«Թրքերէն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
No edit summary
Պիտակ: Տեսողական խմբագրիչը անջատուած է
Տող 1.
'''Թրքերէն''' (ինքնանուանումը՝ '''Türkçe''' (թիւրքչէ) կամ '''Türk dili''' (թիւրք տիլի), [[Պալքաեան թերակղզի|Պալքանեան թերակղզիէն]] մինչեւ [[Կասպից ծով]] ինկած տարածաշրջանին մէջ խօսուող [[ալթայեան լեզուներ|ալթայեականալթայական լեզուներէն]] մէկն է: Թրքերէնը մայրենի լեզուն է [[Հարաւ-արեւելեան Եւրոպա]]յի (յատկապէս՝ [[Արեւելեան Թրակիա|Արեւելեան]] եւ [[Արեւմտեան Թրակիա]]յի մէջ) մէջ բնակող 10-15 միլիոն անձի եւ [[Հարաւ-արեւմտեան Ասիա|Հարաւ-արեւմտեան Ասիոյ]] (յատկապէս՝ [[Թուրքիա|Թուրքիոյ]]) 60-65 միլիոն բնակիչներուն համար։ Թուրքիայէն դուրս թուրքախօս ոչ մեծ խումբեր կան [[Գերմանիա|Գերմանիոյ]], [[Պուլկարիա|Պուլկարիոյ]], [[Հիւսիսային Մակեդոնիոյ Հանրապետութիւն|Մակեդոնիոյ]], [[Հիւսիսային Կիպրոսի Թրքական Հանրապետութիւն|Հիւսիսային Կիպրոսի]], [[Յունաստան]]ի, [[Կովկաս]]ի, ինչպէս նաեւ [[Եւրոպա]]յի եւ [[Կեդրոնական Ասիա|Կեդրոնական Ասիոյ]] մնացեալ տարածքներուն մէջ։ Կիպրոսը նոյնիսկ [[Եւրոպական Միութիւն|Եւրոպական Միութեան]] առաջարկած էր թրքերէնը ընդգրկել [[Եւրոպական Միութիւն|միութեան]] պաշտօնական լեզուներու ցանկին մէջ մէջ, հակառակ որ, Թուրքիան Եւրոպական Միութեան անդամ չէ։ Օղուզական խումբի միւս լեզուները իրենց կարգին տարածուած են նշուած տարածաշրջանի արեւելեան ու հարաւային մասերուն մէջ՝ [[Կովկաս]]ի, [[Ազրպէյճան]]ի, [[Իրան]]ի եւ [[Կասպից ծով]]ու հարաւ արեւելեան հատուածին մէջ:
 
Թրքերէնը կը պատկանի ալթայեականալթայական լեզուաընտանիքի արեւմտախունական ճիւղի օղուզական խումբին։ Մերօրեայ գրական թրքերէնը ունի համեմատաբար նոր պատմութիւն. ձեւաւորուած է [[օսմաներէն]]ի հիման վրայ՝ 19-րդ դարի սկիզբը: Նախկին [[Օսմանեան կայսրութիւն|Օսմանեան կայսրութեան]] տարածքին եւ մասնաւորապէս այսօրուան [[Թուրքիա|Թուրքիոյ]] մէջ տարածուած թրքերէնը ամբողջ աշխարհի 5-րդ ամէնէն շատ խօսուող լեզուն է:
 
Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի իրականացուցած բարեփոխումներուն շնորհիւ, 1928-ին թրքերէնը արաբատառ այբուբենի փոխարէն կը սկսի կիրարկել լատինատառը։
Տող 10.
 
== Դասակարգում ==
Թրքերէնը լեզուներու համաշխարհային դասակարգման մէջ ընդգրկուած է ուրալ-ալթայեականալթայական լեզուաընտանիքի [[ալթայեական լեզուներ|ալթայեականալթայական]] ճիւղին մէջ: Ուրալ-ալթայեականալթայական լեզուաընտանիքի լեզուներու վերաբերեալ կատարուած խորքային ուսումնասիրութիւնները աւելի եւս կ'ապացուցեն, որ այս երկու լեզուախումբերը մէկ լեզուաընտանիքի մէջ միաւորելու համար բաւարար հիմքեր չկան<ref>Zeynep Korkmaz, Türkiye Türkçesi Grameri (Şekil Bilgisi), Türk Dil Kurumu Yayınları, Ankara 2007, s. LXVII. ISBN 975-16-1643-3</ref>: Այդ պատճառով ալ, երբեմն թրքերէնը կը դասակարգուի պարզապէս իբրեւ ալթայեականալթայական լեզու։
 
Ինչպէս անուանի թրքագէտ Ռեշիթ Ռահմեթի Արաթը «Թրքերէնի բարբառներու դասակարգումը» խորագիրով իր յօդուածին մէջ կը գրէ՝ թրքական լեզուներու, ներառեալ Թուրքիոյ թրքերէնի դասակարգման վերաբերեալ մինչեւ օրս տարբեր գիտական տեսակէտներ դուրս եկած են: Հիմնուելով աւելի վաղ առաջարկուած դասակարգման փորձերուն հիման վրայ, Արաթ կ'առաջարկէ սեփական դասակարգումը, ըստ որուն Թուրքիոյ թրքերէնը կը պատկանի թրքերէնի բարբառախումբերու VI լեռնային խումբին (հարաւային)<ref>[http://istanbul.edu.tr/enstituler/turkiyat/kutuphane/metin/1951_1_10/1951-1_10_04_R_ARAT.pdf R. Rahmeti Arat, “Türk Şivelerinin Tasnifi”, Türkiyat Mecmuası, Cilt X, İstanbul 1953, s. 69-149.]</ref>: Թրքական լեզուաընտանիքը կը ներառէ արեւելեան Եւրոպայի, [[Կեդրոնական Ասիա|Կեդրոնական Ասիոյ]] եւ [[Սիպիր]]ի մէջ խօսուող շուրջ 30 կենդանի լեզու <ref>[http://www.ethnologue.com/show_family.asp?subid=90009 Raymond G. Jr. Gordon, Ethnologue: Languages of the World, Fifteenth edition. Language Family Trees - Altaic] Ethnologue.com {{En}}</ref>: Թրքալեզու մարդոց շուրջ 40 առ հարիւրը կը խօսի Թուրքիոյ թրքերէնը <ref>Kenneth Katzner, Languages of the World, [https://web.archive.org/web/20160209002804/http://pbi.fkip.untad.ac.id/wp-content/uploads/2014/09/Languages-of-the-World-by-Kenneth-Katzner.pdf Third Edition], Routledge, An imprint of Taylor & Francis Books Ltd., 2002, p. 18. ISBN 978-0-415-25004-7 {{En}}</ref>: Թրքախօսներուն 40 %-ին համար թրքերէնը մայրենի լեզու է։ Թրքերէնը կը գրաւէ 9-րդ դիրքը այն 10 լեզուներու ցանկին վրայ, որոնք ըստ [[British Council]]-ի կողմէ կատարուած հետազօտութեան մը արդիւնքներուն՝ ապագային գերիշխողական կարգավիճակ կ'ունենան <ref>{{| url = http://www.hurriyet.com.tr/dunya/29539783.asp | başlık = Geleceğin 10 dili sıralamasında Türkçe 9'uncu | tarih = 13 Temmuz 2015 | yayıncı = [[Hürriyet (gazete)|Hürriyet]] | erişimtarihi = 17 Temmuz 2015 | arşivurl = http://web.archive.org/web/20150822151644/http://www.hurriyet.com.tr:80/dunya/29539783.asp | arşivtarihi = 22 Ağustos 2015}}</ref>:
Տող 46.
# Հանրապետական շրջանի թրքերէն. 20-րդ դարուն սկիզբէն մինչեւ այսօր
 
== ԱլթայեականԱլթայական լեզուախումբ ==
Լեզուաբանական գրականութեան մէջ սովորաբար իբրեւ լեզուաընտանիք կամ լեզուախումբ յիշատակուող ալթայեականալթայական լեզուները տարբեր դասակարգումներու համաձայն կը ներառեն 3 ([[Թրքական լեզուախումբ|թրքական]], [[Մոնկոլական լեզուներ|մոնկոլական]], [[Տունկուս-մանճուրական լեզուներ|տունկուս-մանճուրական]]) կամ 5 ճիւղ՝ ներառեալ նաեւ [[քորիէրէն]]ն ու [[ճափոներէն]]ը <ref>[http://turkoloji.cu.edu.tr/ESKI%20TURK%20DILI/tuna_01.pdf Osman Nedim Tuna, Altay Dilleri Teorisi, Türk Dünyası Araştırmaları Vakfı, İstanbul 1983, s.1.] (''İlk varyant'')</ref>: Այս տեսութեան համաձայն, թրքական, մոնկոլական, տունկուս-մանճուրական լեզուները, քորիէրէնն ու ճափոներէնը ազգակից են եւ ունին ընդհանուր ծագում. մէկ ընդհանուր մայր լեզուէ յառաջացած են: Այդ ընդհանուր մայր լեզուն ենթադրեալ լեզու է եւ, բնականաբար, որեւէ անուանում չունի: Ալթայեականալթայական լեզուաընտանիքի տեսութեան կողմնակիցները այդ երեւակայական լեզուին կու տան «[[ալթայերէն]]» անունը <ref name="TDT17">Ahmet Bican Ercilasun, Başlangıçtan Günümüze Türk Dili Tarihi, Akçağ Yayınları, Ankara 2010, s. 17. ISBN 978-975-338-589-3</ref>: Տեսականօրէն ենթադրուող այդ ալթայերէնի հետագայ ճիւղավորումներէն զարգացած է այսօրուան թրքերէնը:
 
== Օսմանեան թրքերէն ==
950-ին իսլամութիւնը կ'ընդունին Քարախանեան պետութիւնը եւ սելճուք թուրքերը, որոնք կը նկատուին օսմանցիներու արմատները եւ մշակութային նախնիները։ Այս պետութիւններու վարչական լեզուն բազմաթիւ բառեր փոխ առած է [[արաբերէն]]էն եւ [[պարսկերէն]]էն։ Օսմանեան ժամանակաշրջանի [[Թրքական գրականութիւն]]ը՝ մասնաւորապէս [[Տիւանի գրականութիւնը]], մեծապէս կը կրեն պարսկերէնի ազդեցութիւն՝ ներառեալ [[բանաստեղծական չափերը]] եւ մեծաքանակ [[փոխառութիւններ]]ը։ [[Օսմանյան կայսրութիւն|Օսմանեան կայսրութեան]] (1299-1922) գրական եւ պաշտօնական լեզուն՝ [[օսմաներէն]]ը, որ կը ներկայացնէ թրքերյնի, [[արաբերէն]]ի եւ [[պարսկերէն]]ի խառնուրդ, զգալիօրէն կը տարբերի այսօրուան թրքերէնէն։ Առօրեայ խօսակցական թրքերէնով, որ յայտնի իբրեւ «կոպիտ թրքերէն» (kaba Türkçe), կը խօսուի հիմնականին ցած կրթական մակարդակի տէր մարդոց եւ գիւղաբնակներուն կողմէ։ Անոնց խօսակցական լեզուն կը ներառէ մայրենի լեզուի բառապաշարի մեծ մասը եւ հիմք կը ծառայէ ժամանակակից թրքերէնին<ref>{{harvnb|Glenny|2001|p=99}}</ref>։
 
== Լեզուական բարեփոխումներ եւ ժամանակակից թրքերէն ==
Թրքական ժամանակակից պետութեան հիմնադրութենէն եւ գրային բարեփոխումէն ետք՝ 1932-ն, Մուսթաֆա Քեմալ Աթաթուրքի գլխաւորութեամբ կը հիմնուի Թրքական լեզուաբանական ընկերութիւնը, որուն նպատակն էր հետազօտութեան ենթարկել թրքերէնը։ Նոր հիմնուած կազմակերպութեան խնդիրներէն էր նախաձեռնել լեզուական բարեփոխում՝ փոխարինելով արաբական եւ պարսկական փոխառութիւնները թրքերէն համարժէքներով<ref>See Lewis (2002) for a thorough treatment of the Turkish language reform.</ref>։ Մամուլին մէջ փոխառեալ բառերու կիրարկումը արգիլելով՝ Ընկերութիւնը կը յաջողի լեզուէն դուրս մղել քանի մը հարիւր օտար բառ։ Բառերուն մեծ մասը, որ ԹԼԸ-ի կողմէ կը ներառուին լեզուին մէջ, նոր կազմուած էին թրքական արմատներով եւ յատուկ ընտրուած էին, որպէսզի վերակենդանացնէին հին թրքերէն բառերը, որոնք դարերէ ի վեր չէին կիրարկուած<ref name="TDK History">{{cite web|author=Turkish Language Association|authorlink=Turkish Language Association|url=http://www.tdk.gov.tr/TR/BelgeGoster.aspx?F6E10F8892433CFFAAF6AA849816B2EF2858DA18F4388CDD|title=Türk Dil Kurumu – Tarihçe (History of the Turkish Language Association)|accessdate=2007-03-18|archiveurl = https://web.archive.org/web/20070316024438/http://www.tdk.gov.tr/TR/BelgeGoster.aspx?F6E10F8892433CFFAAF6AA849816B2EF2858DA18F4388CDD |archivedate = մարտի 16, 2007|deadurl=yes|language=Turkish}}</ref>։
 
Լեզուական այսպիսի արագ փոփոխութեամբ, տարիքով աւելի մեծերու եւ երիտասարդներու բառապաշարը կը սկսի չհամապատասխանել եւ իրարմէ տարբերիլ։ Մինչեւ 1940-ականները ծնած սերունդը աւելի կը հակէր արաբա-պարսկական ծագում ունեցող բառերը կիրարկելու, մինչդեռ երիտասարդ սերունդը կը նախընտրէր նոր արտայայտութիւնները։ Հետաքրքրականը այն է, որ 1927-ին խորհրդարանին մէջ իր յայտնի երկար ելոյթին (Ճառ, Nutuk) ժամանակ Աթաթուրքի օգտագործած օսմաներէնի ոճական ձեւերը, չնայած որ ժամանակակից թրքերէն «թարգմանուած էին» շուրջ 3 անգամ՝ 1963, 1986 եւ 1995-ին, խորթ են ներկայ սերունդի ընթերցողներուն համար<ref>See Lewis (2002): 2–3 for the first two translations. For the third see {{cite web |author=Bedi Yazıcı |url=http://www.nutuk.org/ |title=Nutuk: Özgün metin ve çeviri (Atatürk's Speech: original text and translation) |accessdate=2007-09-28 |language=Turkish }}</ref>։
 
Անցեալ քանի մը տասնամեակներու ընթացքին Թրքական լեզուաբանական ընկերութիւնը շարունակական աշխատանք կը տանի թրքերէն այնպիսի բառեր մշակելու, որոնք պիտի արտայայտէին նոր գաղափարներ ու արհեստագիտական եզրեր։ Անոնք հիմնականօրէն կը փոխառուէին անգլերէնէն։ Այդ բառերուն մեծ մասը, յատկապէս տեղեկատուական արհեստագիտութեան վերաբերեալ եզրերը, համընդհանուր կիրարկութիւն կը գտնեն։ Այնուամենայնիւ, ԹԼԸ-ն երբեմն կը քննադատէ արհեստական եւ յօրինուած բառերու ստեղծումը։ Որոշ փոփոխութիւններ, որ եղած էին աւելի կանուխ, օրինակ bölem-ի փոխարինումը fırka -ով (կուսակցութիւն), չարժանացան համընդհանուր հաւանութեան (fırka-ն կը փոխարինուի ֆրանսերէնէ փոխառեալ parti-ով)։ Որոշ բառեր ալ կը վերադարձուին հին թրքերվնէն եւ կը ստանան յատուկ իմաստներ։ Օրինակ, betik -ը (սկզբնական իմաստը՝ գիրք) այժմ կը կիրարկուի «ձեռագիր» (ձեռագրային լեզու) համակարգչային գիտութեան մարզին մէջ<ref name=cokbilgi>{{cite web|title=Öz Türkçeleştirme Çalışmaları|url=http://www.cokbilgi.com/yazi/oz-turkcelestirme-calismalari/|work=Çok Bilgi|accessdate=մայիսի 29, 2014|archive-date=2019-07-14|archive-url=https://web.archive.org/web/20190714065848/https://www.cokbilgi.com/yazi/oz-turkcelestirme-calismalari/|dead-url=yes}}</ref>։ Բառերուն մեծ մասը, որոնք գործածութեան մէջ դրուած են ԹԼԸ-ի կողմէ, ունին նաեւ իրենց հին համարժէքները։ Ասիկա սովորաբար կը պատահի այն ժամանակ, երբ փոխառեալ բառը կը փոխէ իր իմաստը։ Օրինակ, dert բառը, որ կի ծագէ պարսկերէն dard (درد, «ցաւ») բառէն, թրքերէնի մէջ կը նշանակէ «հոգ, մտածում», մինչդեռ բուն թրքական ağrı բառը կ'օգտագործուի «ֆիզիքական ցաւը» արտայայտելու համար։ Երբեմն փոխառութիւնը իր նշանակութեամբ քիչ մը կը տարբերի բուն թրքական բառէն, ինչպէս գերմանական եւ ռոմանական բառերը անգլերէնի մէջ։ Ժամանակակից թրքերէն բառերու եւ հին փոխառութիւններու օրինակները ստորեւ․
{| class="wikitable"
|+
!Օսմաներէն
!Ժամանակակից թրքերէն
!Հայերէն թարգմանութիւն
!Մեկնաբանութիւններ
|-
|müselles
|üçgen
|եռանկիւն
|Կազմված է üç թիւէն
եւ gen վերջածանցէն
|-
|tayyare
|uçak
|օդանաւ
|Կը ծագի uçmak ՝ «թռչիլ» բայէն,
սկիզբը առաջարկուած է բառը օգտագործել «օդակայան» իմաստով
|-
|nispet
|oran
|1․յարաբերութիւն, 2․համաչափ
3․ենթադրութիւն, վարկած
|Մինչեւ օրս հին բառը եւս կը կիրարկուի նորին հետ միասին։ Ժամանակակից բառին արմատը հին թրքական -or «կտրել» բայն է։
|-
|şimal
|kuzey
|հիւսիս
|Կը ծագի հին թրքերէն kuz («մութ եւ ցուրտ տարածք», «ստուեր» ) գոյականէն։ Բառը ետ վերադարձուած է միջին թրքական կիրարկութենէն<ref>{{cite book |author=Mütercim Asım |title=Burhân-ı Katı Tercemesi |location=İstanbul |year=1799 |language=Turkish }}</ref>։
|-
|teşrinievvel
|ekim
|Հոկտեմբեր
|ekim գոյականը կը նշանակէ «տնկում, աճեցում», բառը ցոյց կու տայ աշնան հացահատիկի սերմերը ցանելու գործընթացը, որ լայնօրէն տարածուած է Թուրքիոյ մէջ։
|}
 
== Ծանօթագրութիւններ ==
Վերցուած է «https://hyw.wikipedia.org/wiki/Թրքերէն» էջէն