«Ստրաբոն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «մինի|աջից '''Ստրաբոն''', յոյն պատմիչ եւ աշխարհագրագէտ։ Հեղինակն է «Պատմութիւն» (չէ պ...»:
Պիտակ: Տեսողական խմբագրիչը անջատուած է
(Տարբերութիւն չկայ)

15:53, 30 Հոկտեմբեր 2020-ի տարբերակ

Ստրաբոն, յոյն պատմիչ եւ աշխարհագրագէտ։ Հեղինակն է «Պատմութիւն» (չէ պահպանուած) եւ «Աշխարհագրութիւն» երկերուն։

Ստրաբոն ծնած է ազնուական ընտանիքի մը մէջ, Ք. ա. շուրջ 63-ին, Պոնտոսի Ամասիա քաղաքը[1] ։ Ուսանած է Նյուսայի եւ Հռոմի ճարտասանական դպրոցներուն մէջ։ Ստացած է փիլիսոփայական կրթութիւն։ Ստրաբոն ճամբորդած է Յունաստան, Փոքր Ասիա, Հայաստան, Իտալիա եւ Եգիպտոս։ Գրած է «Պատմական յիշատակարաններ»ը, որ բաղկացած է 43 գիրքերէ։ Ք.ա. 145–Ք.ա.127 թուականներու իրադարձութիւններուն մասին պատմող այդ երկէն պատառիկներ հասել մեզ։ Ք.ա. 7 թուականէն սկսած է գրել իր հռչակաւոր «Աշխարհագրութիւնը», որ շարունակութիւնն է «Պատմական յիշատակարաններ»ուն։ «Աշխարհագրութիւն» երկին մէջ Ստրաբոն շարադրած է ե՛ւ իր տեսածն ու ուսումնասիրածը, ե՛ւ օգտուած է բազմաթիւ հին հեղինակներու գործերէն։ «Աշխարհագրութիւն» երկը բաղկացած է 17 գիրքերէ։ Ան գրած է Եւրոպայի, Ասիոյ եւ Ափրիկէի երկիրներուն ֆիզիքական ու պատմական աշխարհագրութիւնը, հարուստ տեղեկութիւններ հաղորդած է այդ երկիրներուն քաղաքական պատմութեան եւ հասարակական յարաբերութիւններուն մասին։ Հեղինակին մտայղացումով՝ «Աշխարհագրութիւնը» պէտք է գործնական ձեռնարկ ըլլար Հռոմի պետական գործիչներուն համար։ Ստրաբոնի «Աշխարհագրութիւնը» անգնահատելի սկզբնաղբիւր մըն է նաեւ Հայաստանի բնութեան, պատմութեան, աշխարհագրութեան, տնտեսութեան եւ մշակոյթին մասին, անոր հաղորդած կարգ մը տեղեկութիւնները եզակի բնոյթ ունին, առանց որոնց կարելի չէ բաւարար չափով կողմնորոշուիլ Ք.ա. 2-1 դարերուն Հայոց պատմութեան բազմաթիւ հարցեր ուսումնասիրելու ատեն։ Ստրաբոնի «Աշխարհագրութիւն» երկը իր ժամանակին իւրայատուկ պատմաաշխարհագրական հանրագիտարան մըն է։

Ստրաբոն հայերուն մասին

  «Բուն Հայաստանի մէջ կան շատ լեռներ եւ լեռնադաշտեր, ուր որթատունկը դիւրին չ'աճիր. (կան նաեւ) շատ հովիտներ, մէկ մասը՝ միջակ, միւսները՝ խիստ բերրի, ինչպէս Արաքսի դաշտը, որմով Արաքս գետը կը հոսի մինչեւ Ալպանիոյ (Աղուանք) եզրերը եւ կը թափի Կասպից ծով, այնուհետեւ՝ Շակաշէնը, որ սահմանակից է Ալպանիոյ եւ Կուր գետին, յետոյ՝ Գոգարենէն։ ...Կ'ըսեն, թէ հոն լեռնանցքներուն մէջ յաճախ ամբողջ քարաւաններ բուքի ընթացքին ձիւնին տակ կը մնան։ Նմանօրինակ վտանգներուն համար անոնք գաւազաններ ունին, որոնք ձիւնը մակերեսէն դուրս կը հանեն, ինչպէս նաեւ անցորդներուն նշան տալու համար, որպէսզի օգնութեան հասնին, դուրս հանեն եւ փրկեն զիրենք»:
- Ստրաբոն
 


Ծանօթագրութիւններ

Արտաքին յղումներ