«Ֆիլիփ Մարշալ Պրաուն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
տեղափոխել եմ hy:Ֆիլիփ Մարշալ Պրաուն էջից, հեղինակ՝ Յարութ Չէքիճեան
 
(Տարբերութիւն չկայ)

Ընթացիկ տարբերակը 16:07, 18 Սեպտեմբեր 2020ի դրութեամբ

Ֆիլիփ Մարշալ Պրաուն (Յուլիս 31, 1875 – Մայիս 10, 1966)[1], դաստիարակ էր եւ դիւանագէտ: Ամերիկացի , ծնած էր Համփթըն, Մէյն, եւ կրթութիւնը ստացած Ուիլիէմզ Գոլէճ: 1900–1901, ան ծառայեց իբրեւ քարտուղար Լոյտ Ք. Կրիսքոմին եւ 1901-էն 1903 երկրորդ քարտուղարն էր Ամերիկեան դեսպանատան Կոստանդնուպոլիս: Ան Ծառայեց իբրեւ Դեսպանատան քարտուղար Կուաթեմալա եւ Հոնտուրաս, 1903–1907, եւ իբրեւ քարտուղար Կոստանդնուպոլսոյ Ամերիկեան դեսպանատան, 1907–1908: Վերջինէս մինչեւ 1910 պատուիրակ էր Հոնտուրասի: Հրաժարելով դիւանագիտական ծառայութենէն, ան միջազգային օրէնքի ուսուցիչ նշանակուեցաւ Հարվըրտ Համալսարան 1912-ին եւ յաջորդ տարին օգնական փրօֆէսօր միջազգային օրէնքի եւ դիւանագիտութեան Փրինսթըն, ուր հետագային նշանակուեցաւ փրօֆէսօր միջազգային օրէնքի (1915) ան գործակից խմբագիրն էր Ամերիկեան միջազգային օրէնսդրութեան հանդէս եւ գործակից անդամ էր Միջազգային Օրէնքի Հիմնարկին Պրուքսէլ: Ան հեղինակն էր Foreigners in Turkey (1914), International Realities (1917), International Society (1923), եւն.

Պրաուն նաեւ ծառայեց իբրեւ նախագահը Ամերիկեան Խաղաղութիւն Ընկերակցութեան, որ կը հրատարակէ World Affairs, միջազգային յարաբերութեան վերաբերող ամենահին ամերիկեան հանդէսը:

Ծանօթագրութիւններ Խմբագրել