Content deleted Content added
Տող 16.
;Վերջին աւելցուցած լուռս՝
 
*[[ԱՄՆ]]-ի ամբողջ տարածքին Նոյեմբեր 3-ին տեղի կունենան նախագահական ընտրութիւններ։ Գլխաւոր թեկնածուներն են Հանրապետական Կուսակցութեան թեկնածու եւ ներկայ ԱՄՆ-ի նախագահ [[Տանըլտ Թրամփ]]ը եւ Դեմոկրատ Կուսակցութեան թեկնածու եւ նախկին փոխ նախագահ Ճօ Պայտընը։
* Հայաստանի նախագահ [[Արմէն Սարգսեան]], Յունիս 24-ին, ստորագրեց Ազգային Ժողովին կողմէ ընդունուած «Ազգային Ժողովի կանոնակարգ» սահմանադրական օրէնքին մէջ փոփոխութիւններ եւ լրացումներ կատարելու մասին: Այս օրէնքին ընդունումէն ետք նախագահ Սարգսեան այլեւս լիազօրութիւն չ’ունի ստորագրելու Սահմանադրութեան փոփոխութիւններու օրէնքը, որուն հրապարակումէն ետք կը դադրեցուի Սահմանադրական դատարանի 3 անդամներու պաշտօնավարումը, իսկ Սահմանադրական դատարանի ներկայի նախագահ Հրայր Թովմասեան կը շարունակէ պաշտօնավարել` իբրեւ անդամ:
*Ֆրանսայի կառավարութիւնը արգիլեց թրքական ծայրահեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան գործունէութիւնը ֆրանսական հողերու վրայ, [[Հայոց Ցեղասպանութիւն|Հայոց Ցեղասպանութեան]] զոհերու յիշատակին [[Լիոն]]ի մէջ կառուցուած յուշահամալիրի պղծումէն ետք ուր դեղին ներկով թրքամէտ գրութիւններ էին կատարուած էին, մասնաւորաբար` «Գորշ գայլեր» եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի անուան առաջին տառերը՝ RTE վերարտադրուած յուշահամալիրի վրայ։
* «Օսմանեան սուլթանութեան ցեղասպանութեան զոհերու քրիստոնէական միասնական յուշահամալիր» հիմնադրուած է Պերլինի մէջ, հայերու, յոյներու եւ արամէալեզու քրիստոնեաներու նուիրուած Պերլինի Շառլոթնպուրգ թաղամասի աւետարանական պանթէոնի մէջ։
* Հայազգի ֆրանսացի քաղաքական գործիչ եւ բնապահպան 39 տարեկան Ժաննա Բարսեղեանը ընտրուեցաւ Սթրազպուրկի քաղաքապետ: Ան ընտրութիւններուն ստացած էր ընտրողներու 42,5% քուէ: Ան կը գլխաւորէ ֆրանսական «Էքոլոկիա՝ կանաչներու կուսակցութեան» ցուցակը։
 
=Ստեղծած էջեր Արեւմտահայերէն Ուիքիփետիայի մէջ=