«Սանասարեան Վարժարան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Չ →‎Ուսուցչական Մասնաժողովը: clean up, replaced: էր: → էր։ using AWB
No edit summary
Տող 3.
'''Սանասարեան Վարժարանը''', հիմնադրուած է 8 Մարտ 1882 թուականին Կարինի մէջ, [[Մկրտիչ Սանասարեան]]ի միջոցներով և [[Կարապետ Եզեան]]ի ջանքերով<ref>{{Cite journal|date=2017-05-22|title=Սանասարյան վարժարան|url=https://hy.wikipedia.org/w/index.php?title=%D5%8D%D5%A1%D5%B6%D5%A1%D5%BD%D5%A1%D6%80%D5%B5%D5%A1%D5%B6_%D5%BE%D5%A1%D6%80%D5%AA%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%B6&oldid=5126946|language=hy}}</ref>։
 
Յաչս կառավարութեան վարժարանին օրինական պատասխանատու եւ վերատեսուչ ճանչցուած է Պոլսոյ Հայոց Պատրիարքը: Մինչեւ 1892 վերին հսկողութիւնը կը վարէ հիմնադիրը: Սանասարեան վարժարանը գերմանացիներու միջնակարգ վարժարաններու հաւասար աստիճան ունէր, իննամեայ ընթացքով: Կարնոյ մէջ վարժարանին վրայ կը հսկէր ուսումնական խորհուրդ մը, որ կը բաղկանար [[Մաղաքիա Արք․ Օրմանեան|Մաղաքիա Օրմանեան]] վարդապետէ, Գէորգ Աբուլեանէ, Յովսէփ Մատաթեանէ եւ Սարգիս Սողիկեանէ, որոնք կը վարէին ներքին տեսչութեան պաշտօնը հաւաքական պատասխանատուութեամբ:
 
Վարժարանին ծրագիրը կը պարունակէր հետեւեալ ուսումները՝ կրօնք/ Հայերէն աշխարհաբար/ պատմութիւն/ աշխարհագրութիւն/ բնական գիտութիւններ/ Օսմաներէն/ Ֆրանսերէն/ Անգլերէն/ Գերմաներէն/ ուսողութիւն/ գեղագրութիւն/ գծագրութիւն եւ նկարչութիւն/ ձայնական երաժշտութիւն/ գործիական երաժշտութիւն/ մարմնամարզ եւ չմշկութիւն: