«Հաբանդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ « '''Հաբանդ''', գրաբար՝ '''Միւս Հաբանդ''', երբեմն ուղղակի Հաբանդ, գաւառՄեծ Հայքի Արցախ նահանգի կազմ...»:
Պիտակ: Տեսողական խմբագրիչը անջատուած է
(Տարբերութիւն չկայ)

16:57, 26 Հոկտեմբեր 2020-ի տարբերակ

Հաբանդ, գրաբար՝ Միւս Հաբանդ, երբեմն ուղղակի Հաբանդ, գաւառՄեծ Հայքի Արցախ նահանգի կազմին մէջ, Կարկառ գետի աջ ափէն մինչեւ Դիզափայտի լեռները եւ Քիրսի լեռնաշղթայէն մինչեւ Մուխանք դաշտի արեւմտեան եզերքը[1]։

Աշխարհագրութիւն

Հաբանդի տարածքը մօտաւորապէս կը համապատասխանէ ներկայի ԼՂՀ Մարտունիի եւ Հադրութի շրջաններուն։

Պատմութիւն

Հաբանդի Ամարաս աւանի եկեղեցին եւ վանքը հիմնած է Գրիգոր Ա Լուսաւորիչը։ Հոն ամփոփուած է Գրիգորիսի (Գրիգոր Ա. Լուսաւորիչի թոռը) աճիւնը, որու վրայ Ե. դարուն Վաչագան Գ. Բարեպաշտ թագաւոր կառուցած է Ս. Գրիգորիս մատուռը։ Նշանաւոր էր Հաբանդի Գտիչ կամ Քթիշ բերդաւանը (ներկայիս Հադրութի շրջան)` համանուն եւ եպիսկոպոսանիստ վանքով։ Գտիչէն ոչ հեռու (ներկայիս Տող եւ Տումի գիւղերուն քով) գտնուող Գորոզ բերդաւանին (ծանօթ է Ը.-Թ. դարերէն) անունով հայ քերական-մեկնիչները (Համամ Արեւելցի, Վարդան Արեւելցի եւ ուրիշներ) յաճախ կոչած են Հաբանդ, իսկ «Գորոզի բարբառ» ըսելով՝ հասկցած առհասարակ Արցախի բարբառ։ Ուշ միջնադարուն Հաբանդ վարչականօրէն բաժնուած է Դիզակի (հարաւային մասը) եւ Վարանդայի (հիւսիսային մասը) գաւառներու՝ համանուն մելիքութիւններով, որու պատճառով մոռցուած է հնագոյն անուանումը։

Տես նաեւ

Գրականութիւն

  • Թ.Խ. Յակոբեան (1981). Հայաստանի պատմական աշխարհագրութիւն. Երեւան։ «Միտք»։

Ծանօթագրութիւններ