«Թռչնակրիփ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎top: clean up, replaced: {{Անաղբյուր → {{Անաղբիւր using AWB
No edit summary
Տող 1.
{{ՎՖ}}{{Անաղբիւր}}
 
'''ԹռչնակրիփըԹռչնակրիփ'''ը, մասնաւորապէս թռչնազգիներու ժահրային [[հիւանդութիւն]] մըն է: Անոր յարուցիչը ինֆլուենզա Ա ժահրի պատկանող որոշ խմբաւորումներ են, մասնաւորապէս` H եւ N խմբաւորումները: Այս ժահրը կը հարուածէ մասնաւորապէս` [[հաւ]]<nowiki/>երը, բադերը, սագերը եւ հնդկահաւերը:
 
Յարուցիչ ժահրը կ'ապրի վարակուած թռչունին քիթի, բերանի եւ աչքի հեղուկներուն մէջ, ինչպէս նաեւ` անոնց կղկղանքին մէջ:
 
Թռչունէ թռչուն ժահրի փոխանցումը տեղի կ'ունենայ անմիջական դիպչելովդպելով:
 
Թռչնակրիփը տեսնուած է նաեւ խոզերու մօտ:
Տող 13.
Թռչնակրիփէ վարակուող հաւերը կ'ունենան հետեւեալ ախտանշանները` խորշոմած փետուրներ, սակաւակերութիւն, մարմնական տկարութիւն, յոգնածութիւն, փորքշուկ, հազ եւ անհաւասարակշռութիւն: Անոնց հաւկիթի արտադրութիւնը որոշապէս կը նուազի:
 
Այս ժահրը կրնայ այլափոխուիլ եւ ի վերջոյ հասնիլ մարդուն: Այլափոխուած ժահրը թռչուններէն մարդուն կը փոխանցուի զանազան ձեւերով: Այն անձերը, որոնք կ'ապրին ագարակներու մէջ, ուր կը գտնուին վարակուած թռչուններ, շուտով կը վարակուին այս հիւանդութեամբ, երբ անոնք անմիջական հպում ունենան վարակուած թռչուններուն հետ: Նոյնիսկ ագարակ այցելողներ նոյն ձեւով կրնան շուտով վարակուիլ այս հիւանդութեամբ: Ամէնէն դիւրին փոխանցման ձեւը վարակուած հաւը մորթելն է: Ժահրը կրնայ փոխանցուիլ մարդուն նոյնիսկ մեռած հաւերու եւ ագարակի մէջ գործածուած իրերու դպնալովդպելով:
 
Վարակուող անձը ախտանշաններ կ'ունենայ, երբ բաւարար քանակութեամբ յարուցիչ ժահրեր կը տեղաւորուին անոր քիթին, բերնին եւ աչքին մէջ: Քիթին եւ բերնին վարակիչ ժահրերը շուտով կը հասնին թոքեր եւ կը պատճառեն թոքերու բորբոքում` թոքատապ:
 
Թռչուններէ մարդոց եւ մարդէ մարդ փոխանցումը տեղի կ'ունենայ անմիջական հպումով-դպչելովդպելով եւ օդի ճամբով, այսինքն ժահրը կրնայ տարածուիլ օդին մէջ եւ օդի ներշնչումով յարուցիչ ժահրը մուտք կը գործէ մարդուն քիթին, բերանին եւ աչքերուն մէջ:
 
Թռչնակրիփը մարդուն մօտ կը յառաջացնէ ինֆլուենզայի նման ախտանշաններ, որոնք կրնան ըլլալ մեղմ-դեդեւթեթեւ եւ կամ ուժգին-զօրաւոր: Անոր ախտանշաններն են` ջերմութիւն, հազ, կոկորդի ցաւ, մկանային ցաւ, ակնազօդաբորբ (conjunctivitis) եւ շնչառութեան դժուարութիւն:
 
Առաջին վարակումով անհատը կ'ունենայ վարակամերժողականութիւն-դիմադրողականութիւն այս ժահրին դէմ եւ, հետեւաբար, ապագային ան երկրորդ անգամ վարակում չ'ունենար:
 
Թռչնակրիփով վարակուած անձը կրնայ ունենալ որոշ բարդութիւններ` թոքատապ եւ շնչահեղձութիւն, խռչափողատապ եւ ձայնի խռպոտութիւն, փորի ցաւ եւ փորհարութիւն, փսխունք, նեարդային-ջղային փոփոխութիւններ, մարմնական ցնցումներ, մտային խանգարումներ եւ նոյնիսկ մահ:
 
Մարդկային թռչնակրիփի ախտաճանաչումին համար խիստ կարեւոր է վարակուած անձին պատմականը, այսինքն` անոր ասպարէզը, գործը, կեցութեան վայրը, ագարակ այցելած ըլլալը, հաւերու հետ հպում ունեցա՞ծ է եւ կամ հաւ մորթա՞ծ է: Ախտաճանաչումը կը կայանայ յարուցիչ ժահրին յայտնաբերումով վարակուած անձին քիթի եւ բերանի հեղուկներուն եւ մասնաւորապէս լորձունքին մէջ: Անշուշտ կը կատարուին արեան որոշ քննութիւններ եւ թոքերու նկարումներ:
Տող 31.
Մարդկային թռչնակրիփը կարելի է կանխարգիլել նախազգուշական միջոցառումներով, պարզապէս` վարակուած ագարակներ չայցելելով եւ վարակուած հաւերէ հեռու մնալով:
 
2003-էն ետք թռչնակրիփը պատահած է շատ մը երկիրներու ագարակներու մէջ: Այս թուականէն ետք, համաձայն Առողջապահական միջազգայինՄիջազգային կազմակերպութեանԿազմակերպութեան, մարդկային թռչնակրիփը յայտնուած է հետեւեալ երկիրներու մէջ` Քանատա, Անգլիա, Թուրքիա, ԱզրպէյճանԱտրպէյճան, Չինաստան, Հոնկ Քոնկ, Միացեալ Նահանգներ, Հոլանտա, Իրաք, Եգիպտոս, ՔամպոտիաՔամպոչիա, Թայլանտ, Վիեթնամ եւ Ինտոնեզիա:
 
2004-ին Քանատայի Պրիթիշ Քոլոմպիա նահանգին մէջ 42 ագարակներու մէջ պատահած են թռչնակրիփի յայտնաբերումներ: Այս պատճառով պետութեան որոշումով ոչնչացուած են 17 միլիոն հաւեր: 2015-ին դարձեալ Քանատայի կարգ մը ագարակներու մէջ տեսնուած են թռչնակրիփի պարագաներ:
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Թռչնակրիփ» էջէն