«Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/11-2020» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
*[[ԱՄՆ]]-ի ամբողջ տարածքին Նոյեմբեր 3-ին տեղի կ'ունենան նախագահական ընտրութիւններ։ Գլխաւոր թեկնածուներն են Հանրապետական Կուսակցութեան թեկնածու եւ ներկայ ԱՄՆ-ի նախագահ [[Տանըլտ Թրամփ]]ը եւ Դեմոկրատ Կուսակցութեան թեկնածու եւ նախկին փոխ նախագահ [[Ճօ Պայտըն|Ճօ Պայտընը]]։
*Ֆրանսայի կառավարութիւնը արգիլեց թրքական ծայրահեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան գործունէութիւնը ֆրանսական հողերու վրայ, [[Հայոց Ցեղասպանութիւն|Հայոց Ցեղասպանութեան]] զոհերու յիշատակին [[Լիոն]]ի մէջ կառուցուած յուշահամալիրի պղծումէն ետք ուր դեղին ներկով թրքամէտ գրութիւններ էին կատարուած էին, մասնաւորաբար` «Գորշ գայլեր» եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի անուան առաջին տառերը՝ RTE վերարտադրուած յուշահամալիրի վրայ։
* «Հայաստան» հիմնադրամը կը յայտնէ, որ համազգային դրամահաւաքին մասնակցած է համայն հայութիւնը աշխարհի 70-է աւելի երկիրներէ եւ հիմնադրամին փոխանցուած է աւելի քան 150 միլիոն տոլար նուիրատաւութիւն Հայաստանի ու Արցախի։
* 2020-ի Խաղաղութեան [[Նոպէլեան Մրցանակ|Նոպէլեան մրցանակ]]ի դափնեկիրը ընտրուած է [[Պարէնի Համաշխարհային Ծրագիր|Պարէնի համաշխարհային ծրագիրը]], ի տես անոր պատերազմական տարածքներու մէջ սովի դէմ պայքարելու, եւ այդ տարածքներու պայմաններու բարելաւման եւ խաղաղութեան հաստատումին ի նպաստ տածած ջանքերուն: