«Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/11-2020» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 1.
* Նախագահներ Բութին, Փաշինեան եւ Ալիեւ յայտարարած են Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գոտիին մէջ կրակի եւ բոլոր ռազմական գործողութիւններու լիակատար դադարեցում 10 Նոյեմբեր 2020-էն սկսեալ։ Ատրպէյճանեան եւ հայկական զօրքեր կանգ կ՜առնեն իրենց ներկայ դիրքերու վրայ։ Լեռնային Ղարաբաղի շփման գծի երկայնքով եւ Լաչինի միջանցքի երկայնքով կը հաստատուին Ռուսաստանի Դաշնութեան խաղաղապահ զօրակազմ պահպանելու ապահով կապ Արցախի եւ Հայաստանի միջեւ։ Կը կատարուի ռազմագերիներու եւ այլ պահուող անձանց եւ զոհուածներու դիակներու փոխանակում:
* Հայաստանի Հանրապետութիւնը մինչև 15 Նոյեմբեր 2020 Ատրպէյճանի Քելբաջարի շրջանը կը վերադարձնէ Ատրպէյճանի, Աղդամի շրջանը եւ Ատրպէյճանի Ղազախ շրջանի հայկական կողմէ պահուող տարածքները ատրպէյճանական կողմին կը վերադարձուին մինչև 2020 թուականի նոյեմբեր 20-ը: Իսկ մինչև 1 Դեկտեմբերի 2000՝ Լաչինի շրջանը՝ պահպանելով Լաչինի միջանցքը (5 քմ լայնութեամբ), որը կ՜ապահովէ Լեռնային Ղարաբաղի կապը Հայաստանի հետ:
* Ներքին տեղահանուած անձինք եւ փախստականները կը վերադառնան Լեռնային Ղարաբաղի տարածք եւ յարակից շրջաններ ՄԱԿ-ի Փախստականների հարցերով գերագոյն յանձնակատարի գրասենեակի վերահսկողութեան ներքոյտակ: Տարածաշրջանի մէջ կը բացուին բոլոր տնտեսական եւ երթեւեկի կապերը։ Հայաստանի Հանրապետութիենը կ՜ապահովէ երթեւեկի յաղորդակցութիւնը Ատրպէյճանի Հանրապետութեան եւ Նախիջեւանի Ինքնավար Հանրապետութեան արեւմտեան շրջաններու միջև երկու ուղղութեամբ։