«Սեբաստացի Մուրատ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ}}
| caption = Էրզինգանի ճակատամարտ, 1916
}}
 
'''Սեբաստացի Մուրատ''' ([[1874 թուական|1874]], [[Սեբաստիա]] - [[4 Օգոստոս]] [[1918 թուական|1918]]{{ԱԾ}}), Սեբաստիոյ առասպելական դէմքերէն՝ Ֆիտայի եւ հայդուկապետ, հայ ազատագրման շարժուման մասնակցած հայ ֆիտայի՝ Օսմանեան Կայսրութեան մէջ։<ref>{{cite book|last=Lewy|first=Guenter|title=The Armenian massacres in Ottoman Turkey: a disputed genocide|year=Nov 21, 2005|publisher=University of Utah Press|pages=31}}</ref>
 
== Կենսագրութիւն ==
Ծնած է [[Սեբաստիա|Սեբաստիոյ]] Կովտուն Գիւղինգիւղին մէջ՝ Սեբաստիայէն 20 քմ արեւելք, ուրկէ ստացած է Սեբաստացի Մուրատ անունը։ Ան աղքատ ընտանիքէ մըն է, որ վերջերս մեկնած էին դէպի Սեբատիա ու շատ համբաւաւոր ու սիրուած դէմք եղած է համայն սեբաստացիներուն համար<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/256482 Սեբաստացի Մուրատը Անմահացնելու Համար…]</ref>։ երբ հովիւ եղած ատեն պատահական թուրքեր յարձակեցան վրան՝ զինք սպաննելու եւ հօտը գողնալու համար, Մուրատ սպաննեց յարձակող թուրքերէն մէկը եւ միւսներուն փախուստի մատնեց։ Ոստիկանութիւնը չկրցաւ Մուրատին ձերբակալել, բայց փոխարէնը՝ հօրը բանտարկեց եւ Մուրատ ստիպուեցաւ յանձնուիլ, որպէսզի փրկէ հօրը։ Բանտարկուեցաւ, բայց կարճ՝ քանի մը ամիս տեւեց բանտարկութիւնը, որովհետեւ անչափահաս էր։ Ազատ արձակուեցաւ, բայց հեռացուեցաւ Սեբաստիայէն։ Անցաւ Պոլիս, ուր Պոմոնթիի գործարանին մէջ բեռնակրութիւն ըրաւ եւ երեկոները դպրոց յաճախեց՝ տարրական ուսման եւ գրագիտութեան տիրանալու համար։
 
Նոյն շրջանին անդամակցեցաւ [[Հնչակեան Կուսակցութիւն|Հնչակեան կուսակցութեան]], որուն կողմէ նախաձեռնուած Աչըքեան պատրիարքին դէմ ցոյցին մասնակցած ըլլալու մեղադրանքով Մուրատ դարձեալ ձերբակալուեցաւ։ Այս անգամ եւրոպական միջամտութեանց շնորհիւ աքսորուեցաւ [[Պոլիս]]էն իր ընկերներով։ Անցաւ [[Եգիպտոս]] ու [[Յունաստան]]։ Բայց արդէն չէր կրնար հայրենիքէն հեռու մնալ։ Գնաց [[Թիֆլիս]], ուր նորակազմ [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Դաշնակցութիւնը]] կը խմբէր գաղափարապաշտ հայ երիտասարդները՝ Դէպի Երկիր խումբեր կազմելով։ Մուրատ անդամագրուեցաւ Դաշնակցութեան եւ ուղարկուեցաւ [[Կարս]]՝ հոնկէ Երկիր անցնելու համար։ [[1903]]-ին իրականացաւ Մուրատի տարիներու երազը, երբ Թորգոմի առաջին խումբին հետ, իբրեւ պարզ զինուոր, մտաւ երկիր։