«Շահումեան (Արցախ)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 3.
 
== Տարածութիւն ==
Շահումեան արեւելքէն սահմանակից է [[Մարտակերտ]]<nowiki/>ին, հարաւէն՝ [[Քաշաթաղի շրջան]]<nowiki/>ին, հիւսիս-արեւմուտքէն՝ ՀՀ [[Գեղարքունիքի մարզ|Գեղարքունիք]]<nowiki/>ին եւ հարաւ-արեւմուտքէն [[Սիւնիքի մարզ|Սիւնիք]]<nowiki/>ին, [[Վայոց Ձոր]]<nowiki/>ին, Հիւսիսային մասին մէջ Շահումեանի շրջանը սահմանակից է [[Ազրպէյճան]]<nowiki/>ին ինչպէս նաեւ բռնակացուած հայկական հողատարածքներուն մէջ ձեւաւորուած Խանլարի շրջաններուն։
 
Շահումանի շրջանին տարածութիւնը 1837,5 քառ. քմ է: 2009-ի տուեալներով ունէր 2821 բնակիչ: Շրջանը կը կազմէ ԼՂՀ տարածութեան 16,1%-ը, իսկ բնակչութիւնը` 2%-ը<ref>{{Cite web|url=https://www.armgeo.am/shahumyan-region/|title=Շահումեանի շրջան|last=|first=|date=|website=|publisher=|language=}}</ref>:
== Բռնագրաւուած եւ ազատագրուած տարածքներ ==
Շահումեանի շրջանին մէկ մասը այսօր բռնագրաւուած է Ազերիներէն: Յունիս 1992-ին, ազրպէյճանական բանակին կողմէ շրջանին բռնագրաւման պահուն, հոն կային 18 բնակավայրեր եւ շուրջ 25.000 բնակիչ։ Այս շրջանին մէջ կը գտնուին Լեռնային Ղարաբաղի ամենահին քրիստոնէական յուշարձաններէն՝ Գլխավանքը[[Գլխավանք]]<nowiki/>ը եւ Օրեկավանքը։[[Օրեկավանք]]<nowiki/>ը։ Բռնագրաւուած հատուածին մէջ կը գտնուի նաեւ հերոսական Գետաշէնը<ref>[https://armedia.am/arm/news/21303/tchanache%D5%9Bnq-arcakhy-shahumyan.html Շահումեան]</ref>:
 
Շրջանին ազատագրուած տարածքին մէջ (Քարվաճառ, զոր ազերիները Քելբաջար կը կոչէին) կան 15 գիւղական բնակավայրեր, որոնց մեծ մասին բնակիչները տեղափոխուած են Ազրպէյճանի կողմէն բռնագրաւուած, պատմական Կիւլիստանի տարածաշրջանէն, որ խորհրդային տարիներուն կը կոչուէր Շահումեանի շրջան: Ահա թէ ինչու ազատագրուած այս մասն ալ Շահումեանի շրջան կ'անուանուի:
 
== Վայկունիք ==
Այսօրուան Շահումեանի շրջանը (ասիկա պատմական Հայաստանի այն տարածութիւնն է, զոր պատմահայր Խորենացին կ'անուանէ Վայկունիք, իսկ ԺԲ.- ԺԳ. դարերուն անիկա կոչուած է Վերին Խաչէն, իսկ աւելի ուշ՝ Քոլան), երբ Արցախ Ռուսաստանի[[Ռուսաստան]]<nowiki/>ի կազմին մէջ էր, անիկա ներառուած է Ճիւանշիր գաւառին մէջ եւ այդպէս ալ կոչուած է մինչեւ խորհրդային կարգերու հաստատումը: Այդպիսով բոլոր փաստերը կը հաստատեն, որ այս տարածքը միշտ ալ եղած է հայկական Արցախի անբաժանելի մէկ մասը:
== Հանրապետութեան հռչակում ==
1988-ի սկիզբներէն Շահումեանի շրջանին հայութիւնը հերոսաբար կը պայքարի Ազրպէյճանի 70-ամեայ գաղութային լուծին դէմ, կը վերամիանայ ԼՂԻՄ-ին, որուն հետ միասին կը հռչակէ Հանրապետութիւնը: Այդ հերոսական պայքարը կը շարունակուի մինչեւ 13 Յունիս 1992-ին, մինչեւ այն պահը, երբ ազրպէյճանական կանոնաւոր զօրքը ռուս եւ այլազգ վարձկան զինուորներու եւ սպաներու օգնութեամբ, մեծաթիւ հրասայլերով եւ զրահամեքենաներով կը ներխուժեն Շահումեանի շրջան: Անհաւասար ուժերու առկայութեան եւ սպասուող անհրաժեշտ օգնութեան ուշացման պատճառով, ինչպէս նաեւ համատարած ցեղասպանութենէն խուսափելու նպատակով, այս հերոսական շրջանին բնակչութիւնը ստիպուած, եւ մեծ դժուարութիւններով կը հեռանայ հայրենի սահմաններէն: Շահումեանի շրջանին աւելի քան 17 հազար հայերը ժամանակաւորապէս բնակութիւն կը հաստատեն Հայաստանի[[Հայաստան]]<nowiki/>ի Հանրապետութեան տարբեր շրջաններուն մէջ, իսկ փոքր մասը կը բնակի ներկայի Շահումեանի շրջանին մէջ:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==