«Ուիքիփետիա:Վստահելի աղբիւրներ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 25.
Ակադեմակական եւ անոր զուգահեռ կողմերէ վերատեսութեան ենթարկուած հրատարակութիւնները (անգլերէն՝ peer-reviewed publications) ամենալաւ հասանելի աղբիւրներն են: Սակայն, անոնցմէ որոշ մաս մը կրնայ հնաբոյր ըլլալ կամ աւելի նոր հետազօտութիւններով հերքուած ըլլալ, ուրիշ տեսութիւններու հետ մրցիլ, կամ ալ տուեալ բնագաւառին մէջ խնդրայարոյց ըլլալ: Վաւերական ոչ ակադեմական աղբիւրներ ալ կարելի է օգտագործել, յատկապէս հանրածանօթ վստահելի տպագրութիւններէ:
 
<br>
=== Լրատուական կազմակերպութիւններ ===
Լրատուական կազմակերպութիւններու նիւթերէն կարելի է օգտուիլ: Սակայն կան բացառութիւններ՝
 
* Հրատարակուած կարծիքը վաւերական է միայն իբրեւ հեղինակի կարծիք, եւ ոչ թէ իբրեւ փաստ: Ապրող մարդոց մասին յօդուածներուն մէջ, միայն բարձրորակ լրատուական կազմակերպութիւններու տեղեկութիւնները կարելի է օգտագործել:
 
* Տարաձայնութիւնները թերեւս լրատուական արժէք ունենան, բայց հանրագիտարանին մէջ ոչ մէկ տեղ կրնան գրաւել:
 
* Ակադեմական նիւթերու, ինչպէս բնագիտութեան կամ հին պատմութեան մասին, ակադեմական աղբիւրները կը գերադասեն լրատուական աղբիւրները: Որոշ լրատուական աղբիւրներ հակում ունին որոշ փաստացի տուեալները խեղաթիւրելու, ինչպէս նաեւ կարեւոր մանրամասնութիւններ դուրս ձգելու:
 
* Որոշ լրատուական կազմակերպութիւններ կ'օգտուին Ուիքիփետիայի յօդուածներէն իբրեւ իրենց գործի միակ աղբիւրը: Խոյզ- աշխատանք կատարողները պէտք է զգուշանան նման լրատուական միջոցներէ եւ վերջիններս իբրեւ գերադաս աղբիւր չընդունիլ եւ չնշել: