«Բարսեղ Կանաչեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ clean up, replaced: մէջ: → մէջ։ using AWB
No edit summary
Տող 12.
== Պոլիս, Փարիզ, Եգիպտոս եւ Լիբանան գործունէութիւնը ==
[[Պատկեր:Parsegh Ganachian With Gomidas and his friends.jpg|մինի|Բարսեղ Կանաչեան Կոմիտասի եւ ընկերներուն հետ]]
Պոլսոյ մէջ կը հանդիպի [[Կոմիտաս վարդապետ]]ին եւ ներկայ կ՚ըլլայ անոր համերգին։ Մեծապէս ազդուած, խումբին կ՚անդամակցի իբրեւ «պաս»: 300 հոգինոց խումբէն Կոմիտաս վարդապետ 16-18 հոգի կ՚ընտրէ իբրեւ սան, որոնց թիւը հետզհետէ կ՚իջնէ 5-ի։ Ահա ասոնցմէ մէկն էր Կանաչեան։ Ա. Աշխարհամարտին կը զինուորագրուի եւ զինուորական նուագախումբին մէջ կը նուագէ մինչեւ որ կ՚աքսորուի [[Տիգրանակերտ]], ուր ծանր կերպով կը հիւանդանայ։ Կը ղրկուի [[Հալէպ]]<ref name=":0">{{Cite web|url=https://www.aztagdaily.com/archives/339748|title=Բարսեղ Կանաչեանի (1885-1967) Համընդհանուր Գործերու Արուեստագեղագիտական Վերահրատարակութեան Առիթով*|date=2017-03-14|website=Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)|language=en-US|accessdate=2020-12-18}}</ref>, ուր գտնուած միջոցին զինադադար կը կնքուի։ Եղեռնէն վերապրած այլ մտաւորականներու հետ, Կանաչեան Հալէպի մէջ երիտասարդութիւնը իր շուրջը հաւաքելով համերգներ կը կազմակերպէ, գաղթականներուն ի նպաստ, մեծ խանդավառութիւն ստեղծելով հայ թէ օտար հասարակութեան մէջ։ Այդ շրջանին կը յօրինէ Կամաւորական քայլերգի («Յառաջ, նահատակ»ը) երաժշտութիւնը Գէորգ Կառվարենցի հետ։ Կ՚անցնի [[Կիլիկիա]], ուր համերգներ կու տայ, ապա կ՚երթայ Պոլիս։
[[Պատկեր:An advertisement About Kousan.jpg|մինի]]
[[Կոմիտաս Վարդապետ|Կոմիտաս]]ի սաները Պոլսոյ մէջ կը կազմեն «''Կոմիտաս Սանուց Միութիւն''»ը կամ «Կոմիտասեան հինգ սաներ» խմբակցութիւնը: Իրենց ուսուցիչին գործը յաւերժացնելու նպատակով համերգներ կը ներկայացնեն, «Կոմիտաս Ֆոնտ» մը կը կազմեն եւ Կոմիտասի երգերը կը հրատարակեն` «Հայ Գուսան Երգեր»ը երեք երգարաններու մէջ։ Անոնք երգչախումբեր կը կազմեն եւ նոր սերունդի դաստիարակութեան գործով կը զբաղին: Այս շրջանին Կանաչեան կը գրէ իր գլուխ գործոցներէն մէկը՝ «Օրօր»ը, մեներգի եւ խմբերգի համար:
Տող 21.
 
== Կանաչեանի գործերը ==
Գրած է «''Վարդերի հետ''» ինչպէս նաեւ մեղեդիներ, խմբերգեր եւ նուագախմբային հատուածներ, որոնց թիւը կը հասնի 25-ի: Ունի մանկական երգերու շարք մըն ալ, որոնցմէ 20-ի չափ հրատարակուած են առանձին գրքոյկով: Ան արաբական ժողովրդական երգեր ալ դաշնաւորած է առաջին անգամ ըլլալով: «Աբեղան» օփերան կը համարուի անոր գլխաւոր ստեղծագործութիւններէն մին, Մատթէոս Զարիֆեանի «Խենթը» բանաստեղծութենէն ներշնչուած մեներգը, Մեներգերուն ամէնէն նշանաւորը կը համարուի «Օրօր»ը, որուն մեղեդին սրտառուչ յօրինումը երգչախումբի ընկերակցութեամբ քաղցրօրէն հիւսուած շեշտ մը ունի: Մեներգերէն են նաեւ՝ «Ծով Աչեր», «Պճինկօ», «Ցայգերգ», «Ալվարդի երազը» եւ «Ծիծեռնակ»: Առաջին խմբերգերէն են՝ «Տալիլօ», «Հոյ Նար», «Վարդերի հետ», «Մարալօ», «Հելէ-Հելէ», «Շուշօ», «Գորանի», եւ «Նեննիր Նայ» խմբերգերը: Իսկ երկրորդներէն՝ «Լուսնակն ելաւ»,«Խնճոյք», «Ռազմերգ», « Կամաւորներու Քայլերգ», «Սօսին», «Հոփ Կիւլիզար», «Հայրենի Կարօտ», «Գարուն Եկաւ», «Կամերգ» եւ վերջապէս «Նանօր» վիպական - ողբերգական բնոյթի խմբերգային պատկերը, որ կը նկարագրէ դէպի Ս. Կարապետ ուխտագնացութիւնը<ref>{{Cite web|url=https://www.aztagdaily.com/archives/340267|title=«Գուսան» Ու Բարսեղ Կանաչեան|date=2017-03-17|website=Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)|language=en-US|accessdate=2020-12-18}}</ref><ref name=":0" />:
 
Իր ստեղծագործութիւններուն մէջ Կանաչեան սերտօրէն կապուած է ազգային երգարուեստին: Ան ընդհանրացումներ կատարած է օգտուելով գեղջկական եւ գուսանական երգերու տարբեր յատկանիշներէն ու արտայայտութեան միջոցներէն: Յատկապէս խմբերգերու պարագային օգտագործած է բազմաձայնութեան ոճական ուղղութիւնը: