«Էրզրում» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Տող 6.
== Աշխարհագրական դիրք ==
Քաղաք [[Մեծ Հայք|Մեծ Հայքի]] [[Բարձր Հայք]] աշխարհի Կարին գաւառին մէջ, Կարնոյ սարահարթին մէջ, [[Եփրատ գետ|Եփրատ]] գետի ձախ կողմը, Այծպտկունք լերան հիւսիս արեւմտեան լանջերուն, ծովու մակերեւոյթէն շուրջ 2000 մ բարձրութեան վրայ։ Քաղաքէն հարաւ կ'երեւին Հաւատամք լերան բլրաշարերը։ Արեւելքէն կ'երկարի Դավաբոյնի լեռնաշղթան, իսկ հիւսիսէն եւ արեւմուտքէն քաղաքին մօտերը կը տարածուի [[Կարնո դաշտ|Կարնոյ դաշտը]]։ Ունի զով ու առողջարար կլիմայ, առատ եւ սառնորակ խմելու ջուր։ Ձմեռը հոս երկարատեւ ու խստաշունչ է, ամառը՝ զով, կարճատեւ<ref>[http://anitour.am/destinations.php?erzrum Էրզրում]</ref>։
== Պատմութիւն ==
Կարինը [[Հայկական լեռնաշխարհ]]ի հնագոյն բնակավայրերէն է։ Անոր հիմնադրումը կը վերագրուի Ք.ա. 2 - րդ հազարամեակի 2-րդ կէսին ապրած հայոց (Հայասական) թագաւոր Կարաննիին, որմէ ալ յառաջացած է «Կարին» անունը։ Քաղաքին անուան ծագումնաբանութիւնը կը կապուի նաեւ Կարինիտես անձնանունին կամ նոյնանուն ցեղանունին հետ։ Կարնոյ մասին պատմական հաւաստի տեղեկութիւնները պահպանուած են յունահռոմէական (1-ին դարուն) եւ հետագայի հայ պատմիչներու գործերուն մէջ։ [[Երուանդունիներ|Երուանդունի]], [[Արտաշիսեան]] եւ [[Արշակունիներ|Արշակունի]] թագաւորական հարստութիւններուն ատեն (6-րդ դարուն եւ Ք.ա, 5-րդ դարուն), Կարինը Կարնոյ գաւառին կեդրոնն էր։ Անոր դերն ու նշանակութիւնը կը սկսի մեծնալ յատկապէս 387-ին Հայաստանի առաջին բաժանումէն ետք, իբրեւ բիւզանդական մասի սահմանային կարեւորագոյն բերդաքաղաք։ [[Բիւզանդիոն|Բիւզանդիոնի]] Թէոդոս Բ. կայսեր (408 - 450) յանձնարարութեամբ, Անատոլ զօրավարը, 431-ին Կարինի մէջ կը կառուցէ նոր ամրութիւններ եւ կայսեր անունով քաղաքը կը կոչէ Թէոդոսուպոլիս։ Քաղաքին ամրութիւններն ու պաշտպանական կառոյցները կ'ընդարձակին, կը վերակառուցուին նաեւ Անաստաս Ա.- ի (491-518) եւ յատկապէս՝ [[Հուստինիանոս I|Հուստինիանոս IԱ.]] - ի (527-565) ատեն։ 7 - 9-րդ դարուն Կարինը մերթ բիւզանդական, մերթ արաբական մասին մէջ կը գտնուէր։ Այդ շրջանին Կարինը Կալիկալա եւ այլ անուններով շատ յաճախ կը յիշուի նաեւ արաբական աղբիւրներուն մէջ։ 885-ին Հայաստանի մէջ [[Բագրատունիներու Թագաւորութիւն|Բագրատունիներիու]] թագաւորութեան հաստատումէն ետք Կարինը նոյնպէս կ'անցնի հայկական պետութեան կազմին մէջ։ 949-ին, սակայն, բիւզանդացիները զայն դարձեալ կը խլեն հայերէն, 1049-ին, երբ սելճուք-թուրքերը հիմնայատակ կը կործանեն Արծն քաղաքը, անոր ողջ մնացած բնակիչները կու գան ու կը հաստատուին Կարինի մէջ եւ զայն իրենց հայրենի քաղաքին անունով կը կոչեն նաեւ Արծն, որմէ կը յառաջանան Կարինի թուրք-արաբական Արզն Ռում (այսինքն՝ բիւզանդացիներու Արծն), Արզրում եւ Էրզրում անունները։ Սելճուք-թուրքերը կարճ տեւողութեամբ հոսկէ կը վռնտեն [[Զաքարեաններ|Զաքարեանները]], իսկ 1242-ին քաղաքը կ'անցնի մոնկոլ-թաթարներու իշխանութեան տակ։ Ժե. դարուն Կարինին յաջորդաբար կը տիրեն Քարաքոյունլու եւ աղքոյունլու վաչկատուն ցեղերը, իսկ [[1514]]- ին զայն կը գրաւէ օսմանցի սուլթան [[Սելիմ I|Սելիմ Ա.]]- ը։ ԺԹ.-Ի. դարերուն ռուսական զօրքերը երեք անգամ ազատագրած են քաղաքը թուրքերէն եւ երեք անգամ ալ՝ վերադարձուցած։ 1829-ին [[Ատրիանապոլսոյ դաշնագիր|Ատրիանապոլսոյ]] դաշնագիրով, երբ Կարինը կը վերադարձուի թուրքերուն, ռուսական զօրքերուն հետ քաղաքէն կը հեռանան աւելի քան 20.000 հայեր, որոնք բնակութիւն կը հաստատեն [[Ախալցխա]]յի, [[Ախալքալաք|Ախալքալաքի]], [[Լոռի (մարզ)|Լոռի]]<nowiki/>ի, [[Փամպակ|Փամբակ]]<nowiki/>ի շրջաններուն մէջ։ Կարնեցիները իրենց նոր բնակավայրերէն մէկ քանին կը վերանուանեն Կարին գաւառի գիւղերուն անուններով։ 1877 - 1878 թուականներուն ռուս-թրքական պատերազմէն ետք, 7 Սեպտեմբերին, հոնկէ Անդրկովկաս կը գաղթէ 2000 ընտանիք։ Առաջին համաշխարհային պատերազմին Կարինի հայ բնակչութեան զգալի մասը զոհ կ'երթայ թրքական եաթաղանին։ 26 Փետրուար 1918-ին քաղաքը դարձեալ կ'անցնի թուրքերուն ձեռքը։ Կարինը միշտ ալ եղած է Հայաստանի կարեւոր կեդրոններէն մէկը, Կարնոյ վարչաքաղաքական, Յուստինիանոս Ա.-ին վերակազմած Առաջին Հայք ծայրագաւառին, հետագային էրզրումի էմիրութեան, իսկ թրքական տիրապետութեան ողջ ընթացքին Արեւմտեան Հայասատանի ամենաընդարձակ Էրզրումի նահանգի (վիլայեթի) կեդրոնը։ Կարինը նախ եւ առաջ բերդաքաղաք եղած է։ Թէեւ հին հայկական եւ վաղ միջնադարեան պաշտպանական կառոյցներէն հոս քիչ բան պահպանուած է, սակայն ուշ ժամանակներուն թուրքերու կառուցած բերդն ու քաղաքամերձ ամրութիւնները (Մէճիտիէ, Նիխախ, Սեւիշլի) կանգուն էին մինչեւ Ա. Համաշխարհային պատերազմը եւ կը պահպանէին իրենց ռազմական նշանակութիւնը։ Քաղաքին միջնաբերդը կը գտնուի կեդրոնը, երեք բլուրներու վրայ շրջապատուած կրկնակի պարիսպներով։ Անիկա ունէր նաեւ խրամ, որ անհրաժեշտութեան պարագային, կը լեցուէր Մուրտառ գետակին ջուրերով։ Հոս կային գաղտնի գետնուղիներ, զինանոցներ, պահեստներ ու զօրանոցներ։ Միջնաբերդէն բացի, քաղաքը նոյնպես ունէր շրջապարիսպներ, որոնց կը վերահսկէին 72 աշտարակներ։ Պարսպաշարին համալիրին մէջ կը մտնէին [[Ախալցխա]]<nowiki/>յի (կամ Վրացական), [[Երզնկա]]<nowiki/>յի, [[Թաւրիզ]]<nowiki/>ի եւ [[Խարբերդ]]<nowiki/>ի քաղաքային 4 գլխաւոր դարպասները։
 
 
== Պատկերասրահ ==
Քաղաքը այսօր՝
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Էրզրում» էջէն