«Արցախի Պատմութիւն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 26.
 
=== Միջնադար ===
Արաբական տիրապետութեան ժամանակաշրջանին 652 [[Թէոդորոս Ռշտունի|Թէոդորոս Ռշտունին]] Ասորիքի եւ Վերին [[Միջագետք]]ի կառավարիչ Մուավիայի հետ պայմանագիր մը կը ստորագրէ, որուն համաձայն Հայաստան կը պահպանէ իր ներքին ինքնավարութիւնը<ref>Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 85</ref>։ Սակայն Սեբէոսի վկայութեամբ բանակցութիւններուն մէջ Հայաստան առանձին կը դիտարկուէր Սիւնիքէն եւ Արցախէն։ Իրավիճակը կը փոխուի Թէոդորոս Ռշտունիի մահէն ետք, երբ գահ կը բարձրանայ անոր փեսան՝ Համազասպ Մամիկոնեանը։ Ան կը յաջողի իր իշխանութեան տակ առնել Մեծ Հայքի գրեթէ բոլոր գաւառները, այդ թիւին մէջ նաեւ՝ Արցախը։ Այդ տարիներուն տեղի ունեցած հակաարաբական ապստամբութիւնները վերջնականապէս կ'ունենան իրենց արդիւնքը եւ 885-ին արաբական խալիֆայութիւնը կը ճանչնայ [[Աշոտ Ա. ԲագրատունիիԲագրատունի]]<nowiki/>ի Մեծ Հայք նահանգի թագաւորութիւնը։ Այսպիսով, Հայաստան կը վերականգնէ իր անկախութիւնը եւ Արցախ դարձեալ կը յայտնուի համահայկական պետութեան կազմին մէջ։
 
==== Սելճուք-թուրքերու արշաւանքներու ատեն ====
Տող 33.
==== Զաքարեաններու օրով ====
[[Պատկեր:Zakarid Armenia 1200 map-fr.svg|300px|մինի|աջից|'''Արցախը Զաքարեան իշխանապետութեան կազմին մէջ, 13-րդ դար''']]
Հայերուն անհրաժեշտ էր [[Վրաստան]]<nowiki/>ի օգնութեամբ թօթափել սելճուք-թուրքերու լուծը։ Հայ-վրացական ռազմա-քաղաքական համագործակցութեան մէջ մեծ դերակատարութիւն կ'ունենան վրաց արքունիքին մէջ ծառայող հայ իշխանները, յատկապէս՝ Զաքարեաններու տոհմի ներկայացուցիչները<ref>Բալայեան Վ., Արցախի պատմութիւն, «Ամարաս», Երեւան, 2002, էջ 118</ref>։ ԺԲ. դարու 90-ական թուականներուն նոր թափ կը ստանայ Հայաստանի ազատագրման եւ հայկական պետականութեան վերածնունդի ապահովման գործը։ Հայ-վրացական միացեալ ուժերուն կողմէ կ'ազատագրուին հայկական տարածքները, որոնց թիւին մէջ՝ նաեւ Արցախը։ Սակայն Զաքարեանները չեն յաջողիր միաձոյլ կեդրոնաձիգ պետութիւն մը ստեղծել։ Այդ իսկ պատճառով հայոց միասնականութիւնը պահելու համար, Զաքարեան իշխանները խնամիական կապեր կը ստեղծեն գաւառային հզօր իշխանական տոհմերու հետ<ref>(Տե՛ս Գանձասարի գլխաւոր արձանագրութիւն)։</ref>։ Այս ժամանակաշրջանին Արցախի մէջ գտնուող երեք իշխանութիւնները՝ Ներքին Խաչէն, Հաթերք եւ Վերին Խաչէն, տարբեր յարաբերութիւններ ունէին Զաքարեաններուն[[Զաքարեաններ]]<nowiki/>ուն հետ։ Վերին Խաչէնը (Ծարա), որ ազատագրուած էր Զաքարեաններուն օգնութեամբ կ'ընդունէր վերջիններուս գերիշխանութիւնը։ Միջին Խաչէնի կամ Հաթերքի իշխանութեան տիրոյթները ժամանակի ընթացքին կը բաժնուին Վերին Խաչէնի եւ Ներքին Խաչէնի միջեւ։ Վերջինիս իշխանական տան ներկայացուցիչները, Արցախի միւս իշխանութիւններուն համեմատ աւելի անկախ էին։ Ներքին Խաչէնը տնտեսական եւ մշակութային աննախադէպ վերելք կ'ապրի Հասան-Ջալալի օրով։ Հասան Ջալալի տիտղոսն էր. «Բնակաւոր ինքնակալ բարձր ու մեծ արցախական աշխարհի թագաւոր յոգնասահման նահանգիւ»։ Ան կը կառուցէ [[Գանձասարի վանք|Գանձասար]]<nowiki/>ի մայր տաճարը, որ այնուհետեւ կը դառնայ Արցախի հոգեւոր կեդրոնը։ Նոյնանման զարգացման շնորհիւ երկրամասը նաեւ քաղաքական անկախութիւն կը ստանայ, որ կ'ընդունէին նոյնիսկ վրաց թագաւորները։<ref>(անգլերէն) The New Encyclopedia Britannica by Robert MacHenry (1993), p.761.</ref><ref>Բագրատ Ուլուբաբեան, «Խաչէնի իշխանութիւնը Ժ.-ԺԶ. դարերուն», Երեւան - 1975, էջ 30։</ref><ref>(Ռուսերէն) [http://www.vehi.net/istoriya/armenia/albanskymif.html#_ftn3 Վ. Շնիրելման, Ալբանական առասպել։] («Խաչէնը միջնադարեան հայկական աւատատիրական իշխանութիւն է Արցախի տարածքին, որ Ժ.- ԺԶ.դարերուն կարեւոր դեր ունեցած է Հայաստանի եւ ողջ տարածաշրջանին քաղաքական պատմութեան մէջ։»)</ref>։ Աւելի ուշ միջնադարուն, մասնաւորապէս Արաբական տիրապետութենէն (Է.-Թ. դարեր) ետք, այստեղ կային քանի մը իշխանական տուներ. Խաչէնի իշխանութիւնը սակայն կը գերիշխէր Արցախի մէջ։ Է. դարէն մինչեւ Թ. դարասկիզբ Արցախ գտնուած է Արաբական խալիֆայութեան տիրապետութեան տակ՝ Արմինիա կուսակալութեան կազմին մէջ։ Այդ շրջանին ըլլալով բազմաէթնիկ (Արցախի մէջ՝ հայեր, այլ գաւառներուն մէջ՝ աղուանական եւ իրանական ցեղեր ) Աղուանէն թագաւորութեան մաս մը գտնուած է իշխող Միհրանեան տոհմին տիրապետութեան տակ։
 
==== Մոնկոլական արշաւանքներուն ատեն ====