«Ռուբէն Սեւակ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎Կենսագրութիւն: Այս Պարտիզակը (թրք. Պահչէճիք) կապ չունի Խարբերդի շրջանի գիւղին հետ։
No edit summary
Տող 1.
{{Տեղեկաքարտ Անձ
| ամուսին = Հելեն
| երեխաներ = Լեւո­նԼեւոն Չիլինկիրեան, Շա­մի­րա­մՇամիրամ Չիլինկիրեան
}}
'''Ռուբէն Սեւակ''' ([[15 Փետրուար]] [[1885 թուական|1885]] - [[26 Օգոստոս]] [[1915 թուական|1915]]{{ԱԾ}}), բանաստեղծ եւ արձակագիր։
 
== Կենսագրութիւն ==
Տող 11.
1910-ին, [[Փարիզ]]ի մէջ, ամուսնացած է գերմանուհի Հելեն ֆոն Պրաամի (Եաննի Ապել) հետ, որուն հետ ծանօթացած է իր ընկերոջ՝ եգիպտահայ Լեւոն Ազնաւուրեանի միջոցով։ Վկայուելէ ետք, 1911-1914 թուականներուն Լոզանի հիւանդանոցներէն մէկուն եւ դարմանատան մը մէջ իբրեւ օգնական բժիշկ աշխատած ու մասնագիտական հմտութիւն ձեռք բերած է։ 1912-ին, Լոզանի մէջ, ծնած է որդին՝ Լեւոնը, իսկ 1914-ին, Կ. Պոլսոյ մէջ, դուստրը՝ Շամիրամը։ Ուսանողութեան տարիներէն, սկսած է հետաքրքրուիլ հայրենիքի ազատութեան պայքարի գաղափարով։ Եղած է [[Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն|Հ.Յ.Դ]].-ի անդամ։
 
1908-1914 թուականները եղած են բանաստեղծի ստեղծագործական բեղուն տարիները։ Անոր բանաստեղծութիւններն ու այլ գրութիւններլոյս տեսած են Կ. Պոլսոյ «Սուր­հան­դակՍուրհանդակ», «Ազդակ», «Շանթ», «Հայ գրա­կա­նու­թիւնգրականութիւն», «Ազա­տա­մարտԱզատամարտ», Վենետիկի Մխիթարեաններու «Գեղունի», «Բազ­մա­վէպԲազմավէպ», ինչպէս նաեւ այլ պարբերականներու մէջ։
 
Կրած է Ռուբէն Սեւակ գրական ծածկանունը։
Տող 34.
 
== Մահը ==
1915-ին, երբ արդէն սկսած էր Առաջին համաշխարհային պատերազմը, Ռուբէն Սեւակ զօրակոչուած է օսմանեան բանակ եւ որպէս զինուորական բժիշկ ծառայած՝ Մաքրիգիւղի (Մագրիքէօյ) զօրամասին մէջ։ 24 Ապրիլ, 1915-ին, զինուորական ծառայութան մէջ ըլլալով, ձերբակալուած եւ բանտարկուած է Կ. Պոլսոյ կեդրոնական բանտին մէջ, ապա աքսորուած է Չանղըրը, ուր տեղւոյն բանտին մէջ գրուած համրիչի 99 հատիկներէն մէկուն վրայ անունը արձանագրուած է։ Չանղըրըի մէջ բուժած է թուրք աւազակապետ Արապաճի Իսմայիլի աղջիկը։ Իսմայիլ անոր յորդորած էր իսլամութիւն ընդունելով փրկուիլ սպառնացող վտանգէն, սակայն բժիշկը հրաժարած է այդ խորհուրդին հետեւելէ, նոյնիսկ իրենց բախտակիցներու յորդորներէն ետք։ Չանղըրըի չէրքէզ փոխ կառավարիչը, որ անոր բարեկամն էր, անզօր պատասխանած է. «Ես չեմ կրնար Պոլ­իսէնՊոլիսէն եկած հրա­մանհրաման մը չգործադրել»։ Սեւակը ազատելու համար, Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան, Կ. Պոլսոյ եւ Սոֆիայի դեսպաններուն, Լօզանի հիւպատոսին, Կ. Պոլսոյ մէջ դեսպան [[Հանսֆոն Վանգենհայմ|Հանս ֆոն Վանկենհայմ]]ին բազմաթիւ դիմումներ ուղարկած են անոր աները՝ գերմանական բանակի պահեստի սպայ՝ Ֆրանց Ապելն ու կինը՝ Հելեն Ապել-Չիլինկիրեանը, բոլորն ալ՝ ապարդիւն։ 25 Օգոստոս, 1915-ին, Ռ. Սեւակ հեռագրած է կնոջ, թէ [[Դանիէլ Վարուժան]]ի հետ կը գտնուի Չանղըրըի մէջ եւ թէ շուտով Այաշ պիտի ղրկուի։ 26 Օգոստոս, 1915-ին, դէպի Այաշ աքսորի ճանապարհին՝ Չանղըրը եւ Գալեճիք (Գալայճըք) գիւղերու միջեւ, Չանղըրըէն կառքով վեց ժամ հեռու գտնուող Թիւնէ (Թիւնայ, Թիւնէյ) կոչուած վայրին մէջ, իր չորս բախտակից ընկերներուն հետ (որոնց շարքին՝ Դանիէլ Վարուժանը), թուրք չէթէներու կողմէն սպաննուած է քարերով ու եաթաղաններով խոշտանգումներու ենթարկուելով։ Ըստ Գոնիայի պատերազմական ատեանին մէջ կառապան Հասանի տուած վկայութեան՝ բժիշկը եղած է վերջին սպաննուողը։
 
== Ռուբէն Սեւակի բնակարանը ==
Տող 42.
 
== Երկեր ==
* Բաժանման խօսքեր, «Մա­սիսՄասիս» հանդէս, Կ. Պոլիս, 1905, թ. 24;
* [http://www.digilib.am/digilib/?menu=8&wrk=1430&captn=12857&wrpg=0&aupg=0 Կար­միրԿարմիր գիրք (Կի­լի­կե­անԿիլիկեան եր­գերերգեր), 1910։]
* Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր, [[Փարիզ]], 1926:
* Բժիշկին գիրքէն փրցուած էջեր, [[Երուսաղէմ]], 1943:
* Կարմիր գիրքը: Սիրոյ գիրքը: Ցրիւ քերթուածներ, Երուսաղէմ, 1944:
* Կարմիր գիրքը եւ ցրիւ քերթուածներ, [[Փարիզ]], 1946:
* [http://www.digilib.am/digilib/?menu=8&wrk=550&captn=12973&wrpg=0&aupg=0 Բժիշ­կինԲժիշկին գիր­քէնգիրքէն փրցո­ւածփրցուած էջեր եւ քեր­թո­ւած­ներքերթուածներ, Փա­րիզՓարիզ, 1946։]
* Երկեր, [[Երեւան]], 1955:
* Ռուբէն Սեւակ , Վահան Թէքէեան, Մատթէոս Զարիֆեան, Ռուբէն Որբերեան, Երկեր, Երեւան, 1981, էջ 123-238:
Տող 84.
[[Ստորոգութիւն:Հայ բանաստեղծներ]]
[[Ստորոգութիւն:Հայ արձակագիրներ]]
[[Ստորոգութիւն:Բանաստեղծներ ըստ իրենց ազգութեան]]