«Շահումեան (Արցախ)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 12.
 
== Վայկունիք ==
Այսօրուան Շահումեանի շրջանը (ասիկա պատմական Հայաստանի այն տարածութիւնն է, զոր պատմահայր Խորենացին[[Մովսէս Խորենացի|Խորենացի]]<nowiki/>ն կ'անուանէ Վայկունիք, իսկ ԺԲ.- ԺԳ. դարերուն անիկա կոչուած է Վերին Խաչէն, իսկ աւելի ուշ՝ Քոլան), երբ Արցախ [[Ռուսաստան]]<nowiki/>ի կազմին մէջ էր, անիկա ներառուած է Ճիւանշիր գաւառին մէջ եւ այդպէս ալ կոչուած է մինչեւ խորհրդային կարգերու հաստատումը: Այդպիսով բոլոր փաստերը կը հաստատեն, որ այս տարածքը միշտ ալ եղած է հայկական Արցախի անբաժանելի մէկ մասը:
== Հանրապետութեան հռչակում ==
1988-ի սկիզբներէն Շահումեանի շրջանին հայութիւնը հերոսաբար կը պայքարի Ազրպէյճանի 70-ամեայ գաղութային լուծին դէմ, կը վերամիանայ ԼՂԻՄ-ին, որուն հետ միասին կը հռչակէ Հանրապետութիւնը: Այդ հերոսական պայքարը կը շարունակուի մինչեւ 13 Յունիս 1992, մինչեւ այն պահը, երբ ազրպէյճանական կանոնաւոր զօրքը ռուս եւ այլազգ վարձկան զինուորներու եւ սպաներու օգնութեամբ, մեծաթիւ հրասայլերով եւ զրահամեքենաներով կը ներխուժեն Շահումեանի շրջան: Անհաւասար ուժերու առկայութեան եւ սպասուող անհրաժեշտ օգնութեան ուշացման պատճառով, ինչպէս նաեւ համատարած ցեղասպանութենէն խուսափելու նպատակով, այս հերոսական շրջանին բնակչութիւնը ստիպուած, եւ մեծ դժուարութիւններով կը հեռանայ հայրենի սահմաններէն: Շահումեանի շրջանին աւելի քան 17 հազար հայերը ժամանակաւորապէս բնակութիւն կը հաստատեն [[Հայաստան]]<nowiki/>ի Հանրապետութեան տարբեր շրջաններուն մէջ, իսկ փոքր մասը կը բնակի ներկայի Շահումեանի շրջանին մէջ:
 
== Ծանօթագրութիւններ ==