«Մոնթէ Մելքոնեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն
Content deleted Content added
Տող 37.
Արտասովոր ընդունակութիւններու տէր, 12 տարեկանէն (այդ տարիքին է, որ ան տեղեկացած է իր հայ ըլլալուն մասին) ծնողներուն հետ 15 ամեայ տղան ճամբորդութիւններ կը կատարէ դէպի [[Եւրոպա]]յի, [[Ափրիկէ]]ի եւ [[Մերձաւոր Արեւելք]]ի 41 քաղաքներ։ Կ՛երթայ [[Արեւմտեան Հայաստան]]՝ իր պապերուն տունը։ Կ՛ուսումնասիրէ [[1915 թուական|1915]]-ի Մեծ [[Եղեռն]]ի պատմութիւնը։
[[1975]] թուականին՝ գերազանց գնահատականով կ՛աւարտէ «Մաունթ Ուիթնի»ի միջնակարգ դպրոցը։ 20 տարեկանին կ՛ընդունուի Գալիֆորնիոյ Պըրքլիի համալսարանը։ Բացարձակ ընդունակութիւններու տէր՝ ան չորս տարուան դասընթացքը կ՛աւարտէ կրկնակի տիտղոսով՝ ստանալով հնագիտութեան եւ ասիական պատմութեան
Մոնթէ իր աւարտաճառը կը նուիրէ [[Վանի թագավորություն|Վանի թագաւորութեան]], ժայռափոր դամբարաններու ուսումնասիրութեան եւ կը պաշտպանէ զայն [[1978 թուական|1978]]-ին։ կ՛արժանանայ կրթաթոշակի՝ [[Օքսֆորտ (համալսարան)|Օքսֆորտ]] համալսարանի դոկտորականը պաշտպանելուն համար։ Սակայն Մոնթէն [[Անգլիա|Անգլիոյ]] փոխարէն կ՛երթայ Արեւմտեան Հայաստան՝ [[Վասպուրական]]ի ժայռափոր դամբարանները եւ կացարանները չափագրելու եւ ուսումնասիրելու համար։
|