եւ նրբագեղութեան համար Կիրակոս Գանձակեցին անուանած է «զարմանակերտ»: Եկեղեցին, թէեւ փոքրաչափ է, սակայն աչքի կը զարնէ իբրեւ միջնադարեան տպաւորիչ ստեղծագործութիւն: Վանահայր Մարտիրոսի օրով (մինչեւ [[1241]]) գաւիթէն հիւսիս, անոր կամարակապ միջանցքով հաղորդակից, կոպտատաշ մեծ քարերով կառուցուած են վանքին փայտածածկ գրատունը եւ անոր արեւմուտքէն կից ժամատունը: [[1254]]-ին, Մխիթար Գոշի դամբարանին քով, Խաչատուր վարդապետ եւ Բարսեղ կառուցած են խորանարդաձեւ ծաւալով, գմբէթաւոր Ս. Գէորգ եկեղեցին:
 
Գոշավանքը Ժգ. դարուն եղած է Հայաստանի կրօնական, կրթական եւ մշակութային մեծ կեդրոն մը: Հոն գործած է բարձր մակարդակի ուսումնական հաստատութիւն մը, որ պատմական աղբիւրներուն մէջ անուանուած է վարժապետարան, համալսարան եւ ճեմարան: Գոշավանքի վարդապետարանին մէջ դասաւանդած են հայոց եւ օտար լեզուներ ([[յունարէն]], [[լատիներէն]]), քերականութիւն, փիլիսոփայութիւն, ճարտասանութիւն, երաժշտութիւն, գրչութեան արուեստ եւ նկարչութիւն: Հոս կրթուած եւ գործած են Կիրակոս Գանձակեցին եւ Վանական Վարդապետը, որոնք հետագային իրենց հիմնած դպրոցներուն մէջ շարունակած են Գոշավանքի վարժապետարանի աւանդները: Գոշավանքի մէջ ընդօրինակուած եւ ստեղծուած են բազմաթիւ ձեռագիրներ, որոնք պահուած են վանքին գրատան մէջ:
 
Ժգ. դարուն Գոշավանքը ստացած է բազմաթիւ նուիրատուութիւններ՝ գիւղեր, այգիներ, վարելահողեր, անտառներ, ջրաղացներ, դրամ, գիրքեր եւ այլն: 1242–1250 թուականներուն Զաքարեան իշխանները իրենց սեփականութիւն հանդիսացող Գոշավանքը, կալուածներով հանդերձ, 40 հազար դուկատով վաճառած են [[Կարին]]<nowiki/>էն [[Արեւելեան Հայաստան]] տեղափոխուած այդ օրերու նշանաւոր հարուստներէն մէկուն՝ պարոն Ումեկին, որու ժառանգները մինչեւ Ժդ. դարու կէսը տիրած են վանքին: [[1260]]-ին Գոշավանքը ազատած է եկեղեցական տուրքէն: [[1291]]-ին վարդապետ Դասապետը եւ անոր եղբայրը՝ Կարապետը, ձեռամբ ճարտարապետներ Զաքիոսի ու Գրիգորի, գրատան փայտէ ծածկոյթը փոխարինած են երկու զոյգ խաչուող կամարներ ունեցող համակարգով մը: Անոնք իբրեւ երկրորդ յարկ կառուցած են Ս. Հրեշտակապետաց խաչաձեւ յատակագիծով եկեղեցին եւ անոր վրայ՝ սիւնազարդ զանգաշտարակ (չէ պահպանուած): Վանքին գրատուն-եկեղեցի-զանգակատունը օրինակ ծառայած է [[Ժդ. դարու]] հայկական երկյարկ եկեղեցիներուն համար:
Տող 12.
[[Պատկեր:Goshavank-half-ruined.jpg|300px|աջից]]
 
Գոշավանքի համալիրին բաղկացուցիչ մաս կը կազմեն խաչքարերը, որոնց շարքին կ'առանձնանան վարպետ Պօղոսին կերտած, ասեղնագործ նրբութեամբ քանդակուած զոյգ խաչքարերը՝ դրուած Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ արեւմտեան ճակատին առջեւ, մուտքին երկու կողմերը (հարաւային խաչքարը [[1935]]-ին տեղափոխուած է [[Հայաստանի պատմութեան պետական թանգարան]]): Հիւսիսային կողմը՝ մնացած խաչքարը, ըստ արձանագրութեան, [[1291]]-ին կանգնեցուցած է Սարգիս վարդապետը: Ժգ. դարու վերջը Դասապետ վարդապետը եւ իր մօրեղբայր Իգնատիոսը նորոգած են Ս. Աստուածածին եկեղեցին, պարսպապատած, այգի տնկած, որու բերքին մէկ մասը յատկացուած է վանքին հիւրանոցին:
 
Ժդ- Ժզ. դարերուն Գոշավանքի մէջ վանական կեանքը անկում ապրած է եւ վերստին աշխուժացած Ժէ. դարուն: Ժթ. դարու վերջը վանքը դադրած է գործելէ:
Տող 37.
|}Եկեղեցին չունի արտաքին պարիսպներ եւ շրջապատուած է գիւղական տուներով։ Վանական համալիրին բոլոր կառոյցները իրարու կցուած են բացի՝ [[Ս.Հռիփսիմէ]] եկեղեցիէն, որ տեղակայուած է վանական համալիրին դիմացի բլուրին վրայ։
[[Պատկեր:Sb-Gevorg-ekegheci.JPG|300px|ձախից]]
Համալիրին կառոյցները մեծ մասամբ կառուցուած են Ժբ.- Ժգ. դարերուն, այդ օրերուն հոն եկեղեցական կեանքը ծաղկում ապրած է։ Եկեղեցիները համահունչ են տեղի բնութեան հետ։ Բան մը, որ յատուկ էր այդ օրերու եկեղեցական ճարտարապետութեան։ Գոշի հիմնադրած Նոր Գետիկի վանքը հետագային ընդլայնուած է, նմանելով այդ օրերու վանքային համալիրներուն։ Անիկա բաղկացած է Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ([[1191]]), հետագային եկեղեցւոյ արեւմտեան կողմը կառուցուած է ժամատունը ([[1200]]-[[1203]])։ Վանական համալիրին յաջորդ եկեղեցին, որ կառուցուած է [[1241]]-ին Ս. Գրիգոր եկեղեցին է։ Գոշավանքի յաջորդ եկեղեցին Ս. Լուսաւորիչը կառուցուած է Ժգ. դարու կիսուն։ Այս կառոյցներուն քովը իր իւրօրինակութեամբ աչքի կը զարնէ գրատուն-զանգակատունը։ Ժգ. դարուն կառուցուած է երկու շէնք եւս, որոնցմէ Ս. Հռիփսիմէ փոքր եկեղեցին, իսկ յաջորդ կառոյցը Գոշի բնակարանն ու դամբարանն է։ Գոշավանքը իր ոճին մէջ իւրայատուկ վանական համալիր է, անիկա կը ներառէ միջնադարեան ճարտարապետութեան ողջ վաստակը։ Գոշավանքի ենթաճիւղերէն կը համարուի [[Խորանաշատ]]ի վարդապետարանը։ Խորանաշատի վարդապետարանը հիմնադրուած է Յովհաննէս վանականին կողմէ, որ ուսանած է [[Նոր Գետիկ]]ի վանքին մէջ։ Յովհաննէս Վանականը շարունակած է Նոր Գետիկի վանքին մէջ ձեւաւորուած աւանդոյթները։
Համալիրին կառոյցները մեծ մասամբ կառուցուած են Ժբ.- Ժգ. դարերուն, այդ օրերուն հոն եկեղեցական կեանքը ծաղկում ապրած է։ Եկեղեցիները համահունչ են տեղի բնութեան հետ։ Բան մը, որ յատուկ էր այդ օրերու եկեղեցական ճարտարապետութեան։
Գոշի հիմնադրած Նոր Գետիկի վանքը հետագային ընդլայնուած է, նմանելով այդ օրերու վանքային
համալիրներուն։ Անիկա բաղկացած է Ս. Աստուածածին եկեղեցիէն ([[1191]]), հետագային եկեղեցւոյ արեւմտեան կողմը կառուցուած է ժամատունը ([[1200]]-[[1203]])։ Վանական համալիրին յաջորդ եկեղեցին, որ կառուցուած է [[1241]]-ին Ս. Գրիգոր եկեղեցին է։ Գոշավանքի յաջորդ եկեղեցին Ս. Լուսաւորիչը կառուցուած է Ժգ. դարու կիսուն։ Այս կառոյցներուն քովը իր իւրօրինակութեամբ աչքի կը զարնէ գրատուն-զանգակատունը։ Ժգ. դարուն կառուցուած է երկու շէնք եւս, որոնցմէ Ս. Հռիփսիմէ փոքր եկեղեցին, իսկ յաջորդ կառոյցը Գոշի բնակարանն ու դամբարանն է։
Գոշավանքը իր ոճին մէջ իւրայատուկ վանական համալիր է, անիկա կը ներառէ միջնադարեան
ճարտարապետութեան ողջ վաստակը։ Գոշավանքի ենթաճիւղերէն կը համարուի [[Խորանաշատ]]ի
վարդապետարանը։ Խորանաշատի վարդապետարանը հիմնադրուած է Յովհաննէս վանականին կողմէ, որ ուսանած է [[Նոր Գետիկ]]ի վանքին մէջ։ Յովհաննէս Վանականը շարունակած է Նոր Գետիկի վանքին մէջ ձեւաւորուած աւանդոյթները։
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Գոշավանք» էջէն