«Օրորա Մարտիկանեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
→‎«Հոգիներու Աճուրդ» / «Կեանքերու Աճուրդ» (Auction of Souls): «Կեանքերու աճուրդ» վերնագիրը երբեք գործածուած չէ, ո՛չ իսկ հայերէն թարգմանութեամբ։
Տող 10.
Բուն անունով՝ Արշալոյս Մարտիկեան, Օրորա Մարտիկանեան եղած է բազմանդամ ընտանիքի մը երրորդ զաւակը։ Հայրը զբաղած է գիւղատնտեսութեամբ եւ մետաքսագործութեամբ։
 
Մեծ Եղեռնի օրերուն, ականատես դարձած է իր հօր սպանութեան, եւ այնուհետեւ՝ աքսորի ճանապարհներուն, կորսնցուցած մայրը, քոյրերն ու եղբայրները եւ ենթարկուած բազմազան չարչարանքներու: 14 տարեկան աղջնակը վաճառուած է գերիներու շուկան<ref>[http://www.aztagdaily.com/archives/227561 Կին Դէմքեր։]</ref> (առեւանգուած եւ ծախուած է իբրեւ գերի Անատոլիոյ մէջ) եւ որոշ ժամանակ մնացած է թուրք եւ քիւրտ աղաներու հարեմներուն մէջ։ Մարտիկանեան լեռնային ճամբաներով հասած է [[Էրզրում]], որ 1916Փետրուար Փետրուարին1916-ին գրաւուած էր ռուսական զօրքերուն կողմէ։ Անցած է [[Թիֆլիս]] ([[Վրաստան]]), եւ այնուհետեւ՝ [[Սեն Փեթերսպուրկ|Ս. Փեթերսպուրկ]]<nowiki/>ի ու [[Օսլօ|Օսլոյի]] ճանապարհճամբով, յաջողած է հասնիլ [[Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներ|Միացեալ Նահանգներ]]՝ [[Նիւ Եորք]], Մերձաւոր Արեւելքի ՆպաստամատոյցիՆպաստամատոյցին օգնութեամբ։
 
{{քաղուածք| Արշալոյս մաս կը կազմէ այն 17 հայ աղջիկներու խմբակին, որոնք կ'առեւանգուին արիւնարբու թուրք զինեալներու կողմէ, որոնք կ'որոշեն սպաննել զանոնք փայտեայ խաչերու վրայ, որովհետեւ անոնք կը մերժեն իսլամանալ եւ հլու հնազանդ կենակցիլ իրենց հետ: Ուստի զինեալները կը պատրաստեն 16 փայտեայ խաչեր փոխան 17-ի եւ կը գործադրեն անմեղմ 16 հայուհիներու սպաննութիւնը խաչելութեամբ: Արշալոյս հրաշքով մը մաս չի կազմեր այդ խաչեալներուն եւ փախուստ տալով կը ձերբազատուի զինեալներու ձեռքէն:
Տող 16.
ՄԱԱՆի կարգադրութեամբ եւ զօրավար [[Անդրանիկ Օզանեան|Անդրանիկ]]ի օժանդակութեամբ կ'որոշուի Արշալոյսը հասցնել Ամերիկա: Զօրավար Անդրանիկ Արշալոյսին կ'ըսէ հետեւեալը.
 
«Կարգադրուեցաւ, որ դուն ղրկուիս Ամերիկա, ուր մեր թշուառ հայերը ունին շատ մը բարեկամ ընկերներ: Երբ հասնիս Ամերիկա, այդ սիրեցեալ երկիրը, պատմէ ամերիկացիներուն, որ [[Հայաստան]] վտանգի մէջ է, բզկտուած եւ արիւնոտ, սակայն անիկա պիտի վերականգնի, եթէ Ամերիկան օգնէ մեզի, սննդեղէն եւ դրամ ղրկէ անօթի հայերուն, որպէսզի բոլոր հայերը վերադառնան իրենց տուները, երբ պատերազմը վերջ գտնէ»: Անդրանիկ իր մատնեմատանին, որ ստացած էր իր հօրմէ, կը նուիրէ Արշալոյսին: Ան կը ղրկուի [[Թիֆլիս]], ուր կը մնայ հայկական եկեղեցիի մը մէջ: Թիֆլիսի մէջ Ամերիկեան դեսպանատան կողմէ իրեն կը շնորհուի ամերիկեան ճամբորդութեան անձնաթուղթ: Արշալոյս կը հասնի Փեթերսպուրկ: Այնտեղէն կը ղրկուի [[Շուէտ]] եւ, ապա նաւով ճամբայ կ'ելլէ դէպի Հալիֆաքս: [[Նիւ Եորք]] կը հասնի նաւով: Նաւահանգիստէն կը տեսնէ «Ազատութեան արձանը» եւ կ'ուրախանայ ոչ միայն, որովհետեւ հասած է ազատութեան երկիրը, այլ նաեւ, որովհետեւ ինք պիտի կարենայ պատմել ամերիկացիներուն իր երկու տարուան տաժանակիր ճանապարհին մանրամասնութիւնները եւ հայ ժողովուրդին տառապանքը, տարագրութիւնը, սպանութիւնը եւ Ցեղասպանութիւնը:|ԲԺԻՇԿ ԿԱՐՊԻՍ ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ}}<ref>[http://asbarez.com/arm/222132/%D5%BF%D5%A1%D6%80%D5%A1%D5%A2%D5%A1%D5%AD%D5%BF-%D5%B3%D5%A1%D5%AF%D5%A1%D5%BF%D5%A1%D5%A3%D5%AB%D6%80%D5%AB-%D5%BF%D5%A7%D6%80-%D6%85%D6%80%D5%B8%D6%80%D5%A1-%D5%B4%D5%A1%D6%80%D5%BF%D5%AB%D5%AF/Տարաբախտ Ճակատագիրի Տէր Օրորա Մարտիկանեան՝ Ամերիկացիներու «Հայ Ժան Տ՛Արք»ը]</ref>
 
== «Յօշոտուած Հայաստան» (Ravished Armenia) ==
Տող 22.
 
== «Հոգիներու Աճուրդ» (Auction of Souls) ==
Այս գիրքը հետագային օգտագործուած է բեմագիրբեմագրութիւն մը գրելու համար, որ արտադրուած է իբրեւ շարժանկար 1919-ին «[[Հոգիներու Աճուրդ|Հոգիներու աճուրդ]]» անունով, որուն մէջ Մարտիկանեան ստանձնած է գլխաւոր դերը, մարմնաւորելով իր իսկ անձը: Ժապաւէնը կազմուած էրէ 20 վայրկեաննոց 8 բաժիններէ եւ 531 տեսարաններէ, որոնք կը ցուցադրէինցուցադրեն այն բարբարոսութիւնները, որոնց ենթարկուած էրէ հայ ժողովուրդը:
 
Նիւ Եորքի մէջ այս շարժանկարը առաջին անգամ կը ցուցադրուի 16 Փետրուար 1919-ին, Փլազա Պանդոկին մէջ, ուր ներկայ էին հանրայայտ անձնաւորութիւններ, ինչպէս՝ Տիկ. Օլիվըր Հարիման եւ Պարոն Ճորճ Վանտըրպիլթ, որոնք ներկայացած են իբրեւ Ամերիկեան Հայերու եւ Սուրիացիներու Նպաստի Կոմիտէի (American Committee for Armenian and Syrian Relief) ներկայացուցիչներ։<ref name=r1/>
 
«Հոգիներու աճուրդ» շարժանկարը կը ներկայացնէ զոհերուն խաչերու վրայ գամուիլը։ Սակայն, 70 տարիներ ետք, Մարտիկանեան կը յայտնէ շարժանկարիշարժանկարին պատմաբան Anthony Slide-ին, թէ այդ տեսարանը ճշգրիտ չէր, այլ՝ «խաբկանք»։ Ան կ'ըսէ. «Թուրքերը այդպէս չըրին, այլ շինեցին սրածայր խաչեր, որմէ ետք աղջիկներուն հագուստները պատռտելով հանեցին եւ բռնաբարեցին զանոնք, ապա աղջիկները նստեցուցին այդ սուր, մասնաւորապէս պատրաստուած տախտակներուն վրայ, հեշտոցին ճամբով։ Այդ էր ահաւոր մահապատիժներէն մէկը, ահա թէ որոնքորո՛նք են թուրքերը։ Ամերիկացիները շարժանկարը պատրաստեցինպատրաստած էին աւելի քաղաքակիրթ ձեւով։»<ref>{{cite book |last=Erish |first=Andrew A. |authorlink= |title=Col. William N. Selig, the Man Who Invented Hollywood |publisher=University of Texas Press |year=2012 |pages=211–12 |url=https://books.google.am/books?id=TKskLkvWnDgC&pg=PA212#v=onepage&q&f=false |isbn=978-0-292-74269-7}}</ref>
 
== Անձնական կեանք ==
Տող 36.
== Գրականութիւն ==
* Slide, Anthony. Ravished Armenia and the Story of Aurora Mardiganian. Jackson, Ms.։ University Press of Mississippi, 2014.
* {{cite journal |last=Taylor |first=Eugene L. |first2=Abraham T. |last2=Krikorian |title='Ravished Armenia: Revisited:' Some Additions to a 'A Brief Assessment of the Ravished Armenia Marquee Poster' |journal=Journal of the Society for Armenian Studies |volume=19 |issue=2 |year=2010 |pages=179–215179-215 |doi= }}
 
== Արտաքին յղումներ ==