«Ալեքսան Մնակեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 5.
{{քաղուածք|Ալեքսան Մնակեան: Հանրածանօթ Ալեքսը, որ իր հասակին կէսին մեծութեամբ ձեռնադաշնակով հմայեց ամբողջ Միջին Արեւելքը: Ռահպանի եղբայրներուն աջ բազուկը: Երգչուհի Ֆէյրուզի նախընտրած երաժիշտը: Ամէնուն բարեկամը: Սրամիտ Ալեքսը. ընդհանուր զարգացումով մէկ հատիկ Ալեքսը: Կրնայիր իրեն հետ խօսիլ որեւէ նիւթի մասին` քաղաքականութիւն, արուեստ, մշակոյթ, գրականութիւն, հայագիտութիւն, մանաւանդ` երաժշտութիւն:
 
Ալեքս եղած է ոչ միայն Լիբանանի, այլ Միջին Արեւելքի լաւագոյն աքորտէոնիստը: Մխիթարեան միաբանութենէն հայր Գրիգոր վրդ. Հեպոյեան եղած է ձեռնադաշնակի իր առաջին ուսուցիչը, որ նկատելով Ալեքսին տաղանդը` քաջալերած է, որ անպայման ստանայ ձեռնադաշնակի բարձրագոյն ուսում: 18 տարեկանին Ալեքս մեկնած է Իտալիա` մասնագիտանալու, եւ երեք տարուան դասընթացքը աւարտած` մէկ տարիէն, ու վերադարձած է Լիբանան: Ղեկավարած է «Նանօր» եւ «Ծնծղայ» պատանեկան երգչախումբերը:
 
Իր ամէնէն նշանաւոր եւ ամէնէն գնահատելի գործը եղած է մեր գաւառական եղանակներու պահպանումը: Կոմիտաս վարդապետին նման` ան հաւաքեց մեր բոլոր կորսուած գաւառական եղանակները, դասաւորեց, վերամշակեց, արձանագրեց եւ ձայնապնակներու վերածելով` կորուստէ փրկեց<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/222272#more Հեռացած Ընկերներ ]</ref>: |ՊՕՂՈՍ ՇԱՀՄԵԼԻՔԵԱՆ}}