«Երուսաղէմ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 9.
Եւ [[Իսրայէլ]]<nowiki/>ը եւ [[Պաղեստին]]<nowiki/>ը Երուսաղէմը պաշտօնապէս կը նկատեն իրենց մայրաքաղաքը, չընդունելով մէկը միւսի այդպիսի իրաւունքը։ Իսրայէլի գերիշխանութիւնը քաղաքի արեւելեան մասի վրայ չէ ճանչցած [[ՄԱԿ]]-ը եւ միջազգային հանրութեան զգալի մէկ մասը։ Պաղեստինի վարչակազմի կառոյցներն ընդհանրապէս չեն եղած Երուսաղէմի մէջ։
 
Երուսաղէմի կարգավիճակը թէժ քննարկումներու նիւթ է։ ՄԱԿ ԳԱ-ի [[Նոյեմբեր 29|29 Նոյեմբեր]] [[1947]]թ.-ի համար 181 որոշումը, որ յայտնի է որպէս «Պաղեստինի բաժանման բանաձեւ», կ՛ենթադրէր, որ միջազգային հանրութիւնը՝ բրիտանական յանձնարարագիրէն (15 Մայիս 1948) ետք, իր ղեկավարութեան տակ կը վերցնէ Երուսաղէմի ապագան։
 
[[1950 |1950-ին]]թ. Իսրայէլը Երուսաղէմը մայրաքաղաք կը յայտարարէ։ Երուսաղէմի մէջ կը գտնուի Քնեսեթը (հրէական խորհրդարան) եւ բոլոր կառավարական եւ պետական կառոյցները։ [[1950]]-[[1967]] թ.թուականներուն, երբ արեւելեան մասը Յորդանանը կը գրաւէ, այդպիսի կարգավիճակ ունէր միայն քաղաքի արեւմտեան մասը։
 
[[1967 |1967-ին]]թ. եօթնօրեայ պատերազմի յաղթանակի որպէս արդիւնք Իսրայէլը կը վերահսկէ քաղաքի ամբողջ տարածքը, կը բաժնէ [[արեւելեան Երուսաղէմ]]<nowiki/>ը [[Յորդանան գետ]]<nowiki/>ի արեւմտեան ափէն եւ կը յայտնէ միաւորուած Երուսաղէմ իր գերիշխանութեան մասին։
 
Երուսաղէմի մասին օրէնքով ([[Յուլիս 30|30 Յուլիս]] [[1980]]թ.), Իսրայէլը Երուսաղէմը կը յայտարարէ, որպէս՝ իր միակ եւ անբաժանելի մայրաքաղաքը։
 
[[ՄԱԿ]]-ը արեւելեան Երուսաղէմի միակողմանի միաւորումը չի ճանչնար։ Գրեթէ բոլոր պետութիւնները իրենց դեսպանատուները տեղակայած են Մեծ Թել Աւիւի շրջանին մէջ, բացառութեամբ [[Պոլիվիա]]<nowiki/>յի եւ [[Փարակուա]]<nowiki/>յի, որոնց դեսպանատուները տեղակայուած են Երուսաղէմի արուարձանին մէջ՝ Մեւասերեթ-Զիոն։
 
Թերեւս 2000-ին [[2000 ԱՄՆ]]թ. ԱՄՆ ծերակոյտը կ՛որոշէ ընդունիլ իր դեսպանատունը Երուսաղէմ տեղափոխելու մասին, սակայն ԱՄՆ-ի կառավարութիւնը միշտ յետաձգած է այն։ Ներկային ԱՄՆ-ի դեսպանատունը կը գտնուի Թել Աւիւի մէջ, իսկ Երուսաղէմի մէջ կը գտնուի ԱՄՆ-ի Գլխաւոր Հիւպատոսութիւնը։
 
[[Օգոստոս 15|15 Օգոստոս]] [[2006 ]]թ.-ին2006ին [[Քոսթա Ռիքա]]<nowiki/>յի կառավարութիւնը կը յայտարարէ իր դեսպանատունը Երուսաղէմէն Թել Աւիւ տեղափոխելու մասին, իսկ նոյն թուականի [[Օգոստոս 25|25 Օգոստոս]]-ին անոր օրինակին կը հետեւի նաեւ [[Սալվատոր]]<nowiki/>ը։ Այս ձեւով ոչ մէկ պետութեան դեսպանատուն մնացած է Երուսաղէմի մէջ։
 
Արեւելեան Երուսաղէմի մէջ տեղակայուած են ԱՄՆ-ի եւ քանի մը այլ երկրներու հիւպատոսութիւններ, որոնք կապեր ունին նաեւ Պաղեստինի վարչակազմի հետ։
Տող 39.
* [http://www.armenian-patriarchate.com/ Հայ Առաքելական Եկեղեցւոյ Երուսաղէմի Պատրիարքութեան կայք]
 
[[ԿատեգորիաՍտորոգութիւն:Երուսաղէմ]]
[[ԿատեգորիաՍտորոգութիւն:Ասիոյ մայրաքաղաքներ]]
[[ԿատեգորիաՍտորոգութիւն:Իսրայէլի քաղաքներ]]
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Երուսաղէմ» էջէն