«Ասփիրին» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 1.
{{ԱՀ}}
{{Արևելահայերեն|Ասպիրին}}
[[Պատկեր:Regular strength enteric coated aspirin tablets.jpg|200px|մինի|աջից|'''Ասփիրին դեղահատը''']]
'''Ասփիրինը''', դեղերէն ամենաշատ գործածուողն է: Յօդացաւեր, գլխացաւեր կամ բազմաթիւ այլ ցաւեր մեղմացնելու համար տրուած դեղագիրներու պատրաստութեան մէջ՝ դեղագործները ուրիշ ոեւէ դեղէ աւելի կը գործածեն ասփիրինը: Հաշուած են, օրական 42 միլիոն ասփիրինի դեղահատներ կը գործածուին՝ միմիայն [[Ամերիկա|Ամերիկայի]]յի մէջ, այսինքն մօտաւորապէս տարեկան 100 դեղահատ ասփիրին իւրաքանչիւր անհատի համար: [[Անգլիա|Անգլիոյ]] մէջ ալ ասփիրինի գործածութիւնը մեծ համեմատութիւններու կը հասնի:
 
== Ասփիրինին պատմութիւնը ==
[[Պատկեր:Aspirine-1923.jpg|250px|մինի|աջից|'''Ասփիրինի ծանուցումը 1923 թուականին Ֆրանսական Եուզին Տու Րօն ընկերութեան կողմէ''']]
Ասփիրինի բաղադրութիւնը եւ անունը կը պատկանէր Պայէր ընկերութեան: [[1917]]-էն վերջ ամերիկեան դատարանները թոյլ տուին, որ ուրիշ ընկերութիւններ ալ նոյն անունով այդ դեղահատերը պատրաստեն:
 
[[1850]]-ական թուականներուն էր, որ [[Շարլ Ֆրէտէրիք Կէրհարտ]], Ալզասցի մը, ասփիրինի գիւտը գտաւ: [[Արթիւր Եշէնկերում]], Պայէր ընկերութեան գլխաւոր քիմիաբանը, անդրադարձաւ որ այս դեղը մեծ օգտակարութիւն կրնար ունենալ եւ մեծ շահեր ապահովել Պայէր ընկերութեան: Դժբախտաբար ան հանդիպեցաւ՝ Պայէրի գիտական բաժնի ընդհանուր տնօրէնին՝ Տոքթ. [[Հէնրիխ Տրէզէր]]ի ընդմիջութեան: Այս վերջինը տարօրինակ մտքեր ունէր. օրինակ՝ այն բոլոր դեղերը որոնք ելեքտրական վատ հաղորդիչներ էին՝ կը մերժէր ընդունիլ: Ասփիրինը կ'ինար այդ դեղերու շարքին, եւ ուրեմն Տոքթ. Տրէզէր կը մերժէր անոր պատրաստութիւնը:
 
Հակառակ այս բոլոր դժուարութիւններուն եւ արգելքներուն՝ Եշէնկրում գաղտնաբար սկսաւ փորձել, նախ՝ իր անձին վրայ, ապա ջանաց համոզել այլ բժիշկներ, որպէսզի փորձէին իրենց հիւանդներուն վրայ: Արդիւնքը գոհացուցիչ էր, ասփիրինը ոչ միայն կ'անհետացնէր ցաւերը՝ այլեւ կ'իջեցնէր բարձր տաքութիւնները, առանց վնաս հասցնելու սիրտին:
 
Պայէր ընկերութիւնը իսկոյն իւրացուց դեղին բաղադրութիւնը եւ սկսաւ պատրաստել անկէ մեծաքանակ:
 
Տոքթ. Տրէզէրը նկատուեցաւ ասփիրինի գիւտարարը եւ ապահովեց մեծ շահեր: Սակայն, ճշմարտութիւնը հասկցուեցաւ երբ [[Երկրորդ Համաշխարհային Պատերազմ (արեւմտահայերէն)|Երկրորդ համաշխարհային պատերազմի]] ընթացքին՝ Եշէնկրում կը գտնուէր Նացի արգելափակման կայանի մը մէջ, եւ գրեց իր յուշերը: Այդ յուշագրութեան մէջ կը գտնուի ասփիրինի գիւտին բոլոր մանրամասնութիւնները:
 
== Ասփիրինին յատկութիւնները եւ ազդեցութիւնը ==
[[Պատկեր:Synthesis of Aspirin Lab - NCSSM.webm|250px|մինի|աջից|'''Ասփիրինին պատրաստութիւնը- Անգլերէն լեզուով բացատրուած''']]
Ասփիրինը բազմազան յատկութիւններ ունի, որոնցմէ ամէնէն հետաքրքրականը՝ բնականէն բարձր ջերմութիւնները պակսեցնելն է, առանց սակայն մարդկային մարմնի բնական տաքութեան վրայ ազդեցութիւն գործելու: Օրինակ, երբ հիւանդ մը բարձր տաքութիւն ունի 39 աստիճան՝ ասփիրին առնելէ վերջ տաքութիւնը կ'իջնէ 38 աստիճանի: Բայց մէկը որ գլխու ցաւէ կը տառապի առանց տաքութիւն ունենալու, եթէ ասփիրին առնէ՝ գլխու ցաւը կը թեթեւնայ, բայց բնական տաքութիւնը մարմնին, 37 աստիճան, կը մնայ անփոփոխ:
 
Բժիշկները նկատած են որ առնուելէն 10 վայրկեան վերջ՝ ասփիրինը կ'անցնի արեան մէջ: Ան աւելի շուտ կ'ազդէ երբ հիւանդը միաժամանակ կը գործածէ քիչ քանակութեամբ (bicarbonate): Այս վերջինը կը մեղմացնէ նաեւ ստամոքսի գրգռութիւնները, որոնք յաճախ առաջ կու գան ասփիրինի մեծաքանակ գործածութենէն:
 
4000 հիւանդներու վրայ փորձուած եւ հաստատուած է որ մարմինը երբեք չի վարժուիր ասփիրինին, եւ անոնք որ յաճախ կը գործածեն զայն, ոեւէ ատեն կրնան դադրեցնել անոր գործածութիւնը՝ առանց այլեւս պահանջք զգալու:
 
Կան մարդիկ, որոնք ասփիրին կը գործածեն՝ քնանալու համար: Սակայն, Ասփիրինը քնաբեր յատկութիւն չունի եւ եթէ ենթական ասփիրինով քնանայ՝ պատճառը հոգեբանական ազդակներու մէջ պէտք է փնտռել:
 
Եթէ քիչ քանակութեամբ առնուի՝ ասփիրինը մատչելի է ոեւէ մէկուն, առանց բացառութեան: Նկատուած է որ փոխանակ ճերմակ դեղահատի ձեւին տակ տալու ասփիրինը երբ տրուի քառակուսի ձեւով կամ տարբեր գոյնով՝ ասփիրինը մերժող հիւանդը առանց դժուարութեան կը կլլէ զայն:
 
== Աղբիւրներ ==
* «Բժիշկ» բժշկական եւ առողջապահական ամսաթերթ, Ա. տարի, [[Պէյրութ]], [[1955]]-[[1956]], էջ 13-14:
 
[[Կատեգորիա:Դեղամիջոցներ այբբենական կարգով]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Ասփիրին» էջէն