«Կարթագէն» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «{{Տեղեկաքարտ Բնակավայր|կարգավիճակ=Քաղաք}} '''Կարթագէն''' (փիւնիկերէն՝ 𐤒𐤓𐤕𐤇𐤃𐤔𐤕, Qart-ḥadašt, լատ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

15:52, 26 Փետրուար 2021-ի տարբերակ

Կարթագէն (փիւնիկերէն՝ 𐤒𐤓𐤕𐤇𐤃𐤔𐤕, Qart-ḥadašt, լատիներէն՝ Carthago, արաբերէն՝ قرطاج‎, Картадж, ֆրանսերէն՝ Carthage, հին յունարէն՝ Καρχηδών), հին քաղաք (թանգարան), ներկայիս կը գտնուի Թունիսի տարածքին՝ Թունիս քաղաքի մերձակայքը։

Քաղաք
Կարթագէն
Lua–ի սխալ՝ expandTemplate: template "lang-xpu" does not exist։
Երկիր  Թունուզ[1]
Հիմնադրուած է՝ ՔԱ 9-րդ դար
Կը գտնուի ափին Միջերկրական Ծով

Պատմութիւն

Հիմնուած է ՔԱ մօտաւորապէս 820 թուականներուն, փիւնիկեցիներուն կողմէ:

Փիւնիկերէն լեզուով կը նշանակէր «Նոր քաղաք». հոնկէ կը ղեկավարուէին արեւմտեան Միջերկրականի առեւտրական ուղիները:

Քաղաքը պաշտպանուած էր 32 քմ երկարութեամբ հսկայ պարիսպով մը: Ունէր վաճառականութեան յատկացուած նաւահանգիստ մը եւ ռազմական նպատակներով օգտագործուող նաւահանգիստ մը:

Անոր հզօրութիւնը դէմ ելած է Հռոմի հզօրութեան, եւ երկու պետութիւնները երեք պատերազմներ մղած են իրարու դէմ: Կարթագէն պարտուած դուրս եկած է այս պատերազմներէն:

Հին քաղաքը

Կարթագէնի հիմնական տեսարժան վայրը հին քաղաքի աւերակներն են, որոնք ժամանակին նոյնքան հզօր ու մեծ եղած են, որքան Հռոմը: 2-րդ դարուն կառուցուած ամֆիթատրոնը հնգաստիճան կառոյց է, որ կրնար տեղաւորել հինգ հազար հանդիսատես: Ամֆիթատրոնի ասպարէզը եզակի եղած է, այն իմաստով, որ անիկա կրնար ծովին ջուրով լեցուիլ, եթէ բեմադրութիւնը ներգրաւէր ծովային մարտեր: Այդ տեսարանը սիրուած էր ե՛ւ Կարթագէնի, ե՛ւ Հռոմի մէջ:

Կարթագէնի պարիսպները քանդուած են Ք.Ա. 146 թուականին[2]:

Պատկերասրահ

Ծանօթագրութիններ

  1. archINFORM — 1994.
  2. «Հին Աշխարհի «Միւս» Հրաշալիքները»։ Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon) (en-US)։ 2019-02-23։ արտագրուած է՝ 2021-02-26