«Աստուածածին Անապատ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{ԱՀ}} '''Աստուածածին Անապատ''', հին մենաստան Վայոց-ձոր գռ.ի մէջ, կը կոչուի նաեւ Մարիամ Աստուածածին՝ ե...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

17:12, 6 Դեկտեմբեր 2016-ի տարբերակ

Կաղապար:ԱՀ Աստուածածին Անապատ, հին մենաստան Վայոց-ձոր գռ.ի մէջ, կը կոչուի նաեւ Մարիամ Աստուածածին՝ եկեղեցւոյն սպիտակագոյն քարերուն համար, իսկ այլազգիք կը կոչեն Կիւլ վանք, շուրջը խիտ առ խիտ բուսած վայ վարդենիներու համար: Հիւսիսային կողմը պարսպապատ է, միւս կողմերը կան 30ի չափ սենեակներ ոմանք կամարակապ: Եկեղեցին փոքր է, քառակուսի եւ բարձրագմբէթ. ունի չորս դեղնագոյն քարէ սիւներ, վայելուչ քանդակուած պատկերներ սեղանին վրայ, որոնք անվնաս մնացած են գմբէթի չորս անկիւնները եղող չորս աւետարանչաց քանվապատկերներուն հետ: Վէմքարի վրայ քանդակուած կայ ծերունի քահանայի մը պատկերը, ձեռքերը վեր բարձրացուած: Արեւմտեան դրան ճակատը սպիտակ քարի վրայ քանդակուած է Տիրամայրը՝ Յիսուս գիրկը: Եկեղեցիս ունի նաեւ փոքր գաւիթ մը, որուն առաստաղը բոլորովին խոնարհած է, եւ գեղեցկաշէն զանգակատուն մը: Արտաքին հիւսիսային որմոյն վրայ կայ քանդակապատկեր մը, որ կը ներկայացնէ լայն զգեստով մեծաշուք եւ գլուխը խոյր դրած մարդ մը՝ ձեռքը ուղիղ բռնած, կը կարծուի թէ Պռօշ իշխանն է, նոյն ձեւով զարդարուն զգեստներով պատանի մ’ալ կայ մօտը, որոյ գլխուն վրայ գրուած է Ամեր Հասան որդի Պռաշայ: Եկեղեցւոյ արեւելեան որմոյն վրայ ագուցուած են խաչքարինք. Հարաւայնոյն վրայ կայ երկու խաչակիր ձեռաց քանդակ եւ 1334 թուականը, այդ քանդակները տեղերնէն ինկած լինելով՝ դրուած են եկեղեցւոյ մէջ: Վանացս եկեղեցւոյ դուրսը եւ ներսը կան բաւական թիւով արձանագրութիւնք զանազան միաբանող եւ նուիրատու անձանց:

Աղբիւրներ

  • Հայ Հանրագիտակ, Հ. Մկրտիչ Վարդ. Պոտուրեան, 1938, Պուքրէշ, Հատոր Բ., էջ 233: