«Արա Քըրճըլեան» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
No edit summary
Չ Բոտ: կոսմետիկ փոփոխություններ
Տող 34.
Արա ՔըրճըլեանՆախ կը յաճախէ ազգային «Մարտիկեան» վարժարանի մանկապարտէզը, ապա՝ Ազգային «Սուրէն Խանամիրեան» Քոլէճ, որուն ընթացքը չի կրնար աւարտել՝ հօրը մահուան պատճառով:
 
[[1978 թուական]]ին, տակաւին ութերորդ դասարանի աշակերտ, հօրը մահէն ետք, տան ապրուստը հոգալու համար, կը լքէ դպրոցը եւ կը դիմէ արհեստի եւ կը սորվի ոսկերչութիւն: Տան պատասխանատուութիւնը, սակայն, անոր մոռցնել չի տար [[Հայ Դատի Յանձնախումբ|Հայ ԴատԴատի]]ի հանդէպ ունեցած պատասխանաուութիւններն ու պարտաւորութիւնները: Այս պատճառով ալ, ան կ'ապրի ժուժկալ կեանք մը:
 
Ազգային իր գիտակցութեան ներշնչման աղբիւրը եւ մղիչ ուժը կ'ըլլայ իր մայրը, որ միշտ կը պատմէ հայ ժողովուրդին տառապանքներուն մասին՝ թրքական եաթաղանին տակ: Արա շատ կը սիրէր փոքրերը: Իր շուրջ կը հաւաքէր զանոնք եւ կը պատմէր անոնց՝ հայութեան կրած տառապանքներուն մասին: Անոնց մէջ նաեւ կ'արթնցնէր ազգին սէրը: Իր այս վարմունքին պատճառաւ մանուկներն ու պատանիները շատ կը սիրէին զինք եւ միշտ կը փնտռէին իր ներկայութիւնը: Արային հետաքրքրած է լողը, չմուշկը, ինչպէս նաեւ երաժշտութիւնը: