«Գոշավանք» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 81.
Պատկեր:Grigor Lousavorich apse.jpg|<center>Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ եկեղեցւոյ խորան</center>
</gallery>
=== Գրատուն-զանգակատուն ===
Գրատուն-զանգակատուն, այս կրկնայարկ շէնքը ճարտարապետական տեսակէտէն ուշագրաւ յուշարձան մըն է: Շինութեան գրատունը կառուցուած է [[1241]], զանգակատունը՝ [[1291]]: Գրատան մասը նման է [[Հաղբատի վանք]]ի գրատան: Քառակուսի յատակագիծ ունեցող շէնքին մէջ հանդիպակաց ներքին պատերը իրարու կապուած են զոյգ ցած որմնանիւթերուն յենող ուժեղ կամարներով, որոնք ներքին տարածութեան վերնամասին մէջ փոխադարձաբար հատելով՝ կը կրեն գրատան ծածկոյթը եւ անոր վերնաշէնք-զանգակատունը: Գրատան ներսի պատերուն մէջ կան խորշեր` ձեռագիրներ պահելու համար: Գրատան վրայ յաւելուած զանգակատունը լիովին ներդաշնակ է գոյություն ունեցող ներքնայարկին հետ, եւ միասին հիմք կը ծառայեն կրկնայարկ եկեղեցի-դամբարաններու (Եղուարդի Ս. Աստուածածին, [[Ամաղիի Նորավանքի Բուրթելաշէն]], [[Կապուտան]]) յատակագծային եւ ծաւալատարածական յօրինուածքին կազմաւորման համար: Որոշակի հետաքրքրութիւն կը ներկայացնէ անոր ծածկոյթին կեդրոնական մասին կառուցուածքը, ուր անցումը դէպի բազմանկիւնի լայն երդիքը կատարուած է շեղակի դրուած քարէ հեծաններու միջոցով, որոնք իրենց միջին մասերուն մէջ ունին եռատերեւ փորուածքներ (ինչպէս գեղագիտական, այնպէս ալ վերին լոյսը աւելի լայն անկիւնով սփռելու նպատակով):
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Գոշավանք» էջէն