«Աքքայի Պաշարում (1189-1191)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Տող 71.
Մինչ խաչակիրները կը կիսէին գահը, Սալահ ալ-Տինը կը հզօրացնէր բանակը։ [[1190]]-ին աւստրիական իշխան [[Լեոպոլդ V (Աւստրիոյ դուքս)|Լեոպոլդ V]]-ը միացաւ պաշարողներուն։ 31 Դեկտեմբերին միացեալ ուժերը փորձեցին անցնել պատերը։ Իսկ 6 Յունուարին պատի մասնակի քանդման արդիւնքը այն էր, որ քրիստոնեաները փորձեցին գրաւել քաղաքի կայազօրը։ 13 Յունուարին Սալահ ալ-Տինը կարողացաւ ճեղքել խաչակիրներու շրջափակումը եւ քաղաք մտցուց նոր կայազօր։ Ցուրտ եղանակը Սալահ ալ-Տինի փոխարէն կը խանգարէր խաչակիրներուն։
 
Մարտին եղանակը լաւացաւ եւ Եւրոպայէն ժամանեցին նոր ուժեր, ինչպէս նաեւ [[Ռիչարդ Առիւծասիրտ|Ռիչարտ Առիւծասիրտ]]ը եւ [[Ֆիլիբ Օգոստոս]]ը. Սալահ ալ-Տինի յաղթելու հաւանականութիւնը կտրուկ նուազեցան։ 3 Յուլիսին քաղաքը յանձնուեցաւ, Ռիչարտը հրամայեց մահապատժի ենթարկել քաղաքի կայազօրայիններուն։ Անգլօ-ֆրանսական ուժերով համալրուած խաչակիրները շարժեցան ափով՝ դէպի հարաւ նոյնկերպ վարուեցան նաեւ իսլամները։ 7 Սեպտեմբերին ՅաֆֆաԵաֆֆա քաղաքէն փոքր ինչ հիւսիս տեղի ունեցաւ [[Արսուֆի ճակատամարտ]]<nowiki/>ը: Ճակատամարտի ընթացքին Ռիչարտը փայլուն յաղթանակ տարաւ։ Սալահ ալ-Տինը խաչակիրներու յաղթանակը պարզաբանեց ըսելով, որ անգլիացիներու կարգապահութիւնը եւ զրահները անյաղթելի էին։
[[Պատկեր:Map Crusader states 1190-en.svg|մինի|Խաչակրաց պետութիւնները 1190-ին]]
[[Արսուֆի ճակատամարտ|Արսուֆի]] եւ [[Յաֆֆայի ճակատամարտ|ՅաֆֆայիԵաֆֆայի]] ճակատամարտերու ընթացքին կրած պարտութիւններէն ետք պատերազմը աւարտեցաւ։ ՅաֆֆայիԵաֆֆայի ճակատամարտը դարձաւ [[Երրորդ խաչակրաց արշաւանք]]<nowiki/>ի վերջին նշանակալի առճակատումը։ Ճակատամարտէն ետք Ռիչարտը Սալահ ալ-Տինի հետ սկսաւ բանակցիլ եւ 2 Սեպտեմբեր 1192-ին ստորագրուեցաւ 3-ամեայ հաշտութեան պայմանագիր։ Քրիստոնեաներուն թոյլ կը տրուէր անխափան այցելել սրբազան վայրեր։ Սալահ ալ-Տինի ետեւը կը մնար Երուսաղէմը, իսկ խաչակիրներուն նեղ ցամաքային ուղի՝ ՅաֆֆայէնԵաֆֆայէն մինչեւ Տիւրոս։
 
== Հետեւանքներ ==