«Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/11-2020» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
* Նախագահներ Բութին, Փաշինեան եւ Ալիեւ յայտարարած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գոտիին մէջ կրակի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադարեցում 10 Նոյեմբեր 2020-էն սկսեալ։ Ատրպէյճանեան եւ հայկական զօրքեր կանգ կ՜առնեն իրենց ներկայ դիրքերու վրայ։ Աղդամի շրջանը եւ Ատրպէյճանի Ղազախ շրջանի հայկական կողմէ պահուող տարածքները ատրպէյճանական կողմին կը վերադարձուին մինչև 2020 թուականի նոյեմբեր 20-ը: Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծի երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով կը հաստատուին Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմ պահպանելու ապահով կապ Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ։
* Եւրոպական ուսանողական միութիւնը միացած է [[Հայաստան|Հայաստանի]] ուսանողական ազգային ընկերակցութեան` եւրոպական հաստատութիւններուն եւ [[Եւրոպական Միութիւն|Եւրոպական Միութեան]] երկիրներուն կոչ ուղղելով` յստակ քայլերու ձեռնարկելու Լեռնային Ղարաբաղի ժողովուրդին դէմ Ազրպէյճանի կողմէ գործուած զինուորական գործողութիւնները դատապարտելու եւ շրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու համար:
* Քաթալոնական Սանթ Իլարի Սաքալմ քաղաքի քաղաքային խորհուրդը դատապարտած է 27 սեպտեմբերին [[Ազրպէյճան|Ազրպէյճանի]] զինեալ ուժերուն շղթայազերծած յարձակումը, որուն ընթացքին թիրախաւորուած են Արցախի Հանրապետութեան պաշտպանական դիրքերն ու բնակչութիւնը:
* Ֆրանսայի կառավարութիւնը արգիլեց թրքական ծայրահեղ ազգայնական «Գորշ գայլեր» կազմակերպութեան գործունէութիւնը ֆրանսական հողերու վրայ, [[Հայոց Ցեղասպանութիւն|Հայոց Ցեղասպանութեան]] զոհերու յիշատակին [[Լիոն]]ի մէջ կառուցուած յուշահամալիրի պղծումէն ետք ուր դեղին ներկով թրքամէտ գրութիւններ էին կատարուած էին, մասնաւորաբար` «Գորշ գայլեր» եւ Թուրքիոյ նախագահ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողանի անուան առաջին տառերը՝ RTE վերարտադրուած յուշահամալիրի վրայ։