«Քրիստոսի տասներկու առաքեալները» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 20.
Տասներկու առաքեալներուն Յիսուս «իշխանութիւն տուաւ պիղծ դեւերու վրայ՝ հանելու զանոնք, բժշկելու ամէն ցաւ եւ ամէն հիւանդութիւն» (Մատթ. 10։1)։ Իսկ համբարնալէ առաջ ընտրեալներուն պատուիրեց. «ինչպէս Հայրը զիս ուղարկեց, ես ալ ձեզ կ'ուղարկեմ։ Գացէ՛ք ուրեմն աշակերտ դարձէ՛ք բոլոր ազգերուն, զանոնք մկրտեցէ՛ք Հօր եւ Որդիին եւ Ս. Հոգիին անունով։ Ուսուցանեցէ՛ք անոնց պահել այն բոլորը, ինչ որ ձեզի պատուիրեցի» (Մատթ. 28։19-21)։ Քրիստոսի [[Համբարձում]]էն եւ [[Հոգեգալուստ]]էն ետք գործնականապէս անոնք եղան հիմքն ու հիմնադիրը Եկեղեցւոյ՝ ըլլալով անոր անդամները, առաջնորդներն ու կազմակերպիչները։
[[Գործք առաքելոց]]ին մէջ կը ներկայացուին առաքեալներու հալածանքներն ու անոնց մէկուն՝ Յակոբոս Զեբեդեանին սպանութիւնը (Գործք. 12։1-2)։ Ըստ աւանդութեան բոլոր առաքեալներն ալ, բացառութեամբ Յովհաննէս առաքեալին, նահատակուած են ի սէր Քրիստոսի։
[[Պատկեր:Synaxis of the Twelve Apostles by Constantinople master (early 14th c., Pushkin museum).jpg|մինի|ձախից]]
 
Տասներկուքէն բացի առաքեալ կ'անուանուին նաեւ Պօղոսը (Սողոս), որ ծանօթ է իբրեւ 13-րդ առաքեալ։ Պօղոս ինքզինք կ'անուանէ «հեթանոսներու առաքեալ» (Հռոմ. 11։12)։
[[Հայաստանեայց Առաքելական Ս.Եկեղեցի]]ն իր տօնացոյցին մէջ ունի Տասներկու առաքեալներուն եւ Պօղոս Տասներեքերորդ առաքեալին նուիրուած տօն։ Այս առաքեալները ունին նաեւ առանձին-առանձին կամ զոյգ-զոյգ տօներ։
Տող 27.
Առաքեալներուն անմիջական քարոզով հիմնուած եկեղեցիները կը կոչուին Առաքելական, որմէ ծագած է հայ եկեղեցւոյ պատուանունը՝ «Հայաստանեայց Առաքելական Ս. եկեղեցի»։
[[Պատկեր:The Last Supper - Leonardo Da Vinci - High Resolution 32x16.jpg|մինի|աջից|Վերջին ընթրիքը]]
== Եօթանասուն աշակերտներ ==
Ըստ [[Ղուկասի Աւետարան]]ին՝ բացի վերը նշուած 12-էն Քրիստոսի կը հետեւէին 70 հոգի եւս (որոշ աղբիւրներու համաձայն՝ 72), որոնք կ'անուանուէին աշակերտներ. «Այնուհետեւ Տէրը նշանակեց ուրիշ եօթանասուներկու հոգի եւս եւ զանոնք երկու-երկու ուղարկեց այն բոլոր քաղաքներն ու վայրերը, ուր ինք պիտի երթար» (Ղուկ. 10։1)։ Յիսուս Քրիստոսի կողմէ 70-ին եւս տրուեցան հիւանդութիւններ բուժելու, դեւեր հալածելու եւ բարի լուրը՝ [[Աւետարան]]ը, քարոզելու իշխանութիւն։
Առհասարակ [[Աստուածաշունչ]]ը 70-էն եւ ոչ մէկուն անունը չի նշեր, սակայն կը նշէ, որ անոնց անունները գրուած են երկինքի մէջ (Ղուկ. 10։20)։ Ըստ Աւանդութեան՝ 70 աշակերտներէն եղած են առաքեալներուն ընտրած 7 սարկաւագները (տես, Գործք. 6։1-6), Մարկոս եւ Ղուկաս Աւետարանիչները, ինչպէս նաեւ [[Պօղոս առաքեալ]]ին գործակիցները։
Հայ Առաքելական Ս. Եկեղեցին իր տօնացոյցին մէջ Եօթանասուն աշակերտներուն ալ նուիրուած տօն ունի։
 
== Աղբիւրներ ==