«Ուիքիփետիա:Անաւարտ յօդուած» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 8.
 
Եթէ անաւարտ յօդուած մը վստահելի աղբիւրներ չունի, կամ յօդուածին նիւթը հանրագիտարանի մէջ գտնուելիք նիւթ մը չէ, կրնայ ջնջման ենթարկուիլ կամ իր տեղեկութիւնը դառնալ ուրիշ աւելի ընդհանուր յօդուածի մէկ մասը:
 
Թէեւ միայն կարճ բացատրութիւն մը արդէն ինքնին «անաւարտ յօդուած» կը համարուի, կ'արժէ միշտ յիշել որ Ուիքիփետիան բառարան չէ: Բառարանի մը եւ հանրագիտարանի մը տարբերութիւնը հետեւեալն է՝
* Բառարանի մը բացատրութիւնը կ'ըլլայ այդ բառին կամ կարճ նախադասութեան մասին, եւ յաճախ կ'ունենայ կարգ մը տարբեր բացատրութիւններ:
* Հանրագիտարանի մը բացատրութիւնը կ'ըլլայ ընդհանուր նիւթին մասին, եւ ոչ միայն բառին, եւ յաճախ կ'ունենայ միայն մէկ ուղիղ բացատրութիւն: