«Աստուածատուր Ջունդ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «'''Աստուածատուր Ջունդ''' 1825 - 1897 Ջունդեան ազգատոհմի սիրիլը կ'սկսի Անիէն: ԺԴ. դարուն մեծ գալթ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

07:21, 22 Օգոստոս 2014-ի տարբերակ

Աստուածատուր Ջունդ 1825 - 1897

Ջունդեան ազգատոհմի սիրիլը կ'սկսի Անիէն: ԺԴ. դարուն մեծ գալթականութենէ մը, Անիի աւերումէն ետք կը դիմէ Լեհաստանի Կալիցիա գաւառը: Աստուածատուրի հափրը անկէ անցած է Սուզանա: Մայրն ալ տը Բրօնկուլ գերդաստանէն է որ իր ազնուականութեան տիտղոսը ընդունած է Մարի Թէրէզա կայսրուհիէն:

Աստուածատուր ծնած է 1826 օգոստոս 14-ին: Հազիւ 5 տարեկան էր երբ իր մայրը մեռաւ: Ինք 12 տարեկան էր երբ 1837ին իր հայրը Վիեննա Մխիթարեան վանքը տարաւ զինքը` որոնց աշակերտելով փայլեցաւ ուսման ամէն ճիւղերուն մէջ, մանաւանդ պատմականին և փիլիսոփայութեան: Իր հօրը մահէն ետքը մեկնեցաւ վանքէն և հոս հոն թափարռելէ ետք վերադարձաւ Սուչուվա ուր տեղի հայ վարժարանին տեսուչ ընտրուեցաւ, հոն մեծ ոյժ տուաւ հայ լեզուի ուսման որ անհետանալու վրայ էր Աւստրիական կառավարութենէն ալ կարգ մը արտօնութիւններ ստացաւ:Պօլին եղաւ 1853-ին և ծանօթացաւ Քարաքահէտ գերդաստանին հետ, որուն անդրանիկ զաւկին Աբրահամ փաշայի հետ ուղաւորիցաւ Բարիզ: Վիեննայէն անցնելով Նուպար փաշայի հետ ալ մտերմութիւն կը հաստատէ:

Վիեննայի մէջ արաջարկուեցաւ իրեն գիուանագիտական ասպարէզի մէջ մտնել, սակայն ինք հրաժարելով` վաճարականութեան հետեւեցաւ և կրցաւ քիչ ժամանակուան մէջ մեծ վաճառական մը ըլլալ, վայելելով նոյնիսկ Օսմանեան կառավարութեան յարգանքը` որուն հետ փայտի վաճառականութիւն կ'ընէր: Օսմանեան կսռավարութենէն պատուուած էր Մէճիտէի պատուանչանով, իր յարատեւութեան շնորհիւ մեծապէս կը փայլի և հարստութեան սէր կ'ըլլայ: Բայց Ջունդ մրայն հարուստ չեղաւ այլ գրագէտ, Շահնազարեան Կարապէտ Վ.-ի առաջարկութեամբ կը թարգմանէ Ergaenzungs blattiի հայոց մասին գրութիւնը, կը թարգմանէ Ֆրանսերէնի Առաքէլ պատմիչը, կարգ մը ծանօթութիւներով, որ տնտիպ կը մնայ Պռոսէի թարգմանութիւնը լսելով:

Մեծապէս նպաստածէ Ազգ Ս. Փրկչեան հիւանդանոցին իբրև հոգաբարձու և ատենապէտ կարեւոր դէր մը ատանձնելով 1860-ին