«Աքքայի Պաշարում (1189-1191)» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Lusignan մականունի տառադարձութիւնը սրբագրուած է՝ Լուսինեան։
 
Տող 50.
 
== Իրավիճակը Տիւրոսի մէջ ==
1187-ի վերջը [[Կոնրադ Մոնֆերացի|Քոնրատ Մոնֆերացի]] (''Conrad of Montferrat'') ամրապնդուելով [[Տիւրոսի Պաշարում (1187)|Տիւրոսի]] մէջ կը դիմադրէ Սալահ Ալ-Տինի յարձակումներուն<ref>René Grousset, 1936. P. 47-51.</ref> : 1188-ի կէսերուն պայմանագիր մը կը կնքեն, ըստ որուն Սալահ Ալ-Տին, ի միջի այլոց [[Հաթթինի Ճակատամարտ|Հաթթինի ճակատամարտ]]<nowiki/>ի ընթացքին ջախջախուած եւ գերեվարուած Կի տը ԼուզինեանըԼուսինեանը ազատ կ'արձակէ: Վերջինս կնոջ՝ [[Սիբիլ Անժուացի|Սիպիլ Անժուաց]]<nowiki/>իին հետ կ'իշխէր [[Երուսաղէմի Պաշարում (1187)|Երուսաղէմ]]<nowiki/>ի գահին: Իբրեւ հետեւանք՝ Կիի եւ Քոնրատի միջեւ բախումը կը սաստկանայ, որովհետեւ վերջինս կը մեղադրէր Կին՝ Հաթթինի աղէտին իբրեւ պատասխանատու, մինչ ինք կը պարծենար, թէ յաջողութեամբ պաշտպանած էր Տիւրոսը հետագայ արշաւանքներէ:
 
== Պաշարում ==
Կի տը ԼուզինեանԼուսինեան, Քոնրատի աջակցութիւնը չստանալով, կ'երթայ եւ իր զօրքերով կը պաշարէ քաղաքը։ Թագաւորին զօրքերը 2 անգամ աւելի քիչ էին, քան պաշարուածներունը։ Ան գիտէր, որ իր փոքրաթիւ բանակով չէր կրնար յաղթանակ տանիլ, ուստի, կը սպասէ Եւրոպայէն ժամանելիք զօրքերուն։ Շուտով քաղաքի մատոյցներուն կը յայտնուին ֆրանսական եւ գերմանական զօրքեր։ Արքեպիսկոպոսները կը յաջողին համոզել Քոնրատը, որուն իբրեւ արդիւնք՝ օգնական ջոկատներ կը ժամանեն նաեւ Տիւրոսէն։
 
Սալահ ալ-Տին, իրազեկ ըլլալով տեղի ունեցած իրադարձութիւններուն, 15 Սեպտեմբեր 1189-ին կը յարձակի Կի տը ԼուզինեանիԼուսինեանի զօրքին վրայ։ Խաչակիրներուն բոլոր զօրքերը՝ ներառեալ [[Տաճարականներու Միաբանութիւն|տաճարականներ]]<nowiki/>ունը, կ'ուղղեն դէպի Սալահ Ալ-Տինի զօրքերուն աջ թեւը։ Սալահ ալ-Տին ստիպուած բոլոր ուժերը կը կեդրոնացնէ աջ կողմը, սակայն զօրքերը փախուստի կը դիմեն։ Վերջինս զօրքերը փրկելու նպատակով ձախ կողմը ինչպէս նաեւ թեթեւ հեծելազօրը մարտի կը մղէ։ Կի, ստիպուած, մարտի դաշտ կ'ուղարկէ պահեստազօրայինները. Սալահ ալ-Տին, իր հերթին, քաղաքին կայազօրայինները (5000 զինուոր) խաչակիրներուն դէմ կ'ուղարկէ։
 
Քրիստոնեաները կու տան շուրջ 5 հազար զոհ<ref>Ibn Al-Athir, XII, 20-6; Chapter four in Arab Historians of the Crusades, ed. and trans. by Francesco Gabrieli</ref><ref>Christopher Tyerman, God’s War A New History of the Crusades, p.416. Belknap Press, 2008.</ref>, սակայն Սալահ ալ-Տին չի յաջողիր ետ մղել քաղաքին մօտ դիրքաւորուած խաչակիրները։ Մարտի ընթացքին կը զոհուի տաճարականներու միաբանութեան առաջնորդ [[Ժերար դը Ռիդֆոր|Ժերար տը Ռիտֆոր]], իսկ Կի տը ԼուզինեանիԼուսինեանի եւ Քոնրատի միջեւ հակամարտութիւնը կը շարունակուի։
 
== Երկկողմանի պաշարում ==
Տող 67.
Քոնրատ նաեւ շինանիւթեր կը բերէ՝ մեքենաներ կառուցելու համար, զորս կ'օգտագործեն քաղաքին վրայ հերթական յարձակման ատեն (5 Մայիս):
 
19 Մայիսին Սալահ Ալ-Տին կը յարձակի քրիստոնեաներուն վրայ։ Ամրան ընթացքին ֆրանսական զօրքերը ծովէն կը ժամանեն եւ կը միանան պաշարողներուն, ինչպէս նաեւ օգնական ուժերով [[Կիլիկիա]] կը հասնինհասնի Սելիֆ գետին մէջ խեղդուած Ֆրետերիք Ա. Շիկամօրուսի որդին՝ Ֆրետերիք Զ.։ Օգնական ուժերը կը գրաւեն [[Հայֆա]] քաղաքը, որուն միջոցով կը յաջողին մթերքներ ուղարկել Կիի ճամբարը։ Կի տը Լուզինեան կը զրկուի Երուսաղէմի արքայի գահէն, որովհետեւ կը մահանան իր կինը՝ [[Սիպիլ Անժուացի|Սիպիլ]]<nowiki/>ն ու դուստրերը։ Սիպիլին քոյրը՝ Իզապելլան եւ Քոնրատ Մոնֆերացի կ'ամուսնանան։ Այսպիսով գահը կը փոխանցուի Քոնրատի։
 
Մինչ խաչակիրները կը կիսէին գահը, Սալահ Ալ-Տին կ'ուժեղացնէր իր բանակը։ 1190-ին աւստրիականաւստրիացի իշխան [[Լեոպոլդ V (Աւստրիոյ դուքս)|ԼեոպոլդԼեոպոլտ]] Ե. կը միանայ պաշարողներուն։ 31 Դեկտեմբերին միացեալ ուժերը կը փորձեն քանդել պատերը։ Իսկ 6 Յունուարին պատին մասնակի քանդման իբրեւ արդիւնք՝ քրիստոնեաները կը փորձեն գրաւել քաղաքին կայազօրը։ 13 Յունուարին Սալահ ալ-Տին կը յաջողի ճեղքել խաչակիրներուն շրջափակումը եւ քաղաք կը մտցնէ նոր կայազօր մը։ Ցուրտ եղանակը կը խանգարէր խաչակիրները։
 
Մարտին, երբ եղանակը նպաստաւոր կը դառնայ, Եւրոպայէն նոր ուժեր կը ժամանեն, ինչպէս նաեւ [[Ռիչարտ Առիւծասիրտ]]<nowiki/> եւ [[Ֆիլիբ Օգոստոս|Ֆիլիփ Օգոստոս]]: Սալահ Ալ-Տինի յաղթելու հաւանականութիւնը կտրուկ կը նուազի։ 3 Յուլիսին քաղաքը կը յանձնուի, Ռիչարտ կը հրամայէ մահապատժի ենթարկել քաղաքին կայազօրայինները։ Անգլօ-ֆրանսական ուժերով համալրուած խաչակիրները ծովու ճամբով կը յառաջանան դէպի հարաւ, նոյնը կ'ընեն իսլամները։ 7 Սեպտեմբերին Եաֆֆա քաղաքէն դէպի հիւսիս տեղի կ'ունենայ [[Արսուֆի ճակատամարտ]]<nowiki/>ը: Ճակատամարտի ընթացքին Ռիչարտ փայլուն յաղթանակ կը տանի։ Սալահ ալ-Տին խաչակիրներու յաղթանակը կը գնահատէ ըսելով, որ անգլիացիներուն կարգապահութիւնը եւ զրահները անյաղթելի էին։
[[Պատկեր:Map Crusader states 1190-en.svg|մինի|Խաչակիրներու պետութիւնները 1190-ին]]
[[Արսուֆի ճակատամարտ|Արսուֆի]] եւ [[Յաֆֆայի ճակատամարտ|Եաֆֆայի]] ճակատամարտերուն ընթացքին կրած պարտութիւններէն ետք պատերազմը վերջ կը գտնէ։ Եաֆֆայի ճակատամարտը կը դառնայ Խաչակիրներու երրորդ արշաւանքին վերջին նշանակալի առճակատումը։ Ճակատամարտէն ետք Ռիչարտ Սալահ Ալ-Տինի հետ կը սկսի բանակցիլ եւ 2 Սեպտեմբեր 1192-ին կը ստորագրուի երամեայեռամեայ հաշտութեան պայմանագիր մը, ըստ որուն Քրիստոնեաներունքրիստոնեաներուն թոյլ կը տրուէր անխափան այցելել սրբազան վայրեր։ Սալահ Ալ-Տինի ետին կը մնար Երուսաղէմը, իսկ խաչակիրներուն համար՝ նեղ ցամաքային ուղի մը, Եաֆֆայէն մինչեւ Տիւրոս։
 
== Հետեւանքներ ==
Ռիչարտ չի կրնար հասնիլ իր գերագոյն նպատակին՝ գրաւել [[Երուսաղէմ]]<nowiki/>ը: Իսկ տունդարձի ճամբուն վրայ գերի կ'իյնայ աւստրիացի հերցոգ Լեոպոլտի կողմէ։Լեոպոլտին։ Հետագային ազատ կ'արձակուի փրկագնի փոխարէն։ Աքքա կը դառնայ Երուսաղէմի թագաւորութեան մայրաքաղաքը եւ կը մնայ խաչակիրներու հիմնական յենակէտը մինչեւ 1291-ի անոր վերանուաճումը իսլամաներունիսլամներուն կողմէ։
 
== Գրականութիւն ==