«Վենետիկ» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Տող 10.
 
== Պատմութիւն ==
[[File:The historical map of Armenia in the palace.jpg|thumb|left|Հայաստանի քարտեզը Դոդժերի պալատումպալատին մէջ]]
Քաղաքի անունը առաջացած վենետներ ցեղի անունէն, որոնք այստեղ բնակած են [[հռոմ]]եական ժամանակներուն։ Վենետիկեան ծովածոցին մէջ մարդիկ սկսած են բնակիլ բարբարոսներու, Աթթիլայի հոներու, վեստկոթներու եւ լանկոպարտներու ներխուժումի ժամանակ V-VI դարերուն։ Քաղաքային կարգաւորումը Վենետիկեան ծովածոցի կղզիներուն վրայ սկսած է 6 դարի երկրորդ կէսին։ Սկիզբը, Մալամոքքո և Դոռչելլօ կղզիները կը համարուէին կարգաւորման կեդրոնը, սակայն VIII դարէն սկսեալ ան տեղափոխուած է դէպի իր ներկայ դիրքին։ VII դարուն [[Բիւզանդական Կայսրութիւն|Բիւզանդիական կայսրութեան]] նախաձեռնութեամբ կղզիները միացան մէկ առաջնորդի գլխաւորութեան տակ, որ կոչուեցաւ տոժ։ Առաջին տոժը եղած էր Բաուլօ Լուչիօ Անաֆեսդոն 697 թ.։ Ան ընտրուեցաւ Բիւզանդական կայսրութեան կողմէ։ 8-րդ դարէն սկսեալ տոժը արդէն կ'ընտրուէր Վենետիկի մէջ՝ առանց Բիւզանդական կայսրութեան ընտրումով։ Այդ կանոնէն ետք առաջին տոժի ընտրութիւնը եղած է 727 թուականին։ Քաղաքի ամբողջ պատմութեան ընթացքին ընտրուած են 120 տոժեր։ Վերջինը Լուտովիկo Մանինն էր, որ գահընկեց եղաւ 1797 թուականին։ Ռավեննայի լանկոպարտներու հետ զբաղուելէ ետք Վենետիկը մնաց վերջին տարածքը Իտալիայի մէջ, որ կը գտնուէր Բիւզանդական կայսրութեան կառավարութեան տակ։ Իտալիոյ միւս մասերը միացան Քարլ Մեծի իշխանութեանը, որմէ ետք ան մնաց Բիւզանդական կայսրութիւնը և արեւմտեան աշխարհը իրար միացնող կեդրոնը։ Բետրօ Բ. Օրսելօ տոժի կառավարութեան ժամանակ Վենետիկ յաջողեցաւ խաղաղ պայմանագրեր կնքել հարեւան իշխանութիւններու հետ, ապահովելով հանգիստ կառավարութիւն, անարգելք առեւտրականութիւն, նաեւ հանրապետութեան տարածքներու ընդարձակումը՝ գրաւելով Տալմաթայի հողերը։
 
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Վենետիկ» էջէն