«Ասփիրին» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 8.
Ասփիրինի բաղադրութիւնը եւ անունը կը պատկանէր Պայէր ընկերութեան: [[1917]]-էն վերջ ամերիկեան դատարանները թոյլ տուին, որ ուրիշ ընկերութիւններ ալ նոյն անունով այդ դեղահատերը պատրաստեն:
 
[[1850]]-ական թուականներուն էր, որ [[Շարլ Ֆրէտէրիք Կէրհարտ]], Ալզասցի մը, ասփիրինի գիւտը գտաւ: [[Արթիւր Եշէնկերում]], Պայէր ընկերութեան գլխաւոր քիմիաբանը, անդրադարձաւ որ այս դեղը մեծ օգտակարութիւն կրնար ունենալ եւ մեծ շահեր ապահովել Պայէր ընկերութեան: Դժբախտաբար ան հանդիպեցաւ՝ Պայէրի գիտական բաժնի ընհանուրընդհանուր տնօրէնին՝ Տոքթ. [[Հէնրիխ Տրէզէր]]ի ընդմիջութեան: Այս վերջինը տարօրինակ մտքեր ունէր. օրինակ՝ այն բոլոր դեղերը որոնք ելեքտրական վատ հաղորդիչներ էին՝ կը մերժէր ընդունիլ: Ասփիրինը կ'ինար այդ դեղերու շարքին, եւ ուրեմն Տոքթ. Տրէզէր կը մերժէր անոր պատրաստութիւնը:
 
Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն եւ արգելքներուն՝ Եշէնկրում գաղտնաբար սկսաւ փորձել, նախ՝ իր անձին վրայ, ապա ջանաց համոզել այլ բժիշկներ, որպէսզի փորձէին իրենց հիւանդներուն վրայ: Արդիւնքը գոհացուցիչ էր, ասփիրինը ոչ միայն կ'անհետացնէր ցաւերը՝ այլեւ կ'իջեցնէր բարձր տաքութիւնները, առանց վնաս հասցնելու սիրտին:
Տող 14.
Պայէր ընկերութիւնը իսկոյն իւրացուց դեղին բաղադրութիւնը եւ սկսաւ պատրաստել անկէ մեծաքանակ:
 
Տոքթ. Տրէզէրը նկատուեցաւ ասփիրինի գիւտարարը եւ ապահովեց մեծ շահեր: Սակայն, ճշմարտութիւնը հասկցուեցաւ երբ [[Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ (արեւմտահայերէն)|Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի]] ընթացքին՝ Եշէնկրում կը գտնուէր Նացի արգելափակման կայանի մը մէջ, եւ գրեց իր յուշերը: Այդ յուշագրութեան մէջ կը գտնուի ասփիրինի գիւտին բոլոր մանրամասնութիւնները:
 
== Ասփիրինին յատկութիւնները եւ ազդեցութիւնը ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ասփիրին» էջէն