«Ուիքիփետիա:Վստահելի աղբիւրներ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 40.
 
=== Անկողմնակալ աղբիւրներ ===
Այն կազմակերպութիւնները եւ անհատները, որոնց տեսակէտերը ընդհանրապէս ծանօթ են իբրեւ ծայրայեղ կամ կեղծ ակադեմաականակադեմական, կարելի չէ օգտագործել իբրեւ վստահելի աղբիւր։
 
== Աղբիւրներու տեսակներ ==
* '''Գլխաւոր աղբիւրներ'''
Գլխաւոր աղբիւրներ կը նկատուին փաստաթուղթեր, յուշատետրեր, արխիւներ, ուսումնասիրութիւններ, դատաքննութիւններ, հսկողութեան տեսախցիկներ եւ կրօնական բնոյթի գիրքեր, որոնք ուղղակիօրէն կը նկարագրեն պատահար մը կամ երեւոյթ մը, ինչպէս նաեւ ականատեսներու, լրագրողներու կամ պատմագիրներու վկայութիւններ, որոնք ապրած են կամ ականատես եղած են տուեալ իրադարձութիւններուն:
* '''Երկրորդական աղբիւրներ'''
Տեղի ունեցող իրադարձութիւններէն մէկ քայլ հեռու կը համարուին:Անոնց սկզբնաղբիւրներն են գլխաւոր աղբիւրները, որոնք կը ներկայացնեն որեւէ վերլուծական, համադրական, մեկնաբանական, բացատրական, կամ որակաւորման արդիւնք: Ուիքիփետիան կը նախընտրէ այդ աղբիւրները:
 
* '''Երրորդական աղբիւրներ''' հանրագիտարանները եւ այլ համառօտագրութիւններն են, որոնք գլխաւորաբար կ'ամփոփեն երկրորդական աղբիւրները: Օրինակ՝ Ուիքիփետիան ինքը երրորդական աղբիւր մըն է: Երկրորդականի յատուկ դասագիրքերը նաեւ կարելի է երրորդական աղբիւրներ համարել: