«Եուկոսլաւիա» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
հանրծապետութիւններէ.- հանրապետութիւններէ.
→‎Պատմութիւն: սպաննուեցաւ -սպանուեցաւ
Տող 32.
Այս ժողովուրդները ԺԹ. Դարուն կ՛ըմբռնեն, թէ իրենց անկախութիւնը կարելի կը դառնայ իրենց միացումով միայն։ Սակայն միայն Սերպիա եւ Մոնթենեկրօ կրնան անկախութիւն ստանալ, իսկ միւսները ենթակայ կը մնան աւստրօ – հունգարացիներուն։ (Սերպիա ենթակայ էր [[Օսմանեան Կայսրութիւն|թուրքերուն]] եւ անկախութիւն ստացաւ 1878-ի [[Պերլին]]ի դաշնագրով)։
 
[[Համաշխարհային Առաջին Պատերազմ|Համշխարհային Առաջին պատերազմէն]] ետք, բոլոր սլաւ երկիրներու պատուիրակները Սերպիոյ միանալ պահանջեցին։ Միութիւնը յայտարարուեցաւ [[Պելկրատ]]ի մէջ 1 Դեկտեմբեր 1918-ին, ի շահ Սերպիոյ Փիեռ Ա. թագաւորին։ Ասոր զաւակը՝ Ալեքսանդր Ա. իրեն յաջորդեց 16 Օգոստոս 1921-ին։ Ունեցաւ դժուարին պայմաններ, որովհետեւ խրուաթները ինքնավարութիւն պահանջեցին, Տոքթ. Սթեֆան Ռատիչի առաջնորդութեամբ։ Ալեքսանդր Ա. խրուաթի մը կողմէ սպաննուեցաւսպանուեցաւ Մարսիլիոյ մէջ (9 Հոկտեմբեր 1934)։ Անոր զաւակը՝ Փիեռ խնամակալ նշանակուեցաւ։
 
Խնամակալ իշխանը Առանցքի երկիրներուն հետ դաշինք մը ստորագրեց 25 Մարտ 1941-ին եւ այդ իսկ պատճառով վար առնուեցաւ։ Գերմանները Եուկոսլաւիա արշաւեցին 6 Ապրիլ 1941-ին եւ թագաւորը փախուստ տուաւ։