«Ուիքիփետիա:Ամսուան Իրադարձութիւնները/03-2021» խմբագրումներու միջեւ տարբերութիւն

Content deleted Content added
Նոր էջ «* Հայաստանի ներկայացուցիչ Քաթիա Գալստեան պրոնզէ մետալակիր դարձաւ գերմանական Օպերսթտ...»:
(Տարբերութիւն չկայ)

19:59, 28 Փետրուար 2021-ի տարբերակ

  • Հայաստանի ներկայացուցիչ Քաթիա Գալստեան պրոնզէ մետալակիր դարձաւ գերմանական Օպերսթտորֆ քաղաքին մէջ տեղի ունեցող դահուկարշաւի միջազգային մրցաշարքին ընթացքին:
  • Ռուսիոյ բազմաթիւ քաղաքներու մէջ Ալեքսէյ Նաւալնիին ձերբակալման դէմ բողոքներ կը կատարուին։
  • Թուրքիա եւ Ատրպէյճան Կարսի մէջ 1 Փետրուարին, կը սկսին «Ձմեռ 2021» լայնածաւալ զօրավարժութիւնները։
  • Վատիկանի մէջ, Ֆրանսիսկոս պապի հրամանագրով, 27 Փետրուարը պիտի նշուի իբրեւ Տիեզերական եկեղեցւոյ վարդապետ Ս․ Գրիգոր Նարեկացիի յիշատակի օր։
  • Ֆրանսայի Նիս քաղաքային խորհուրդին որոշումով, քաղաքին մերձակայքը գտնուող «Jardin de l’Arménie»-ի հանրապարտէզը պիտի վերանուանուի ու կրէ Արցախի անունը։