«Հելլենիզմ» եզրոյթըեզրը գիտական շրջանառութեան մէջ դրած է [[Գերմանիա|գերմանաց]]ի պատմաբան Եօ. ՏրոյզէնըՏրոյզէն ([[1808]]-[[1884]])` անոր տակ հասկնալով «Յունական պետականութեան եւ կրթուածութեանկրթութեան տարածումը» արեւելեան ժողովուրդներու մէջ, անտեսելով Հելլենիզմի հասարակական եւ տնտեսական էութիւնը: Այնուհետեւ Հելլենիզմը մեկնաբանուած է որպէս միայն մշակութային (Իւ. Կերստ), քաղաքական (Վ. Դառն) կամ տնտեսական (Մ. Ռոսդովցեւ) ազդեցութիւն: Հելլենիզմը բնորոշուած է նաեւ որպէս պատմական որոշակի ժամանակաշրջան՝ պայմանաւորուած յունական եւ տեղական հասարակական եւ տնտեսական, քաղաքական, մշակութային տարրերու ու սովորոյթներու փոխազդեցութեամբ (ԱՅ. Ռանովիչ եւ ուրիշներ): Հելլենիզմի ժամանակաշրջանի աւարտը ընդունուած է իբրեւ Ք.Ա. 30-ը, երբ [[Հռոմ]]ը նուաճած է հելլենիստական վերջին պետութիւնը՝ Պտղոմէոսեան [[Եգիպտոս]]ը, թէեւ Հելլենիզմին բնորոշ երեւոյթները շարունակած են գոյատեւել: